Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի 2024-2025 Տարեշրջանի «Ծաղկած Կեանք» Ցուցահանդէսը

July 18, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 8 յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Էսփաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2024-2025 տարեշրջանի «Ծաղկած կեանք» աշակերտական ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգային Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մօտ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ներկայացուցիչ Միրա Եարտըմեան, որ նշեց,  թէ կերպարուեստի դպրոցը կը գործէ 37 տարիէ ի վեր, եւ որ` մինչեւ օրս տուած է մեծ թիւով արուեստագէտներ, որոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ հասարակութեան մէջ կամ այլուր: Ան աւելցուց, որ դպրոցը ունի իր ակադեմական ծրագիրը` տարիքային փուլերով եւ արհեստավարժ ուսուցիչներով, եւ կը գործէ Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիային եւ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, ի մասնաւորի` 12-րդ դասարանի աշակերտներուն ծրագիրներու եւ աշխատանքներու առնչութեամբ:

Եարտըմեան յայտնեց, որ այս հանդիսութիւնը դպրոցի 52 աշակերտներու ամբողջ տարուան մը աշխատանքի արդիւնքն է, եւ ցուցադրուած են 113 ստեղծագործութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն աշակերտներուն անսահման տաղանդն ու հմտութիւնը: Ցուցահանդէսին նաեւ ներկայացուած են աւարտական դասարանի երկու աշակերտներուն աւարտական թեզերը: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, դպրոցներու կրթական եւ վարչական տնօրէններուն, «Թորոս Ռոսլին»-ի վարիչ-պատասխանատուին, ուսուցիչներուն, համագործակցող արուեստագէտներուն, յատկապէս` վաստակաշատ արուեստագէտ Միսաք Թերզեանին, թեքնիք յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են դպրոցի գործունէութեան յաջողութեան:

Ապա խօսք առաւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ յայտնեց, թէ անցնող տարիներու ընթացքին «Թ. Ռոսլին»-ի աշակերտները` որպէս փոքր եւ ներուժով լեցուած սերմեր, սնունդ ստացած են այնպիսի միջավայրի մը մէջ, որ քաջալեր հանդիսացած է աճելու, բացայայտուելու եւ ազատօրէն արտայայտելու իրենց իւրայատկութիւնները: Ան ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը դիմագրաւած է մարտահրաւէրներ, անցած է դժուարութիւններէ,  սակայն ծաղկած էք` վերածուելով ձեւերու եւ գոյներու ցուցադրութեան»:

«Թորոս Ռոսլին»-ի մէջ աշակերտները ոչ միայն կը սորվին մասնագիտական-արհեստագիտական հմտութիւններ, այլ կ՛ունենան ինքնաճանաչողութիւն եւ դիմացկունութիւն» աւելցուց Թերզեան: Ան նշեց, որ ծաղիկները մէկ գիշերուան ընթացքին չեն երեւիր, այլ կը պահանջեն ժամանակ, համբերութիւն եւ խնամք: Միսաք Թերզեան հաստատեց, որ որեւէ աւարտ կը բերէ նոր սկիզբ, եւ մեր շրջանաւարտ աշակերտները ունին հմտութիւնները ձեւաւորելու ապագան եւ ազդելու արուեստի աշխարհին վրայ` հետեւելով ձգտումներուն` վայելելով կեանքի ու արուեստի գեղեցիկ համադրումը:

Հաւաքի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ մեծապէս գնահատեց Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի բեղուն աշխատանքները:

Աւարտին աշակերտները կտաւներ նուիրեցին Կամիլա Քէշիշեանին եւ Արմիկ Այնթապլեանին` առ ի գնահատանք անոնց ներդրած ջանքերուն:

Ուսուցիչները եւս իրենց գործերով մասնակցեցան ցուցահանդէսին:

Նախորդը

Հայրենասիրութեան Անվիճելի Հաւաստիքը. ՀՅԴ ԶՈՄ-ը Եւ ԼԵՄ-ը` Համահայկական 12-րդ Բանակումին Առաջնագծին

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Եոնաս Ապրահամսըն Շահեցաւ 11-րդ Հանգրուանը. Փոկաչար Արկած Ունեցաւ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.