Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Պահածոյ Ուտեստեղէնները (Տուփեղէն Եւ Սառած)» Նիւթով

Փետրուար 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05771

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 17 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Պահածոյ ուտեստեղէնները (տուփեղէն եւ սառած)» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Տագէսեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց, ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, թէ ոչինչ կրնայ փոխարինել թարմ ուտելիքներուն սննդական արժէքը, եթէ անոնք բնական եւ մաքուր, չխաթարուած բնութեան մէջ աճած կամ մեծցած են: Սակայն արդի  ընկերութեան պայմանները յաճախ մեզի կը ստիպեն, որ օգտագործենք սառած կամ շիշերու, թիթեղ տուփերու մէջ, յատուկ ձեւով պահ դրուած ուտելիքները, որոնք երբեմն աւելի օգտակար են, քան բնական, բայց ժամանակ մը սառնարանէն դուրս մնացած կամ ճիշդ ձեւով չպահպանուած ուտելիքները:

Սննդագէտ Մարիա Տագէսեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ ի՞նչ են քիմիական յաւելումները, որոնք կ՛օգտագործուին պատրաստուած զանազան ուտելիքներու ու սնունդի մէջ: Յաւելումները, որոնք աւելցուած են, բնականօրէն ուտելիքը չի պարունակեր զանոնք:

Այս յաւելումները կ՛օգտագործուին`

1.- Երկարելու ուտելիքի լաւապէս պահպանումը

2.- Աւելի ախորժաբեր տեսք ունենալու

3.- Դադրեցնելու զանազան վնասակար մանրէներու ու ժահրերու բազմացումը

4.- Բարելաւելու ուտելիքին համը

Ընկերութիւնները արհեստականօրէն պատրաստուած ուտելիքներուն համար կ՛օգտագործէին թուանշաններ, որոնք կը կրեն E տառը, եւ ցոյց կու տային այն քիմիական յաւելումները, որոնք օգտագործուած են տուեալ սնունդի պատրաստութեան ընթացքին: Օրինակ-

ա-  E100-180 զանազան գոյներ

բ- E200- 297 որակի ու ժամկէտի պահպանման զանազան յաւելումներ

գ- E300- 321 Անթի Օքսիտաններ

դ- E 322- 385 լուծիչներ

ե- > E400 զանազան միջոցները, տեսքը, համը բարելաւելու, ախորժաբեր դարձնելու յաւելումներ:

Գոյները կ՛օգտագործուին բարելաւելու սնունդի արտաքին երեւոյթը, աւելի գրաւիչ դարձնելու սպառողին:

Նկատի պէտք է ունենալ, թէ վերոնշեալ միջոցները որեւէ տուփեղէն պատրաստելու կամ պարունակութիւնը պատրաստելու ընթացքին կրնան փոխուիլ ու յաճախ վնասակար դառնալ:

Սննդագէտը թուեց այն յաւելումները, որոնք կ՛օգտագործուին ուտելիքը պահպանելու զանազան մանրէներէ, ժահրերէ: Օրինակ

1.- Փեփսի, Քոլա կամ պատրաստ մածունի մէջ` Սորպիք թթուն

2.- Գինիի, զանազան խմիչքներու` ՍալՖայթ

3.- Պանիրի պարագային` Նիսին

4.- Ձկնեղէնի` Հեքզամին

5.- Հացի պարագային` Փրոփիյոնիք թթուն

Երկար ժամանակի վրայ օգտագործելով այս յաւելումները ուտելիքներուն մէջ, անոնք կրնան յառաջացնել զանազան հիւանդութիւններ, ինչպէս` քաղցկեղ, Օթիզմ, կանխաժամ ծննդաբերութիւն, գէրութիւն, սրտանօթային հիւանդութիւններ, անքնութիւն եւ այլն:

Դասախօսը մասնաւորապէս յիշեց եւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Մոնօ Սոտիոմ Կլութամէյթ նիւթը, որ զանազան ուտելիքներու մէջ կը գործածուի` պատճառելով բազմաթիւ ոչ առողջապահական վիճակներ, հիւանդութիւններ: Պէտք է նշել, թէ ուտելիքներ արտադրող զանազան ընկերութիւններ յաճախ կը փոխեն վերոնշեալ քիմիական նիւթին անուանումը` խաբելով սպառողը:

Վերջին բաժինով սննդագէտը բաղդատական մը կատարեց սառած ուտելիքներու եւ տուփերու միջեւ: Ան հաստատեց, որ սառած ուտելիքները աւելի նուազ վնասակար են` իրենց պատրաստութեան եւ պահպանման միջոցները նկատի առած:

Աւարտին սննդագէտը զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անելիք Ունենք…»

Յաջորդը

Վերջին Հրաժեշտ` Վաստակաւոր Դերասան Եւ Բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?