Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմի այցելութիւնը, երկուշաբթի, 7 յուլիս 2025-ին:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութեան, իր զանազան երեսներով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ` նկատի ունենալով, որ դեսպանին դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատուութեան մաս կը կազմէ նաեւ Սուրիան:
Դեսպան ՄըքՔալըմ վեհափառ հայրապետին յայտնեց, որ մօտ ապագային պիտի վերադառնայ Քանատա` արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստանձնելու համար Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատասխանատուութիւնը: Այս գծով ան նշեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր սերտ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Քանատայի հայ համայնքին հետ:
Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս դեսպանին նուիրեց վերջին հրատարակած գիրքը` «In Search of Self-Understanding»: