Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեցներու Կաղանդի Աւանդական Ձեռնարկ

Դեկտեմբեր 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

LOKH1_122115LOKH2_122115Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի երկու յանձնախումբերուն, տարեցներու Կաղանդի աւանդական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբերու անդամներուն եւ բարերար Պերճ Կիւլպէնկեանի:

Շուրջ 120 ծերունիներ համախմբուած ու բոլորուած էին սեղաններուն շուրջ` ուրախանալու եւ պատմական օր մը անցընելու Կաղանդ պապուկին ներկայութեամբ:

Տօնածառի գունաւոր լոյսերը, սրահի շքեղ զարդարանքը, սեղաններուն վրայ տեղադրուած մրգեղէնները արդէն կ՛աւետէին մօտալուտ «Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը», որ անհամբեր սպասուած օր մըն է տարեցներու համար:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ձեռնարկին նպատակն էր ուրախացնել եւ Ս. Ծնունդի ու Նոր տարուան ոգին փոխանցել տարեցներուն:

Գեղարուեստական բաժինով հայկական ու ազգային երգերով եւ մեղեդիներով մթնոլորտը ճոխացուցին երիտասարդներ Մինաս Ադամեան` երգով, Արի Վարդանեան` կիթառի նուագակցութեամբ, իսկ Շանթ Պաղտասարեան` ձայնի սարքաւորումի սպասարկութեամբ:

Յանձնախումբէն կարգ մը անդամներ, ծերունիներու ընկերակցութեամբ հայկական շուրջպարով մը խանդավառեցին մթնոլորտը, զուարճացուցին ու ոգեւորեցին ծերունիները:

Այնուհետեւ տարեցներու շարքերէն տաղանդներ յայտնաբերուեցան, ոմանք մեներգեցին հայկական երգեր, ուրիշներ պարեցին հայկական կշռոյթով, իսկ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց ծերունի մը, որ ասմունքեց երկարաշունչ գրական կտոր մը եւ հիացուց ներկաները իր ձայնային ելեւէջներով ու դէմքի արտայայտութիւններով:

Բոլորին խանդավառռւթիւնը գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապուկին գալուստով: Ան ծանրաբեռնուած էր նուէրներու կարմիր տոպրակներով, իր ձեռքին ունէր երկար անուններու ցանկ մը, առատօրէն բաժնեց իր նուէրները, ապա իր հայրենաշունչ խօսքերով, առակներով ու պատմուածքներով զուարճացուց ծերունիները, որոնք իրենց գոհունակութեան արտայայտութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին անոր, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն եւ յատկապէս բարերարին:

Յայտագիրի աւարտին տարեցները առատօրէն եւ աւանդապահօրէն հիւրասիրուելէ ետք, լիացան ուտեստեղէններով եւ նուէրներով, իսկ խոհանոցի յանձնախումբի անդամները` ծերունիներուն օրհնութեամբ:

ԼՕԽ-ի յոյսերն ու երազները թափ կ՛առնեն խաչուհիի կամաւոր աշխատանքով ու տարեցներու օրհնութեամբ:

 

Նախորդը

«Կռունկ» Երգչախումբը Ներկայացուց Սուրբ Ծննդեան Ա. Հայկական Օրաթորիոն Եւ Ինը Ծննդեան Երգեր` Ինը Լեզուներով

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Կաղանդ Պապան Պիտի Ուրախացնէ Մանուկները

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?