Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2024-2025 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յունիսի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակէն ներս` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:
Հանդէսը սկսաւ յոտնկայս ունկնդրութեամբ Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն, որուն յաջորդեց դաշնակի վրայ նուագ` կատարողութեամբ Քրիստ Դարբինեանի: Յայտագիրը շարունակուեցաւ շրջանաւարտ դասարանի աղջիկներու կողմէ գեղեցիկ կերպով մեկնաբանուած հայկական նազպարով մը: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` շրջանաւարտներու դպրոցական կեանքէն` մանկապարտէզի առաջին տարիներէն մինչեւ ԺԲ. դասարանի դպրոցական վերջին զանգը:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք, ներկաներու ծափողջոյններուն ներքեւ, հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին շրջանաւարտները եւ իրենց տեղերը գրաւեցին բեմին վրայ:
Շրջանաւարտներուն ողջերթի խօսք ուղղեցին ԺԱ. դասարանէն Նաթալի Այանեան եւ Սելին Գայսէլ, որոնք խօսեցան այս դասընկերներուն հետ իրենց ունեցած կապերուն եւ յիշատակներուն մասին: Յաջողութիւն մաղթեցին անոնց` շեշտելով, թէ ո՛ւր ալ երթան, պէտք չէ մոռնան իրենց հարազատ տունը` Ե. Մանուկեան քոլեճը: Ապա շրջանաւարտներուն կողմէ արտասանուեցան արաբերէն (Քրիստ Դարբինեան), անգլերէն (Յակոբ Ստեփանեան) եւ հայերէն (Յակոբ Սարգիսեան) ուղերձները: Բոլորն ալ խօսեցան իրենց ուրախութեան, յուզումին, յիշատակներուն, չարաճճիութիւններուն, կերտուած ընկերութիւններուն եւ հաճելի պահերուն մասին: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն, որոնք ուսումի եւ գիտելիքի կողքին, զիրենք դաստիարակեցին իբրեւ գիտակից հայ երիտասարդներ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ իրենց ծնողներուն, որոնք զիրենք քաջալերելով եւ թիկունք կանգնելով` այսօր կը քաղեն իրենց յոգնութեան պտուղը:
Շրջանաւարտներու եւ ներկաներուն օրուան պատգամը յղեց Ե. Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտ դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան- Խիւտավէրտեան, որ իր խօսքը սկսաւ` նշելով, որ հպարտալի եւ պատուաբեր պարտականութեամբ մը կը գտնուի հոն. խօսքը ուղղելով ներկաներուն` ան ըսաւ. «Այսօրուան շրջանաւարտներուն, այս հանդէսին ներկաներէն կարեւոր թիւի մը, ի՛մ եւ մե՛ր դպրոցին 40-ամեակն է: Կ՛ըսեմ` մեր դպրոցին, որովհետեւ այս դպրոցը նաեւ ձերն է, սիրելի ներկաներ, նոյնիսկ եթէ անոր անմիջական կառոյցին անդամները չէք եղած, որովհետեւ տարիներու ընթացքին եթէ հետեւած էք մեր ազգային կեանքին եւ անոր ընդմէջէն այս դպրոցին իրագործումներուն, պիտի տեսնէք, որ անոնք նաեւ ձերն են եւ անոնք այս գաղութին կեանքին կը պատկանին»: Խիւտավէրտեան շեշտեց, որ այս դպրոցէն ներս իրական ներկայութիւն եղած, հաւաքական հպարտութիւն առթող յաջողութիւնները, ազգային դիմագիծին նպաստող գործօնները, անհատին յաջողութիւնը եւ ընկերութեան յառաջդիմութիւնը կերտող բաղադրիչները բոլորիս սեփականութիւնն են. «Իսկ անոր փայլուն օրերը եւ դժուար հանգրուանները բնականօրէն նաեւ բոլորիս առնչուող եւ պարտաւորեցնող իրականութիւն են», աւելցուց ան: Խիւտավէրտեան խօսեցաւ կրթական հաստատութեան մը առաքելութեան առանցքը կազմող ուսուցանել-սորվիլ գործընթացին մասին` դիտել տալով որ անիկա կազմակերպուած համակարգ մըն է, որ կ՛անցնի