Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Յուլիս 16, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 26 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան  Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ:

Հանդէսը սկսաւ ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձով, զոր ընթերցեցին Լոռի Բակլայեան եւ Սարին Մահտեսեան: Անոնք իրենց խօսքը աւարտեցին` ըսելով. «Ձեր դասընկերոջ` Նժդեհին բառերով, «Կեանքը լա՛ւ ուսումնասիրեցէք»: Միաժամանակ ցուցադրուեցաւ աւարտական դասարանի պատրաստած` «Մեր Նժդեհին» տեսերիզը, նուիրուած` իրենց վաղամեռիկ դասընկերոջ` Նժդեհ Մերտխանեանի: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ աւարտական դասարանի խումբ մը աշակերտներու «Չքնաղ երազ» նուագով (Լորի Յովսէփեան, Հրակ Գէորգեան, Սերօ Փանոսեան, Վահագն Հաշէօլեան, Վրէժ Սարգիսեան, Քրիսթոֆ Մաքտեսեան), ապա աւարտական դասարանի աշակերտները խնդրեցին իրենց ծնողներէն ոտքի կանգնիլ, եւ իւրաքանչիւրը ծաղիկներ նուիրեց իր ծնողքին: Այնուհետեւ Ժուլիանա Թրթռեան, Արեգ Ժերդիտեան, Բարտի Արսլանեան, Լոռի Աւետիս, Լորի Յովսէփեան, Հրակ Գէորգեան, Նարօտ Կիւրիւնլեան, Վահագն Հաշէօլեան եւ Քրիսթոֆ Մաքտեսեան տպաւորիչ ոճով ասմունքեցին Շ. Նարդունիի «Հայաստան ամէն բանէ վեր» գրութիւնը:

Ճեմարանի «95-ամեակ»-ի տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք Կարէն Սեւակի «Տօնական» պարով հանդէս եկան` Գարինա Վասիլեան, Գարոլինա Մարգարեան, Գլէա Արապաղեան, Թամարա Աբիկեան, Ժուլիանա Թրթռեան, Լոռի Աւետիս, Լորի Յովսէփեան, Նարօտ Կիւրիւնլեան եւ Կարէն-Արէն Հանէշեան (մենակատար):

