Գաղութային

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի 2024-2025 Տարեշրջանի «Ծաղկած Կեանք» Ցուցահանդէսը

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի 2024-2025 Տարեշրջանի «Ծաղկած Կեանք» Ցուցահանդէսը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 8 յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Էսփաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2024-2025 տարեշրջանի «Ծաղկած կեանք» աշակերտական ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգային Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մօտ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ներկայացուցիչ Միրա Եարտըմեան, որ նշեց,  թէ կերպարուեստի դպրոցը կը գործէ 37 տարիէ ի վեր, եւ...

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վերանորոգուած Յարկի Բացման Հանդիսութիւն` Նուիրուած Դրօ Մանտալեանի Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վերանորոգուած Յարկի Բացման Հանդիսութիւն` Նուիրուած Դրօ Մանտալեանի Յիշատակին

Ուրբաթ, 11 յուլիս 2025-ին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը հանդիսաւոր կերպով նշեց իր նստավայրի վերանորոգուած յարկի բացման արարողութիւնը: Յարկը ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ ի յիշատակ Դրօ Մանտալեանի, որուն յուշանկարին դիմաց կատարուեցաւ յարկի բացումը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ծովինար Ժալըֆեան: Մասնաճիւղի ատենապետ Կարօ Պէրպէրեան արտասանեց վարչութեան խօսքը` ընդգծելով, որ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը կը շարունակուի հետեւողական նուիրումով, եւ այսօրուան հանդիսութիւնը վկայ է այդ շարունակականութեան: «Այսօր կը նշենք...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս

Երկուշաբթի, 30 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացաւ Թ. կարգի աշակերտ Կարպիս Քէօսէեանը, որ խօսքը ուղղելով ծնողներուն` շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց անսակարկ նուիրումին, սիրոյն ու գուրգուրանքին, հոգատարութեան եւ յարատեւ նեցուկին: Ան յայտագիրը նուիրեց անոնց` մաղթելով, որ...

Հայր Վահան Օհանեան Այցելեց «Ազդակ»

Հայր Վահան Օհանեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատան այցելուներէն էր Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ հայր Վահան Օհանեան: Հայր Վահան կը զբաղի գիտաուսումնասիրական աշխատանքներով եւ բազմաթիւ հատորներու խմբագիր եւ հեղինակ է: Հայր Օհանեան զեկուցեց Վենետիկի մէջ տարուող գիտահետազօտական եւ  յատկապէս հայագիտութեան ոլորտին վերաբերող եւ հրատարակութեան պատրաստուող աշխատանքներուն մասին: Ան տարբեր առիթներով աշխատակցած է «Ազդակ»-ին եւ հայագիական բնոյթի հրատարակութիւններ նուիրած «Ազդակ»-ի գրադարանին: Այս անգամ «Ազդակ»-ին յանձնեց հայր Վահան...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ուրբաթ, 11 յուլիս 2025-ին նախարարաց խորհուրդին գումարած ժողովին լոյսին տակ կ՛արձանագրէ հետեւեալը. Ա.- Կեդրոնական կոմիտէն իր հիասթափութիւնը կ՛արտայայտէ յայտնի այն պաշտօնատարներէն, որոնց խօսքին չի հետեւիր գործը, եւ իրենց գործողութիւններով կը հաստատեն իրենց մտադրութիւններուն հակառակը: Այս վարքագիծը անյարիր է այն մարդոց, որոնց նկատմամբ լիբանանցիները եւ անոնց հեղինակութիւնները ամէնէն բարձր աստիճանի վստահութիւնը արտայայտեցին: Բ.- Կեդրոնական կոմիտէն իր դժգոհութիւնը...

ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի Ցամաքամասային  Առաջին Բանակումը Ընթացք Առաւ Պասքինթայի Մէջ`  Աւելի Քան 1000 ՀՄԸՄ-ականներու Մասնակցութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի Ցամաքամասային Առաջին Բանակումը Ընթացք Առաւ Պասքինթայի Մէջ` Աւելի Քան 1000 ՀՄԸՄ-ականներու Մասնակցութեամբ

Երեքշաբթի, 15 յուլիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լեռնալիբանանի Պասքինթա գիւղաքաղաքին մէջ ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը` հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, հիւրընկալութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Գահիրէի, Ամմանի եւ Պաղտատի շրջաններէն աւելի քան 1000 սկաուտներու: Բանակումին բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան...

90 ԶՈՄ-ականներ Եւ ԼԵՄ-ականներ Կը Մասնակցին  Համահայկական Բանակումին

90 ԶՈՄ-ականներ Եւ ԼԵՄ-ականներ Կը Մասնակցին Համահայկական Բանակումին

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան աւելի քան 90 անդամներ Հայաստանի մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ Համահայկական բանակումին: ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպած բանակումին կը մասնակցին 16 երկիրներու մէջ գործող 22 երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէ 350 անդամներ: ՀՅԴ ԶՈՄ-ը եւ ԼԵՄ-ը մնայուն, գործօն եւ տիրական ներկայութիւն են համահայկական բոլոր ծրագիրներուն:    

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 26 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան  Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ: Հանդէսը սկսաւ ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձով, զոր ընթերցեցին Լոռի Բակլայեան եւ Սարին Մահտեսեան: Անոնք...

Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ: Քննարկումի նիւթ դարձան Միջին Արեւելքի կացութիւնը, կատարուող իրադարձութիւններն ու զարգացումները: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ կովկասեան շրջանի իրավիճակին, ազրպէյճանական-թրքական դաշինքին եւ Հայաստանի վրայ անոր ազդեցութեան: Դեսպան Ռուտաքով մտահոգութիւն արձանագրեց ներհայաստանեան զարգացումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ճիշդ գնահատումներ կատարել եւ արդէն իսկ...

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 յունիս 2025-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 14 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք, բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի  քայլերգները: Քայլերգներէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի դաստիարակ եւ...

«Շուտով Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Տեղադրուի «Զուարթնոց»-ի Աշակերտներու «Ստեղծագործութիւնը». Հաստատեց Էլիաս Պու Սաապ

«Շուտով Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Տեղադրուի «Զուարթնոց»-ի Աշակերտներու «Ստեղծագործութիւնը». Հաստատեց Էլիաս Պու Սաապ

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Միամեայ Գործունէութեան Ներկայացում Եւ Ամավերջի Հանդէս Հովանաւորութեամբ Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի, 1 յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի ամավերջի հանդէսը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք «Զուարթնոց»-ի աշակերտները արտասանեցին բարի գալուստի խօսքը եւ բեմական պատկերներով ներկայացուցին խոհարարական մասնագիտական...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան

Երեքշաբթի, 27 մայիս 2025-ի առաւօտեան, «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ: Պաշտօնական այս այցելութեան ներկայ էին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վաչէ Նաճարեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Այս առաւօտ, Շաբաթ, 12 Յուլիս 2025-ին, Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի արտաքին գոծոց փոխ նախարար Եանիս Լովէրտոս։ Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլու, դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Վերջին օրերու ընթացքին Լաթաքիոյ շուրջ գտնուած անտառներուն մէջ ծայր տուած հրդեհը այսօր փաստօրէն հասած է Քեսապի մօտակայքը: Հակառակ Սուրիոյ պետութեան գերագոյն ջանքերուն, ցարդ կարելի չէ եղած հրդեհը մարել: Անտառային շրջաններուն մէջ սկսած փոթորիկը պատճառ դարձած է, որ հրդեհը առաւել եւս բորբոքի: Այսօր նոր ծաւալ ստացած է հրդեհը, եւ անմիջական վտանգի տակ կը գտնուի Քեսապի առաջին գիւղը` Տիւզաղաճը: Յայտնենք, որ վեհափառ...

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 11 յուլիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30- ին «Օթել Տէօ» հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ազունիէի Ազգային բուժարան եւ «Օթել Տէօ» հիւանդանոցի միջեւ գործակցութեան եւ մասնագիտացման համաձայնագիրի ստորագրութիւնը` ներկայութեամբ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ներկայացուցիչ` վեր. Հրայր Չոլաքեանի եւ վեր. Սելիմ Սապունճիի, Տաճատ եպս. Աշըգեանի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար...

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Չորեքշաբթի, 28 մայիս 2025-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու 2024-2025 տարեշրջանի 88 աւարտականներ ստացան իրենց վկայականները տօնական հանդէսի մը ընթացքին` հովանաւորութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթերեանի: Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, եւ յետ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներու ունկնդրութեան, բացման խօսքը արտասանեցին շրջանաւարտներ Սէրլի Մուղալեան եւ Փերլա Ժաուհարժի, որմէ ետք խօսք...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, ուրբաթ, 4 յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Զալքայի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի կիսանդրիի բացումը: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան, որ նշեց, թէ նման նախաձեռնութիւն մը ոչ միայն կը միտի փառաբանել պանծալի հայորդի ու մեծ ֆետայի Գարեգին Նժդեհին, այլ նաեւ առիթ է նոր սերունդներուն մէջ վառ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց  Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմի այցելութիւնը, երկուշաբթի, 7 յուլիս 2025-ին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութեան, իր զանազան երեսներով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ` նկատի ունենալով, որ դեսպանին դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատուութեան մաս կը կազմէ նաեւ Սուրիան: Դեսպան ՄըքՔալըմ վեհափառ հայրապետին յայտնեց, որ մօտ ապագային պիտի վերադառնայ Քանատա` արտաքին գործոց...

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտականներու Հանդէս Հունձք` 2025

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտականներու Հանդէս Հունձք` 2025

27 մայիս 2025-ին  Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի աւարտականներու հանդէսը: Երաժշտութեան եւ ծափողջոյններու ընկերակցութեամբ, սրահ մուտք գործեցին 30 աւարտականներ, ապա հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի քայլերգները: Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով աւարտականներու եւ տնօրէնութեան անունով, բարի գալուստի խօսք արտասանեցին Քրիսթել Մաքասճեան եւ Քրիսթել Նահապետեան, անմիջապէս...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2024-2025 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յունիսի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակէն ներս` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Հանդէսը սկսաւ յոտնկայս ունկնդրութեամբ Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն, որուն յաջորդեց դաշնակի վրայ նուագ` կատարողութեամբ Քրիստ Դարբինեանի: Յայտագիրը շարունակուեցաւ շրջանաւարտ դասարանի աղջիկներու կողմէ գեղեցիկ կերպով մեկնաբանուած հայկական նազպարով մը: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ...

Page 32 of 364 1 … 31 32 33 … 364

Արխիւներ