«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի
Միամեայ Գործունէութեան Ներկայացում Եւ Ամավերջի Հանդէս
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի, 1 յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի ամավերջի հանդէսը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք «Զուարթնոց»-ի աշակերտները արտասանեցին բարի գալուստի խօսքը եւ բեմական պատկերներով ներկայացուցին խոհարարական մասնագիտական վարժողական ծրագիրը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ աշխատանքներու մասին առաջին տեսերիզը, որուն ցուցադրութենէն ետք աշակերտները պարեցին «Ղափամա»-ն: Երկրորդ բաժինը յատկացուած էր վարսայարդարման մասնագիտական վարժողական ծրագիրին, որուն ծանօթացումէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզը, եւ ներկայացուեցաւ ֆրանսական «Լէ ֆի տը մոն փէյ»-ի պարը:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան, որ առաջին հերթին ներկայացուց «Զուարթնոց» կեդրոնի ստեղծման հոլովոյթը, ապա` կեդրոնները, բազմատեսակ դժուարութիւնները, մարտահրաւէրները եւ իրագործումները: Պուճիքանեան շեշտեց, որ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան առաքելութիւնն է փնտռել, սերտել, ծրագրել, նիւթական օժանդակութիւն ապահովել մեզ շրջապատող ընկերութեան բազում կարիքներուն: Ան ըսաւ, որ «Զուարթնոց»-ին աշխատանքը կը սկսի աշակերտին բնակարանին մէջ եւ չ՛աւարտիր մեր մօտ, հարկ է, որ անոնք կարենան իրենց շրջապատին մէջ ապահովել յարգանք, պաշտպանութիւն եւ աշխատանքի կարելիութիւն, իւրաքանչիւրը` իր կարողականութեան սահմաններուն մէջ: Անի Պուճիքանեան ըսաւ, որ այսօր տեղական եւ տարածաշրջանային ցնցումներուն պատճառով ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւններուն դէմ յանդիման` «Զուարթնոց» կեդրոնի մեկնարկած արհեստներու ծրագիրները էապէս պիտի նպաստեն, որ աշակերտները ձեռք բերեն ինքնավստահութիւն, զարգացում եւ ընկերութեան մէջ գործերու առիթներու ճամբով ներգրաւուելու կարելիութիւններ:
Ապա թատերական ներկայացումով աշակերտները ծանօթացուցին ինքնաշարժի նորոգութեան մասնագիտական-վարժողական ծրագիրը, ցուցադրուեցաւ ծրագիրի աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզը, եւ աշակերտները պարեցին պար մը: Ցուցադրութիւնները շարունակուեցան նկարչութեան մասնագիտական վարժողական ծրագիրի ծանօթացումով, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ երկու կտաւներու վրայ գծեցին կոճղեր ու կիսատ բուն, որոնք աւարտին պարային ներկայացումի ընկերակցութեամբ միացան եւ կազմեցին ծառ մը:
Ներկայացումներէն ետք ցուցադրուեցաւ «Պատառիկներ մեր առօրեայէն 2024-2025» տեսերիզը, որմէ ետք «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն անունով խօսք առաւ Լարա Հիւսէյն, որ հաստատեց, թէ ինքն ու իր ընկերները կարիքն ունին հոգատարութեան եւ ընկերութեան մէջ համահաւասար համակեցութեան, եւ այս առնչութեամբ պետութիւնը պէտք է ստեղծէ համապատասխան դրութիւն եւ օրէնքներ: Ան այս առիթով յայտնեց իր երախտագիտութիւնը «Զուարթնոց»-ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին` նուիրումին եւ ծառայութեան համար:
Աւարտական պարով հանդէս եկան «Զուարթնոց»-ի աշակերտները` միասնաբար ներկայացնելով Ժուլիա Պութրոսի «Եա Լուպնան»-ը:
Այս առիթով խօսք առաւ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ յայտնեց, թէ ընթացիկ դպրոցական ամավերջի հանդէս չէ այս հաւաքը, այլ վերյիշեցում է եւ ամրապնդում ա՛յն հաւատքին, որ հաւաքականութիւնը ունի այս աշակերտներուն նկատմամբ` հաւասարութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած մասնակցութիւն ապահովելու հասկացողութեամբ: Ան աւելցուց, որ «մեր տղաքն ու աղջիկները» մեր ընկերութեան մաս կը կազմէն, ու անոնք կը յիշեցնեն, թէ իրենք եւս համահաւասար իրաւունքներ ունին, այնպէս` ինչպէս հաւաքականութեան իւրաքանչիւր անդամ: Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ «Զուարթնոց»-ը բոլորինն է, եւ միասին կարելի է քանդել պատնէշները, շրջանցել կարծրատիպերը եւ իմաստաւորել մեր կեանքը»:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Շնորհակալութիւն անոր, որ ներկայ է, զօրակցող է, հաւատացող է: Ձեռք-ձեռքի միասին քալենք, եւ ոեւէ մէկը մեր ետին թող չմնայ: Շնորհակալութիւն անոր, որ մարդու պատրաստութեան մէջ դեր ունեցաւ, որովհետեւ այս ներդրումը մնայուն է ու վաւերական: Յատուկ շնորհակալութիւն` հանդիսութեան հովանաւոր Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապին, որ միշտ ալ ապացուցած է, որ մարդկային խնդիրները իր աշխատանքներուն մէջ լուսանցքի վրայ չեն, այլ հետաքրքրութիւններու ու ազգանուէր գործունէութեան առանցքներն են»:
Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ, որ նշեց, թէ «Զուարթնոց»-ի եւ նմանօրինակ կառոյցներու մէջ կատարուած աշխատանքը մարդկային գործ է, որ արժանի է միայն գնահատանքի: Ան ըսաւ, թէ հայութիւնը զոհաբերող ժողովուրդ է, որ` մարդկութեան պատմութեան ամէնէն ողբերգական ցեղասպանութեան ենթարկուելէ ետք ոտքի կանգնած է, եւ ահա այսօր արդէն յատուկ կարիք ունեցող անհատներուն հսկայական ծառայութիւն կը մատուցէ: Պու Սաապ յայտնեց, որ մեծ աշխատանք կը տանի «Զուարթնոց»-ի տնօրէնը, որ անցեալին գործունեայ նախարարներէն մէկն էր, սակայն պետական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք անմիջապէս վերադարձաւ հոն, ուր ինքզինք հարազատ կը զգայ, հոն, ուր ինք ընելիք ունի, եւ հոն, ուր ծառայութիւնը անշահախնդիր է: Էլիաս Պու Սաապ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յառաջիկայ փուլին առաւել եւս պիտի ընդարձակէ նմանօրինակ կառոյցներու եւ աշակերտներուն զօրակցութիւնը:
Առ ի քաջալերանք «Զուարթնոց» կեդրոնին` Էլիաս Պու Սաապ յայտարարեց, որ 10.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն պիտի կատարէ եւ հանդէսի ընթացքին ցուցադրուած աշակերտական ստեղծագործութիւնը` «Ծառը», շուտով պիտի տեղադրէ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, որպէսզի երեսփոխանները եւ այցելուները յիշեն, որ կան աշակերտներ, որոնք յատուկ հոգատարութեան կարիքն ունին, եւ այս առնչութեամբ իրենք պարտականութիւններ ունին կատարելիք` ե՛ւ որոշումներ որդեգրելու ե՛ւ համապատասխան գործակցութիւն ու աջակցութիւն ցուցաբերելու:
Ապա Անի Պուճիքանեան եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յուշանուէր մը յանձնեցին Էլիաս Պու Սաապին` հանդիսութիւնը հովանաւորելու եւ քաջալերանքին համար: