Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Յուլիս 15, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 յունիս 2025-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 14 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք, բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի  քայլերգները: Քայլերգներէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի դաստիարակ եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ Մատլեն Էզաճեան-Վարդանը, որ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` ցոյց տալու նիւթապաշտ աշխարհին, որ «մեծ» ըլլալը չափ ու չափանիշ չէ, այլ կեցուա՛ծք է, հաւատարմութի՛ւն է, պատասխանատուութի՛ւն է. «Մե՛ծ էք, երբ հայութիւն ու մարդկութիւն կը տարածէք»:

Բացման խօսքէն ետք աշակերտները հանդէս եկան «Մեր դպրոցին աւանդութիւնները» թեմայով` անհատական խօսքերով, ասմունքներով ու խմբերգներով:

Բեմական պատկերը կը ներկայացնէր 2017-ի Ազգային Միացեալ վարժարանի բացումը, դպրոցին առաջին զանգը, երբ թաղային վեց դպրոցներ միացան ու իրարմով զօրացած` կազմեցին «Միացեալ ու փոքրիկ Հայաստան» մը, որովհետեւ իւրաքանչիւր դպրոց իրեն հետ բերած էր ազգային աւանդ մը, ազգային ժառանգ մը: Ապա շրջանաւարտները հերթաբար ներկայացուցին դպրոցին մէջ մեծ շուքով նշուած իւրաքանչիւր ձեռնարկ ու նախաձեռնութիւն` անդրադառնալով անոնց կարեւորութեան ու արժէքին: Թարգմանչացի ձեռնարկով արժեւորեցին «Ճի՛շդ հնչենք»-ի աշակերտական յայտագիրը ու փառաբանեցին հայոց լեզուն: Սօսէ Խաչատուրեան ներկայացուց Վահրամ Մավեանի «Անկապ օրագիր» արձակ բանաստեղծութիւնը:

Լիբանանի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկով շրջանաւարտները գովաբանեցին իրենց երկրորդ հայրենիքը եւ հանդէս եկան Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Լաքոմ Լուպնանաքոմ ուալի Լուպնանի» ասմունքով: Դպրոցի երրորդ ձեռնարկը Ամանորն էր, որուն ընդմէջէն ներկայացուցին իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ իրենց միջավայրին  երախտապարտ ըլլալու պարտաւորութիւնը, ու այսպէս բեմէն իջնելով` շրջանաւարտները ուղղուեցան դէպի իրենց ծնողներն ու ողջագուրումներով  յայտնեցին իրենց երախտիքը` յանձնելով յուշանուէրներ: Չորրորդ ձեռնարկը կը պարփակէր իր մէջ Փետրուարեան իրադարձութիւնները` Վարդանանցէն մինչեւ Արցախ, Տեառնընդառաջէն մինչեւ Բարեկենդանի պարերգ, կենաց մահու կռիւ թէ  ազգային աւանդութիւններով դրոշմուած տօներ: Այս բաժինին մէջ Սարգիս Տեմիրճեան հանդէս եկաւ Սայաթ Նովայի «Յիս  քու ղիմէթըն չիմ գիտի» մեներգով: Հինգերորդ ձեռնարկը նուիրուած էր մարտ ամսուան ու անխոնջ աշխատող բոլոր ուսուցիչներուն: Հոս շրջանաւարտները հանդէս եկան անգլերէն եւ հայերէն երախտագիտական  զգացումներով լի ասմունքներով եւ «Իմ ուսուցիչ» խմբերգով: Դպրոցի ապրիլ ամիսը յատկանշուած էր ապրիլեան ոգեկոչումով, ուստի ուխտապահ սերունդը հանդէս եկաւ միացեալ ուխտով մը` մնալու հաւատարիմ ու պահանջատէր զինուորները տէրզօրեան սուրբ կտակին եւ մեր պապերուն սրբազան դատին: Հոս շրջանաւարտները անգամ մը եւս հանդէս եկան Հայկոյի եւ Տիանայի «Յիշի՛ր» խմբերգով, անցեալը չմոռնալու պատգամով:

Այսպէս, հայերէն, անգլերէն, արաբերէն  խօսքերուն յաջորդեց Ազգային Միացեալ վարժարանի օրուան (UAC DAY) յատկացուած տեսերիզ` դպրոցական ճոխ օրը ներկայացնող: Տեսերիզէն ետք հայկական գեղեցիկ նազպարով մը հանդէս եկան ութ շրջանաւարտ աղջիկներ: Նազպարին յաջորդեց մայիս 28-ի փառաբանանքը, յաղթերգութիւնը եւ հայ դրօշ ունենալու պարծանքը:

