Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 16, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ուրբաթ, 11 յուլիս 2025-ին նախարարաց խորհուրդին գումարած ժողովին լոյսին տակ կ՛արձանագրէ հետեւեալը.

Ա.- Կեդրոնական կոմիտէն իր հիասթափութիւնը կ՛արտայայտէ յայտնի այն պաշտօնատարներէն, որոնց խօսքին չի հետեւիր գործը, եւ իրենց գործողութիւններով կը հաստատեն իրենց մտադրութիւններուն հակառակը: Այս վարքագիծը անյարիր է այն մարդոց, որոնց նկատմամբ լիբանանցիները եւ անոնց հեղինակութիւնները ամէնէն բարձր աստիճանի վստահութիւնը արտայայտեցին:

Բ.- Կեդրոնական կոմիտէն իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ աւանդական բաժնեկցութեան համակարգին նկատմամբ փոփոխութեան կողմնակիցներու մօտեցումէն` մասնակի փոփոխութիւններու միջոցով ուշադրութիւնը շեղելու փորձով մը:

Գ.- Կեդրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, որ փոփոխութիւնը սոսկ վերացական կարգախօս մը չէ, եւ իր զարմանքը կը յայտնէ, որ անիկա սահմանափակուած է միայն փոխարինելով այն անհատները, որոնք տարիներու ընթացքին ճանչցուած են իրենց բարձր մակարդակի ատակութեամբ եւ ազնուութեան բարձրագոյն չափանիշներով:

Դ.- Զարմանք կը պատճառէ այն, որ երբեմն նշանակումներու գործիքակազմերուն կառչածութիւն կը ցուցաբերուի, իսկ այլ պարագաներու այդ գործիքակազմերը կը շրջանցուին: Կեդրոնական կոմիտէն մասնաւորաբար զարմանք կը յայտնէ, որ կարգ մը նախարարներ անակնկալի կու գան օրակարգէն դուրս կէտերէ, ոմանք անուններու մասին տեղեակ կ՛ըլլան լրագրողներէ, իսկ ուրիշներ ամբողջութեամբ բացակայ կ՛ըլլան, ինչ որ հարցականներ կը ստեղծէ սեղմ կամ զուգահեռ նախարարաց խորհուրդի մը գոյութեան մասին, որ որոշումները կը տրուին:

Ե.- Կեդրոնական կոմիտէն անընդունելի կը նկատէ հաշուի առնել որոշ քաղաքական հեղինակութիւններ եւ համայնքներ` անտեսելով ուրիշներ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ կան երկակի չափանիշներ եւ ամառ ու ձմեռ մէկ հայրենիքի երդիքի տակ: Այս մօտեցումը կ՛արտացոլէ նաեւ բաժնեկցութեան եւ անձնական շահերու մօտեցումին շարունակութիւնը` հեռու ազգային գերագոյն շահերէն:

Ասոր ամէնէն ցայտուն ապացոյցը Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան երեք փոխկառավարիչներու նշանակումն է հիմնուելով զանոնք ներկայացնող հեղինակութիւններուն առաջադրման կամ համաձայնութեան վրայ, բացի հայ առաքելական փոխկառավարիչի պաշտօնէն, որ յանկարծ պարտադրուեցաւ:

Հիմնուելով այս իրականութեան վրայ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը նշէ, որ տեղի ունեցածը չի համապատասխաներ բարեկարգում եւ փոփոխութիւն կատարելու առումով ժողովուրդի ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ հաշուի չ՛առներ իրենց ատակութիւնը ապացուցած ազգային հմուտ արժէքները: Նաեւ պէտք է նշենք, որ նեղ շահերուն առաջնահերթութիւն տալը յետընթաց մըն է պետութեան կերտման հոլովոյթին մէջ:

Եզրափակելով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին ընթացքին որդեգրուած մօտեցումը, որ կը խախտէ հայրենիքի բոլոր բաղադրիչներուն միջեւ հաւասարութեան սկզբունքը, նախապատուութիւնը կու տայ կարգ մը հեղինակութիւններու եւ համայնքներու, մինչ ուրիշներ կ՛անտեսէ, ինչպէս նաեւ կը շրջանցէ նախարարներու իրաւունքները եւ լիազօրութիւնները: Կեդրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, որ մօտեցումը անխուսափելիօրէն պիտի ունենայ իր բացասական հետեւանքները եւ հակազդեցութիւնները:

Հետեւաբար համապատասխան կողմերէն կը պահանջենք վերատեսութեան ենթարկել իրենց քաղաքականութիւնները` հիմնուելով արդար եւ թափանցիկ սկզբունքներու վրայ, որոնք բոլորին իսկական մասնակցութիւնը կ՛ապահովեն եւ պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը կը վերականգնեն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Նախորդը

«Պիտի Վերադառնանք» Նշանաբանով` ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակում Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (16 Յուլիս 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?