
Հինգշաբթի, 18 փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Շուրջ վեց տարուան դիւանագիտական ծառայութեան աւարտին դեսպան Քոչարեան կը վերադառնայ Հայաստան: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց դեսպան Քոչարեանին` անոր կատարած ծառայութեան համար:
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն կենսական կարեւորութիւնը` միջազգային համայնքին մէջ անոր դերակատարութեան յաւելեալ հզօրացման համար: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի յարաբերութիւնը ընդհանրապէս արաբական աշխարհին ու յատկապէս Լիբանանի հետ հետզհետէ աւելի զարգանայ:


