ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ:
Քննարկումի նիւթ դարձան Միջին Արեւելքի կացութիւնը, կատարուող իրադարձութիւններն ու զարգացումները:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ կովկասեան շրջանի իրավիճակին, ազրպէյճանական-թրքական դաշինքին եւ Հայաստանի վրայ անոր ազդեցութեան:
Դեսպան Ռուտաքով մտահոգութիւն արձանագրեց ներհայաստանեան զարգացումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ճիշդ գնահատումներ կատարել եւ արդէն իսկ վտանգներու դէմ յանդիման եղող երկիրը նոր տագնապներու մէջ չներքաշել: