Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ներկայացուցիչները
Հինգշաբթի, 25 փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Նորվեկիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին վեհափառ հայրապետին տեսակէտը ունենալու Միջին Արեւելքը յուզող զանազան հարցերուն, Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն մարդասիրական աջակցութիւն ընծայելու կարելիութիւններուն գծով: Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց սուրիական տագնապին զանազան փուլերն ու երեսները` կեդրոնանալով քրիստոնեայ համայնքներուն վրայ: Ապա,...




















