Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 17, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 30 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրն ու մրցանակաբաշխութիւնը:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացաւ Թ. կարգի աշակերտ Կարպիս Քէօսէեանը, որ խօսքը ուղղելով ծնողներուն` շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց անսակարկ նուիրումին, սիրոյն ու գուրգուրանքին, հոգատարութեան եւ յարատեւ նեցուկին: Ան յայտագիրը նուիրեց անոնց` մաղթելով, որ հոգեկան խոր գոհունակութեամբ կ՛ըմբոշխնեն երեկոն, եւ վայրկեանը կը դառնայ անմոռանալի յիշատակ:

Թ. դասարանի աշակերտները բեմ հրաւիրեցին իրենց կրտսեր դասընկերները` ներկայացնելու համար գեղարուեստական յայտագիրը:

Առաջին հերթին բեմ բարձրացան Ա. դասարանի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին հայկական պար մը` ներկաներուն հրամցնելով ազգային մշակոյթն ու արժէքները:

Բեմ բարձրացաւ Բ. դասարանը, որ պարեց արաբական շուրջպար մը` այս անգամ ներկաներուն փոխանցելով լիբանանեան մեր մշակոյթէն պատառիկ մը:

Երրորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ, ի պատիւ մեր մայրերուն, արտասանեցին «MOTHER» արտասանութիւնը: Անոնց յաջորդեցին Դ. դասարանէն այլ խումբ մը աշակերտներ, որոնք, իրենց կարգին պատուեցին մայրերը` այս անգամ արաբերէն «Ումմի» արտասանութեամբ:

Անկէ ետք երրորդ դասարանէն ուրիշ խումբ մը աշակերտներ մեկնաբանեցին Ս. Կապուտիկեանի «Երգ հայրենիքի մասին» արտասանութիւնը, այս անգամ փառաբանութեան խօսքերը` ուղղուած էին մայր հայրենիքին: Դ. եւ Ե. կարգի աշակերտները շարունակելով պարծանքի ու մեծարանքի խօսքերը ներկայացուցին Հայոց պատմութեան փայլուն ու յաղթական էջերէն մայիս 28-ի նուաճումները:

Ե. կարգը բեմ բարձրանալով` երգեց «Ո՞վ կրնայ քշել առագաստանաւ» երգը եւ այս երգով հրաժեշտ տուաւ իր երէց դասընկերներուն` Զ. դասարանին, որ նախակրթարանը աւարտած ըլլալով` կ՛ուղղուէր միջնակարգի գիրկը:

Զ. դասարանը, օրուան աստղը ըլլալով, ներկայացուց անգլիական պար մը` «We are stars in the sky»: Անկէ ետք անոնք անգլերէնով պատմեցին իրենց 6-րդի գեղեցիկ, շահեկան եւ անմոռանալի փորձառութենէն, եւ իբրեւ մարտահրաւէր` յայտարարեց` «Միջնակարգ, ահա կու գանք»:

Է. դասարանը սահիկներու ցուցադրութեան ընդմէջէն ներկայացուց 7-րդի իր առօրեան, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն կարելի եղաւ ունենալ յաջող ու արդիւնաւէտ տարեշրջան մը: Ապա երգեց «Ինշալա պթըմ աֆրահ» երգը` մաղթելով, որ միշտ ուրախութիւնը կը տիրէ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն:

Բեմ բարձրացաւ Ը. դասարանը եւ ընկերասիրութեան ու իրարու օգնելու, միշտ իրարու կողքին ըլլալու անկեղծ կոչ մը ըրաւ բոլոր ներկաներուն` երգելով «Քաունթ ան մի» երգը:

Ի վերջոյ բեմ բարձրացաւ Թ. դասարանը եւ ներկայացուց գնչուներու պար մը` ներկաները փոխադրելով գնչուներու աշխարհն ու անոնց մշակոյթը:

Նախակրթարանի պատասխանատու Նաթալի Տալուզեան  Իսկէնտէրեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց 2024-2025 տարուան դժուարութիւնները` տարեշրջանի սկիզբին պատերազմական վիճակը ու անոր ստեղծած անյարմար կացութիւնը եւ ապա աշակերտներուն արձանագրած նուաճումները: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց վստահութեան համար, տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ ուսուցչական կազմին, ապա խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ան թելադրեց, որ ըլլան քաջ, երբեք չընկրկին դժուարութիւններուն դիմաց, ըլլան աշխատասէր, ձգտին լաւին ու բարձրին եւ հպարտ ըլլան իրենց արմատներով:

Նախքան մրցանակաբաշխութիւնը` աշակերտները դասարան առ դասարան  բեմ բարձրացան, մինչ առաջին դասարանի աշակերտները, բռնած իրենց երիցագոյն դասընկերներուն` իններորդ դասարանի աշակերտներուն ձեռքը, եկան միասնաբար յայտարարելու եւ երգելու «Հայաստանը իմն է, Հայաստանը քոնն է, Հայաստանը հզօր հայրենիք» եւ իբրեւ երախտագիտութիւն` խոնարհելու իրենց ծնողներուն առջեւ:

Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վեքիլեանի եւ կրթական տնօրէն Լիւսի Բենենեանի:

Աւարտին Թ. դասարանի աշակերտ` Օննիկ Գրիգորեան փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, տնօրէնութեան ու ուսուցչակազմին եւ հրաժեշտ տուաւ իր դասընկերներուն` մաղթելով հաճելի ամառնային արձակուրդ` վերամուտին նոր ուժերով նոր յաղթանակներ կերտելու տեսլականով:

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի` «Ներսէս Դ. Շնորհալի Սուրբ Եւ Դիւանագէտ Եւ Ժողովուրդին Ու Եկեղեցիին Գոյատեւումը Արեւմտեան Հայաշխարհին Մէջ» Հատորը

Յաջորդը

Լիվըրփուլ Կը Մօտենայ Իսաքի

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?