Այնուհետեւ Հրակ Գէորգեան ընթերցեց աւարտական դասարանի ուղերձը: Ան ըսաւ. «Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր Ճեմարան»: Այս տողը մեր դպրոցին քայլերգին առաջին տողն է, եւ մենք երբ փոքր էինք, շատ չէինք հասկնար այդ «ուխտավայր»-ի գաղափարը: Մեզի համար դպրոցը այն տեղն էր, ուր կային մերր դասընկերները, եւ ուր կը սորվեցնէին մեր դասերը ուսուցիչներ, որոնք հպարտ աչքերով կը դիտէին մեր մեծնալը, սակայն… Մանկութիւնը թռչուն մըն է` թելով կապուած մեր սրտերէն, եւ այդ թելը կտրուելով` ի վերջոյ կը դառնայ անվերադարձ թռչուն մը, եւ այսպէս օրերը կը հոսին գետի պէս, իսկ մենք մեծնալով` կամաց-կամաց կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ ուխտավայր է, թէ` ինչո՛ւ շրջանաւարտներ Ճեմարանը կը կոչեն իրենց երկրորդ տունը: Այս դռներէն ներս, փոքր տարիքէն իսկ, Ճեմարանը մեր մէջ դրոշմեց հայոց լեզուի հանդէպ սէրը, սորվեցուց պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը եւ մեր մէջ արթնցուց հայրենիքի սէրն ու կարեւորութիւնը…»: Ան աւարտեց իր խօսքը` ըսելով. «Այն դաստիարակութիւնը, որ ես ստացած եմ Ճեմարանէն ներս, հայու մը համար ամենակարեւոր բանն է, մանաւա՛նդ` արժէքաւոր ուսուցիչներով, որոնք ժպիտով մեզ ընդունեցին եւ հպարտութեամբ մեզ կ՛ուղղեն դէպի համալսարանական կեանք: Ինքզինքս հպարտ կը զգամ ճեմարանական ըլլալով, թէեւ տխուր դէմքով, սակայն լեցուն միտքով եւ բարձր գլուխով պիտի աւարտեմ: Հիմա հասկցած եմ իմաստը… ուխտավայրին»: Ապա ցուցադրուեցաւ աւարտական դասարանի տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր աշակերտներուն առօրեայէն պատկերներ եւ մտերմիկ պահեր: «Ես քո Արցախն եմ, դու իմ Հայաստանը» խմբերգով հանդէս եկան աւարտական դասարանի աշակերտները` մենակատարութեամբ Լոռի Աւետիսի եւ Կասիա Դանիէլեանի: Ապա «Ղափամա» նուագով փակուեցաւ հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը. Ժուլիանա Թրթռեան արժանացաւ «Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» մրցանակին: Վրէժ Սարգիսեան արժանացաւ աւարտական դասարանի ուսողութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակին: Աւարտական դասարանի ընկերաբանութեան-տնտեսագիտութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացաւ Սերօ Փանոսեան: Աւարտական դասարաններու հայերէնի լաւագոյն աշխատանքի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակին արժանացաւ Ժուլիանա Թրթռեան: Աւարտական դասարանի անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Անթուան Քեհեայեանի` «Սըր»-ի յիշատակի մրցանակը ստացաւ Կասիա Դանիէլեան: Գերազանց արդիւնք ապահովողի ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Լորի Յովսէփեան եւ Հրակ Գէորգեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի (երիտասարդական հաւաք) մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Լորի Յովսէփեան: ԺԲ. դասարանի «Ջահակիր»-ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութիւն բերած աշակերտի մրցանակին արժանացան Լոռի Աւետիս եւ Լորի Յովսէփեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ ընկերասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Կարէն-Արէն Հանէշեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր եւ հոգատար աշակերտի «Սերոբ Աֆարեան» մրցանակը ստացաւ Գլէա Արապաղեան: ԺԲ. դասարանի յարատեւող աշակերտի «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակին արժանացաւ Ալեակ Գալայճեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսէրէճեան» մրցանակը ստացաւ Հրակ Գէորգեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացան Լորի Յովսէփեան, Կարէն-Արէն Հանէշեան եւ Քրիսթոֆ Մաքտեսեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան` Հրակ Գէորգեան եւ Քրիսթոֆ Մաքտեսեան, Գլէա Արապաղեան եւ Նարօտ Կիւրիւնլեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակին արժանացաւ Աննա Կիւրիւնլեան: Միջնակարգի գիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Կարպիս Մելքոնեան» մրցանակը ստացաւ Աննա Կիւրիւնլեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակը ստացան Սերա Հայեան եւ Վանայ Հաճի Մանուկեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան»  մրցանակին արժանացաւ Մարի Լին Ժաքմաքեան: Ժ. դասարանի հայերէնագիտական նիւթերու շատ լաւ աշխատանքի եւ միութենական կեանքի մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ու ներդրում ունեցողի «Նժդեհ Մերտխանեան» մրցանակը ստացաւ Մեղրի Գասապեան: Ժ. դասարանի ուսումնասիրական եւ շարադրական լաւագոյն աշխատանքի «Զարուհի Գունտաքճեան – Գայայեան» մրցանակին արժանացաւ Արմէն Մխճեան:

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին Փաուլա Եղիայեան յայտարարեց, որ յիշեալ մրցանակներէն բացի` «Գույումճեան» մրցանակէն բաժին մը իբրեւ շնորհաւորական նուէր պիտի յատկացուի այս սերունդի իւրաքանչիւր շրջանաւարտի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս մրցանակները յատկացնող Ճեմարանի բոլոր բարեկամներուն եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողներն ու ուսուցիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, ապա արտասանեց տնօրէնութեան խօսքը:

Ան ըսաւ. «Մեծ հպարտութեամբ այսօր խօսքս կ՛արտասանեմ Հայ Ճեմարանի 95-ամեակին նուիրուած եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 2024-2025 տարեշրջանի աւարտական դասարանի աշակերտներու վկայականներու բաշխման այս հանդիսութեան: Ճեմարանը 95 տարեկան է: 95 տարիներէ ի վեր Ճեմարանը բարձր ու բոցավառ կը պահէ իր յատկանշական ջահը. այն ջահը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ կը ներկայացնէ Շանթի եւ Աղբալեանի լուսաւոր տեսլականը, որուն ջահակիրներն ենք մենք այսօր: Թէեւ գիտենք, որ օրէ օր մենք կը գտնուինք նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց, գիտենք նաեւ, որ այսօր չկան հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալներ, Ճեմարանի հիմնադիրներ` Շանթն ու Աղբալեանը, սակայն կան ու պիտի մնան անոնց կտակը, անոնց գաղափարն ու իտէալը, կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի անոնց սկսած սրբազան առաքելութիւնը, եւ մարդակերտման ու հայակերտման դարբնոց Հայ Ճեմարանէն պիտի շարունակեն ծնունդ առնել հայ ուսուցիչներ ու կրթական մշակներ, հայ ազգային գործիչներ եւ այլազան մասնագէտներ, բայց ամենակարեւորը` մարդկային արժէքներն ու հայ ինքնութիւնը գերադասող անհատներ»: Անդրադառնալով անցնող տարեշրջանին` տնօրէնուհին շարունակեց. «2024-2025 տարեշրջանը սկսաւ երկրի պատերազմական մթնոլորտին մէջ եւ հասաւ իր աւարտին կրկին շրջանային անկայուն իրավիճակի օրերուն. դժուարութիւնները շատ էին, մտահոգութիւնները` անպակաս, արտաքին պայմանները` յաճախ տակնուվրայ, բայց հակառակ այս բոլորին` դպրոցական աշխատանքները ընթացան շատ լաւ ձեւով, եւ յաջորդաբար երկրորդ տարեշրջանն է, որուն ընթացքին Ճեմարանն ու իր մանկամսուրը ոչ միայն կը պահեն իրենց աշակերտութեան թիւը, այլեւ կ՛արձանագրեն թիւի աճ»: Ան աւելցուց, որ դպրոցական ընթացիկ բոլոր աշխատանքներէն բացի` այս տարեշրջանին Ճեմարանի մէջ սկիզբ առաւ հանրային ծառայութեան յատուկ ծրագիր մը, եւ տարուան ընթացքին աշակերտները ամբողջացուցին իրենց ծառայութիւնները նուազագոյնը երկու հաստատութիւններու մէջ. իսկ այս ամառ ընթացք կ՛առնէ դարձեալ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն համար ամառնային մասնագիտական վարժողական աշխատանք` իրենց ընտրած մասնագիտութիւններուն մէջ: Անդրադառնալով Ճեմարանի կրթական նոր իրագործումին` Փ. Եղիայեան ըսաւ. «Այսօր կու գանք յայտարարելու 2025-2026 տարեշրջանին Ճեմարանի միջնակարգ բաժինի մեր նորութիւնը. միջնակարգ բաժինի մէջ այսուհետեւ օտար ծրագիրի հետեւող մեր աշակերտները պիտի ներկայանան ֆրանսական պըրըվէին, որուն պատրաստութեան առնչուած ուսուցչական կազմը արդէն իսկ նախորդ շաբաթներուն մասնակցեցաւ համապատասխան վերաորակաւորման աշխատանոցներու»: Մարզական գետնի վրայ ան ըսաւ, որ Ճեմարանը անգամ մը եւս, շնորհիւ իր խոստմնալից մարզիկներուն, պահեց ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՎԱՀԱՆ-ը: Անդրադառնալով շինարարական աշխատանքներուն եւ Ճեմարանի  95-ամեակի ձեռնարկներուն` տնօրէնուհին ըսաւ. «Այս տարեշրջանին իրագործուեցան նաեւ Ճեմարանէն ներս շինարարական, բարեկարգման եւ բարեզարդման շարք մը ծրագիրներ, որոնց ներկայացման համար տեղի ունեցաւ յատուկ ԲԱՑ ԴՌՆԵՐ ձեռնարկը, որպէս մեկնարկ` Ճեմարանի 95-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք այլ ձեռնարկներու: Կազմակերպուեցաւ նաեւ 95-ամեակին տարբերանիշի պատրաստութեան մրցոյթ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին խումբ մը շրջանաւարտներ եւ արցախահայ բարեկամներ. մրցոյթի աւարտին ընտրուեցաւ 2011-ի շրջանաւարտ Մեղրի Շամմասեանի եւ 2022-ի  շրջանաւարտ Փաթիլ Զարմէնեանի պատրաստած տարբերանիշը: Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր մասնակիցները»:

95-ամեակի հունձքին մասին Փաուլա Եղիայեան ըսաւ, որ 24 շրջանաւարտները այսպիսով կը միանան աշխարհասփիւռ ճեմարանաւարտներու փաղանգին եւ նախորդ սերունդներուն նման կը խոստանան հպարտօրէն բարձր պահել Ճեմարանի ջահը: «Այս հունձքը հաստատ քայլերով հասաւ այսօր աւարտական բեմ. այս հաստատուն սերունդը ապրեցաւ իր շատ յիշատակելի ուրախ պահերը Ճեմարանի յարկին տակ, բայց նաեւ ապրեցաւ ցաւը` մատղաշ հասակին իրենց դասընկերոջ` Նժդեհի մահը` մարտ 2023-ին: Նժդեհին յիշատակը յաւերժ անմար պիտի մնայ իր դասընկերներուն եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին մօտ», հաստատեց ան: Ապա տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ Ճեմարանի նեցուկ կանգնած մեծաթիւ ճեմարանականներուն ու բարեկամներուն, ըլլան անոնք անհատներ, միութիւններ կամ հիմնարկութիւններ, ըլլան անոնք Լիբանանի մէջ կամ Լիբանանէն դուրս: Ան յատուկ երախտագիտական խօսք ուղղեց Ճեմարանի ուսուցչական եւ վարչական անձնակազմին, որ իր ժրաջան եւ միակամ աշխատանքով ու  նուիրուածութեամբ ոչ միայն պահեց Ճեմարանի ինքնութիւնն ու դիրքը, այլեւ արձանագրեց նորանոր նուաճումներ, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց զաւակները Ճեմարանին վստահած  ընտանիքներուն:

Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` Փ.  Եղիայեան ըսաւ, որ կեանքի նոր փուլին շատ յաճախ ամէն բան ալ շատ դիւրին պիտի չընթանայ, պիտի ըլլան արգելքներ, խոչընդոտներ, դժուարութիւններ, նաեւ` ձախողութիւններ, սակայն ինք կը հաւատայ, թէ անոնք չընկրկին, պիտի մնան ոտքի, կանգուն ու տոկուն:

«Թող այս վկայականը ըլլայ ձեր ապագայ ձեռքբերումներուն մեկնակէտը: Եւ այդ յաջողութիւններուն հասնելու համար, գիտցէք, թէ աճապարել կարելի չէ. աստիճանները պիտի բարձրանաք մէկ առ մէկ, այլ ձեւ չկայ. բարձրագոյն ուսում, մասնագիտութիւն, ասպարէզի ընտրութիւն, ապա` նորանոր պատասխանատուութիւններ:

Ճեմարանի մէջ սորվեցաք լեզուներ ու զինուեցաք գիտելիքներով եւ հմտութիւններով, Ճեմարանի մէջ սորվեցաք ըլլալ լայնախոհ ու ինքնավստահ, շրջահայեաց ու արդարամիտ, Ճեմարանի մէջ սորվեցաք ըլլալ տէրն ու պաշտպանը հայ լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, նոյն այս սկզբունքներով շարունակեցէք ձեր երթը», յանձնարարեց տնօրէնը` կոչ ուղղելով, որ շրջանաւարտները իրենց հոգիները լի պահեն ազնուութեամբ, պարկեշտութեամբ, ծառայասիրութեամբ եւ ընկերասիրութեամբ, իսկ իբրեւ կեանքի նշանաբան` որդեգրեն աշխատասիրութիւնը: «Հեռո՛ւ մնացէք փառասէրէն եւ փառասիրութենէն, նիւթապաշտէն ու նիւթապաշտութենէն, մերժեցէք ցուցամոլը եւ ցուցամոլութիւնը, կողմնակալն ու կողմնակալութիւնը, մերժեցէք կեղծիքն ու սուտը: Եղէք երախտապարտ եւ գիտցէք արժէքը կեանքի ընձեռած իւրաքանչիւր ուրախութեան, թող ժպիտը ըլլայ միշտ ձեր դէմքերուն վրայ:

Հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը, հայ լեզուն, Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, հայկական աւանդութիւններն ու մեր երազած Հայաստանը թող ըլլան ամէն բանէ վեր, այնպէս` ինչպէս մեզի ներկայացուցիք քիչ առաջ: Եղէք Գիւմրին, Երեւանը, Շուշին ու Արարատը, եղէք Արցախն ու Հայաստանը, այնպէս` ինչպէս մեզի ներկայացուցիք քիչ առաջ: Եւ մանաւանդ եղէք «Մեր բոլորին ուխտավայր Հայ Ճեմարան»-ի հպարտ շրջանաւարտները եւ միշտ ու միշտ ձգտեցէք  լաւագոյնին: Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն,  յաջողութիւն, բարի երթ ու կանաչ ճանապարհ», իր խօսքը եզրափակեց ան:

Իր խօսքէն ետք Փաուլա Եղիայեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին:

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան. Արապաղեան Գլէա, Աւետիս Լոռի, Աբիկեան Թամարա, Արսլանեան Բարտի, Գալայճեան Ալեակ, Գէորգեան Հրակ, Դանիէլեան Կասիա, Թրթռեան Ժուլիանա, Ժերդիտեան Արեգ, Կիւրիւնլեան Նարօտ, Հանէշեան Կարէն-Արէն, Հաշէօլեան Վահագն, Մաքտեսեան Քրիսթոֆ, Մարգարեան Գարոլինա, Մենզոյեան Մեղրի, Մումճեան Եարա, Յակոբեան Ժան-Ժագ, Յովսէփեան Լորի, Պապիկեան Լոռի, Ջուլհաճեան Սէրլի, Սարգիսեան Վրէժ, Վասիլեան Գարինա, Տեմիրճեան Քրիսթել եւ Փանոսեան Սերօ:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Յեղափոխութիւնը Դէմ Է Կոյր Ահաբեկչութեան

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?