Բեմական պատկերը փակուեցաւ վերջին զանգի նուիրուած յուզախառն տեսերիզով մը` մանկութիւնը երիտասարդութեան կամրջող նկարներով, սրտաբուխ խօսքերով, խրատներով:

Անկէ ետք Նանօր Էլէյճեան եւ Քելլի Միքայէլեան  վարժարանի վահանը յանձնեցին  տասնմէկերորդ դասարանի  աշակերտներուն` Նազօ Պետիկեանին ու Վանայ Աւետիսեանին, որոնք, իրենց կարգին, խոստացան դպրոցական «կտակ»-ին տէրը դառնալ ու իրենց աշխատունակ ոգիով ու  տիպար կեցուածքով վարժարանին անունը միշտ բարձր պահել:

Յաջորդեցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանուած ուղերձները` շրջանաւարտներ Սօսէ Խաչատուրեանի, Կապրիէլլա Սապպաղի եւ Քրիսթինա Պապուքեանի կողմէ: Ուղերձները իւրայատուկ էին անով, որ շրջանաւարտները արժեւորեցին հայ դպրոցը,  անոր սրբազան առաքելութիւնն ու հայակերտ դերը` «Այո՛, վաղը մեր քայլերը պիտի տանին մեզ տարբեր ճամբաներով, բայց մեր սիրտերը մէկ ակօսի մէջ պիտի բաբախեն. հա՛յ դպրոց, հա՛յ լեզու, հա՛յ ոգի», ըսաւ Սօսէ Խաչատուրեան:  Ապա, իրենց շնորհակալական խօսքերը արտասանելէ ետք իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, անոնք խոստացան իրենց պապերուն կտակին տէրը դառնալ: «Սիրելի՛ դասընկերներ, այսօր կը բաժնուինք իրարմէ այն սուրբ պարտականութեամբ, որ մեր ճիտին պարտքն է. ամէնուրեք տարածել` հայ դպրոցին լո՛յսը, հայ մարդուն արժէքը, հայ երազին հաւատքը»:

Ուղերձներուն յաջորդեց տնօրէնութեան խօսքը, զոր արտասանեց վարժարանի կրթական տնօրէն Լիւսի Մելքոնեան-Բենենեանը, որ անդրադարձաւ անցնող կրթական տարեշրջանի  հիմնախնդիրներուն եւ զանոնք յաղթահարելով`  ձեռք բերուած արդիւնքներուն: Ան անդրադարձաւ նաեւ վարժարանին բերած զանազան  մասնակցութիւնները տարբեր մրցանքներու եւ ապահոված պատուաբեր արդիւնքները: Ապա ան իր շնորհակալական խօսքը յղեց վարժարանին նեցուկ կանգնած Ազգային առաջնորդարանին, բոլոր բարերարներուն, միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` միջնակարգի եւ երկրորդական կարգի փայլուն արդիւնքներ ձեռք բերած աշակերտներուն, որոնք ստացան արժէքաւոր գիրքեր, հայագիտական նիւթերու «Գեղանի Էթիէմէզեան յիշատակի ֆոնտ»-ի նիւթական պարգեւներ, որոնց արժանացան շրջանաւարտներէն Սօսէ Խաչատուրեան եւ Քրիսթինա Պապուքեան: Այս տարի վարժարանը ունեցաւ նաեւ երկրորդական կարգի այլ մրցանակ մը` «Պօղոս Էզաճեան յիշատակի ֆոնտ»-ի նիւթական պարգեւ, որ պիտի տրամադրուի վարժարանի աշխատասէր, ծառայասէր եւ տիպար աշակերտին: Այս մրցանակին արժանացան երկու աշակերտներ` Յովիկ Չերչեան (Ժ.) եւ Նազօ Պետիկեան (ԺԱ.):

Մրցանակաբաշխութեան յաջորդեց վկայականաց բաշխումը, որ կատարուեցաւ ձեռամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի եւ կրթական տնօրէն Լիւսի Մելքոնեան-Բենենեանի: Վկայական ստացան ԺԲ. դասարանի կենսագիտական բաժինէն` Խաչատուրեան Սօսէ, Կիւրիւնլեան Մելինէ, Մազաքեան Ռազմիկ, Պապուքեան Քրիսթինա: ԺԲ. դասարանի տնտեսագիտական բաժինէն` Աւետիսեան Քրիսթինա, Էլէյճեան Նանօր, Միսքինեան Միրա, Սապպաղ Կապրիէլլա, Տեմիրճեան Սարգիս, Քէօշկերեան Լիւսի: BT3 վարչագիտական բաժինէն` Միքայէլեան Քելլի, Պետիկեան Յովիկ, Վարդանեան Մելիսա, Քէշիշեան Հելենա:

Հանդիսութեան աւարտին իր պատգամը տուաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ նախ բարձր գնահատեց Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը, կրթական  պատասխանատուներն ու շրջանաւարտները`  ներկայացուած  գեղեցիկ եւ բովանդակալից հանդէսին  համար: Ապա ան անդրադարձաւ  հայ դպրոցի անփոխարինելի դերին ու հայ կեանքին մէջ հայ դպրոցի անհրաժեշտութեան` շեշտելով, որ հայ դպրոցի շրջանաւարտներուն ընդմէջէն յոյսով կը նայինք ապագային` քաջ գիտնալով, որ հայ դպրոցը հաստատօրէն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` սերունդներ պարգեւելով իր ժողովուրդին: «Այդ արդիւնքն է, որ մեզ կանգուն կը պահէ, պատճառ կը հանդիսանայ, որ մեր կեանքը հայադրոշմ նկարագիրով շարունակուի. այդ արդիւնքն է, որ գալիքին համար յոյս կը ներշնչէ մեզի եւ վստահութիւն կը թելադրէ իւրաքանչիւրիս, որովհետեւ գիտենք, որ մեր զաւակները մեր ազգի արժէքներով, մեր ձեռքերուն մէջ ապահով միջավայրի մէջ հասակ առին, որպէսզի օր մը աշխարհէն դարձեալ մեզի վերադառնան, գան եւ սնուցանեն ու զօրացնեն այն բոլոր արժէքներն ու աւանդները, որոնց վրայ մեր կեանքը կը յենի»: Սրբազան հայրը ներկաներուն  թելադրեց, որ աւելի զգօն, պատասխանատու եւ  գիտակից ըլլան հայ դպրոցին նկատմամբ. «Հայ դպրոցին հանդէպ մեր գիտակցութիւնը վերանորոգելու, վերամրացնելու ճիգ կատարենք: Հայ դպրոցը հաւատարմօրէն իր առաքելութիւնը կը շարունակէ: Մենք ենք, որ պարբերաբար մեր պարտականութիւններուն մէջ կը թերանանք. մեր նիստ ու կացով, մեր «ըսի ըսաւ»-ներով վնաս կը պատճառենք երբեմն հայ դպրոցին: Ուստի տարեփակի այս հանգրուանը առիթ է մեզի մեր զաւակներուն  նայելով` հայ դպրոցին հանդէպ մեր կեցուածքը, մեր հաւատարմութիւնը ամրացնելու  եւ բարի արձագանգ հանդիսանալու հայ դպրոցի աշխատանքին մասին` մեր միջավայրէն ներս, որպէսզի հայ դպրոցը իսկապէս մնայ հոգեհարազատ տուն բոլորիս եւ մեր կողքին շարունակէ ըլլալ ազդու, զօրեղ եւ արդիւնաւոր»:

Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` սրբազան հայրը  ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, ուրախ ենք, որ այս յարկէն ներս մեր ուսուցչական կազմի ճիգերով եւ ձեր ծնողներու աշխատանքով հասակ առիք` դիմակալելու կեանքն ու աշխարհը: Վստա՛հ եղէք, որ այս դուռերէն դուրս երեւի օտար դուռեր պիտի բացուին ձեզի համար, բայց հայ դպրոցին տուածը բանալին է այդ բոլոր դուռերուն: Աստուած ձեզի հետ, բարձրագոյն գագաթներ նուաճէք եւ ետ դառնաք մեզի` ձեր հաւաքածով եւ ձեր ամբարած գիտութեամբ, նոր աւիշ ներարկելու հայ դպրութեան նուիրական գործէն ներս»:

Նախորդը

«Շուտով Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Տեղադրուի «Զուարթնոց»-ի Աշակերտներու «Ստեղծագործութիւնը». Հաստատեց Էլիաս Պու Սաապ

Յաջորդը

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?