երեք փուլերէ` ծրագրաւորում, կիրարկում եւ արժեւորում: «Այս վարժարանին առաջին փուլը իրականացաւ քառասուն տարի առաջ` լաւագոյնին ձգտելու ազնիւ առաջադրանքով: Կիրարկոււմը իրականացաւ անխոնջ աշխատանքի հաւատացող իրերայաջորդ տնօրէններու կողմէ, որոնք տուին իրենց առաւելագոյնը», շարունակեց ան: Ապա ան գնահատեց տարիներու վրայ ծառայած հարիւրաւոր ուսուցիչները, որոնք ամէն դժուարութիւն դիմագրաւեցին: «Կրթութիւն-դաստիարակութիւն-ուսում եռեակը ընկերութեան եւ անհատին յառաջդիմութեան, առողջութեան եւ երջանկութեան կարեւորագոյն երաշխիքն է, եւ այս իմաստով դպրոցէս ստացածներուս դիմաց` ցկեանս երախտապարտ եմ եւ անչափ շնորհակալ», աւելցուց Խիւտավէրտեան:
Քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունի խօսք առնելով` ամփոփ զեկուցում մը տուաւ անցնող տարեշրջանին մասին, որ համեմատաբար բնականոն ընթացաւ եւ հասաւ իր բարւոք աւարտին: Ան զեկուցեց վարժարանէն ներս գոյութիւն ունեցող կրթական-ակադեմական բաժանումներուն, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի մէջ բարեզարդման եւ նորութիւններուն հետ քայլ պահելու ծրագիրներու մասին, որոնք կ՛իրականանան Օսի Քեսմէեանի ազնիւ բարերարութեամբ: Բագրատունի նշեց նաեւ, որ քոլեճի կալա-ընթրիքին, որ նուիրուած էր վարժարանի 40-ամեակին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 30-ամեակին, վեհափառ հայրը պատուեց քոլեճը իր ներկայութեամբ եւ բարձրաձայնեց իր զօրակցութիւնը այս վարժարանին:
Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Ա. Բագրատունի ըսաւ. «Ձեր պատրաստած տեսերիզը ցոյց տուաւ ձեր անսահման սէրը այս քոլեճին հանդէպ. հոն փորձած էիք ամփոփել ձեր ուսումնական տասնհինգ տարիները: Սիրելինե՛ր, մեզի համար ալ դժուար է բաժնուիլ ձեզմէ, բայց ասիկա կեանքի օրէնքն է, եւ մենք պէտք է ձեզի ուրախ եւ հեզասահ ապագայ մը մաղթենք եւ յիշեցնենք, որ պէտք չէ մոռնալ այն բոլորը, զորս առիք այս քոլեճէն եւ օր մը ձեր զաւակներուն ձեռքը բռնած` վերադառնաք հոս»: Բագրատունի խօսքը աւարտեց` շնորհաւորելով աշակերտները, որոնք շուտով պիտի կոչուին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտներ:
Հանդէսի վերջին բաժինով աշակերտները ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր, որ աւարտին իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն` նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կրթական այս տարեշրջանը բարիով աւարտած է, հակառակ անոր որ վերամուտը երկրին մէջ տիրող տագնապալի պայմաններով ազդուած էր: Սրբազանը շնորհաւորեց շրջանաւարտները, որոնք տասնհինգ տարուան իրենց աշխատանքին արդիւնքը քաղեցին այս հանդէսով` մաղթելով, որ ապագային անոնք նուաճեն բարձրագոյն գագաթները, բայց միշտ վերադառնան հայ դպրոցին եւ հայութեան:
2024-2025 տարեշրջանի շրջանաւարտներ.-
Ընդհանուր գիտութիւններ.- Գէորգ Ֆըսթըգճեան, Մարք Չագըրեան, Յակոբ Ստեփանեան, Յակոբ Սարգիսեան:
Կենսաբանագիտութիւն.- Լոռի Պզտիկեան, Կարին Մանճիկեան, Քրիստ Դարբինեան:
Ընկերա-տնտեսագիտութիւն.- Անթոնի Սոլագեան, Արինա Կիւլեան, Ճոն Քէլէշեան, Մեղեդի Յովհաննէսեան, Յակոբ-Արա Հաճիմանուկեան, Նաթէլ Հաւաթեան, Ռայըն Հարմանտայեան, Բելլա Գազանճեան, Սէրլի Մարկոսեան, Վարագ Գույումճեան, Քրիստ Ատուրեան:
Օտար ծրագիր.- Մարիլին Ուաննէս, Միքայէլ Արթուն, Սելին Եղիայեան, Փաթիլ Զգուշեան, Արման Կապոնեան, Սերենա Չիլինկիրեան, Փաթիլ Ունճեան: