Հինգշաբթի, 18 փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Իրանէն եկած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի մէջ իրանեան դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին ու Իրանի հայութեան առնչուած շարք մը հարցեր: