Վերջին օրերու ընթացքին Լաթաքիոյ շուրջ գտնուած անտառներուն մէջ ծայր տուած հրդեհը այսօր փաստօրէն հասած է Քեսապի մօտակայքը: Հակառակ Սուրիոյ պետութեան գերագոյն ջանքերուն, ցարդ կարելի չէ եղած հրդեհը մարել: Անտառային շրջաններուն մէջ սկսած փոթորիկը պատճառ դարձած է, որ հրդեհը առաւել եւս բորբոքի: Այսօր նոր ծաւալ ստացած է հրդեհը, եւ անմիջական վտանգի տակ կը գտնուի Քեսապի առաջին գիւղը` Տիւզաղաճը:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ է: