Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

July 12, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս առաւօտ, Շաբաթ, 12 Յուլիս 2025-ին, Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի արտաքին գոծոց փոխ նախարար Եանիս Լովէրտոս։ Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլու, դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան։

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Յունաստանի ու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ հետ յարաբերութեանց առնչուած հարցեր, որոնց գծով փոխ նախարարը պարզեց Յունաստանի տեսակէտները, միշտ շեշտելով քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ Յունաստանի յատուկ զօրակցութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, գնահատելով Յունաստանի պետութեան հետզհետէ նոր ծաւալ ստացող գործակցութիւնը միջին արեւելեան երկիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ անոր զօրակցութիւնը յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն, շեշտեց շրջանէն ներս քրիստոնէութեան ամուր ու կազմակերպ պահպանման կենսական կարեւորութիւնը՝ կրօնական, քաղաքական ու մշակութային առումով մասնաւորաբար։

Յայտնենք, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ամիս առաջ Յունաստան կատարած իր հովուապետական ու պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած էր վարչապետին, Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։

 

Նախորդը

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յաջորդը

Երրորդ Համաշխարհայինի Շեմին. Ո՞ւր Ենք Մենք` Որպէս Հայ Ժողովուրդ, Եւ Ի՞նչ Կը Բանինք

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.