Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օրօրիկ» Մանկապատանեկան Խումբ. «Փինոքիոն Եւ Կաղանդ Պապան» Աշակերտական Ներկայացումը Արձանագրեց Մեծ Յաջողութիւն

Դեկտեմբեր 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ororig_122215

Երէկ` երեքշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օրօրիկ» մանկապատանեկան խումբի թատերախումբի «Փինոքիոն եւ Կաղանդ պապան» աշակերտական ներկայացումը` մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, ՀԲԸՄ Կարմիրեան-Նազարեան վարժարանի եւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտներուն:

«Փինոքիոն եւ Կաղանդ պապան» թատրոնին մէջ Փինոքիոն (Կարինէ Ներսէսեան) Բարի պարիկին (Փաթիլ Պալապանեան) կախարդական գաւազանով կը դառնայ Կաղանդ պապային (Եղիկ Աւետիքեան) տղան, որ Կատուին (Յակոբ Թերզեան) պատճառով փորձութեան կ՛ենթարկուի եւ դպրոց երթալու փոխարէն կ՛այցելէ Կրկէս, ուր Կրկէսին ղեկավարը (Նժդեհ Պոտրումեան) մեծապէս կը գնահատէ Փինոքիոյին կարողութիւնները եւ զինք նկատի կ՛առնէ խումբին մէջ: Կրկէսին մէջ  Լէա Պուտաքեան կը կատարէ ճիմնասթիքի ներկայացում մը:

Կատուն խաբէութեամբ կը գողնայ Փինոքիոյին Կրկէսէն շահած գումարը` համոզելով, որ դրամը ծառին տակ պահելով գումարը կը բազմապատկուի: Փինոքիոն տուն վերադարձին կը հանդիպի Բարի պարիկին եւ սուտ կը խօսի` նշելով, որ դպրոց գացած էր, եւ այս պատճառով անոր քիթը կ՛երկարի: Աւարտին Փինոքիոն կը խոստանայ Կաղանդ պապային պատմել իրողութիւնը եւ անգամ մը եւս չկրկնել նոյն սխալները, որպէսզի քիթը վերադառնայ իր բնականոն վիճակին:

Երաժշտախառն թատրոնը ունի հանրակրթական նպատակներ եւ դաստիարակչական պատգամներ: Թատրոնի վերամշակումն ու բեմականացումը իրականացուցած է բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեան, իսկ երաժշտութիւններուն ձեւաւորումը կատարած է Սեդօ Պաղտասարեան:

Ներկայացումին հանդիսատես աշակերտները ծափերով, բանաւոր արտայայտութիւններով եւ երգերով բերին իրենց մասնակցութիւնը` տօնական խանդավառ ու դաստիարակիչ մթնոլորտի մէջ:

«Փինոքիոն եւ Կաղանդ պապան» թատերական ներկայացումը յաւելեալ երկու ելոյթներ պիտի ունենայ ուրբաթ, 25 եւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Յայտնենք, որ թատրոնի հեքիաթասացն է Էլի Թորանեան: Երգերով, պարերով ու այլ դերերով նաեւ ելոյթ կ՛ունենան Կալի Քէօշկերեան, Արտա Ներսէսեան, Նաթէլ Էզաճեան, Նորա Գէորգեան, Գօգօ Թերզեան, Նենսի Փիլաւճեան, Նանօր Ղազարեան, Քարին Թերզեան եւ Սինթիա Մելիտոնեան:

 

 

Նախորդը

Իրանի Նախագահը Յունուարին Պիտի Այցելէ Իտալիա, Վատիկան Եւ Ֆրանսա

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Համերգ` Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի «Ծիծեռնակ» Երգչախումբին Կատարողութեամբ

RelatedPosts

Կարէն ու Ժագլին Մակինեաններ Պարգեւատրուեցան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշաններով
Գաղութային

Կարէն ու Ժագլին Մակինեաններ Պարգեւատրուեցան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշաններով

Յունիս 12, 2025
Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ
Գաղութային

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Յունիս 12, 2025
«Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպութեամբ.  «Ճիշդ Հնչենք» Աշակերտական Մրցում-Յայտագիրը Ունեցաւ 2025-ի Իր Երեք Նոր Մրցանակակիրները
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպութեամբ. «Ճիշդ Հնչենք» Աշակերտական Մրցում-Յայտագիրը Ունեցաւ 2025-ի Իր Երեք Նոր Մրցանակակիրները

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?