Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ուրախ Տրամադրութեան Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ» Նիւթով

Փետրուար 26, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05798

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 24 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախ տրամադրութեան ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց  հոգեբան-մանկավարժ Բալիկ Խտըրլարեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս ներկայ ժամանակներուն, զանազան դժուարութիւններով լեցուն մեր առօրեայ կեանքին իբրեւ հետեւանք, կ՛ապրինք ճնշուած, մեր շրջապատին նկատմամբ ժխտական զգացումներով լեցուն կեանք մը, վիճակ մը, որ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ նաեւ մեր տրամադրութեան վրայ, ինչպէս նաեւ յաճախ տխուր, ընկճուած ու անհանդուրժող կը դարձնէ  մեզ: Արդեօք կարելի՞ է փոխել մեր հայեացքը կեանքի դժուարութիւններուն նկատմամբ, փոխանակ անձկութեան մատնուելու, կամ լուծումներ գտնելով, փորձել ներքին հոգեկան խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն ստեղծել:

Բալիկ Խտըրլարեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով փոխազդեցութիւնը` հոգեկանին եւ Ֆիզիքականին միջեւ: Որքան անհրաժեշտ է յատուկ հոգատարութիւնը ու խնամքը Ֆիզիքականին, նոյնպէս եւ յաճախ առաւել կարեւոր է մարդ անհատի հոգեկան աշխարհին հետեւիլը, խնամքը եւ առողջ պահպանումը: Ահա հոս կը կայանայ հոգեբանին դերը, երբ մենք կը դիմենք իրեն:

Մարդ անհատին տրուած է կարողութիւնը եւ կարելիութիւնը ընտրելու ու որոշում տալու ուրախ ըլլալու եւ տրամադրութիւնը միշտ բարձր պահելու: Դժուարութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, թէ ինչպէ՞ս եւ ին՞չ միջոցներով կարելի է այդ ուրախ տրամադրութիւնը շարունակաբար պահել: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որոնել եւ գտնել յատուկ  միջոցներ` ունենալու այդ ներքին հաւասարակշռութիւնը, ներդաշնակութիւնը ժխտականին եւ դրականին միջեւ:

Բոլորս ալ մեր ամէնօրեայ կեանքին ընթացքին կը հանդիպինք զանազան երեւոյթներու` ժխտական թէ դրական, եւ անպայման կ՛ազդուինք այդ բոլորէն: Այս բոլորին կեդրոնը մենք ենք, եւ կարելի է այս բոլորը զանազան միջոցներով յաղթահարել:

Ինչպէ՞ս կարելի է ուրախ ըլլալ.

1.- Փոխելով մտածելակերպը
2.- Փոխելով վարքը
3.- Մենք մեր անձին ժամանակ տրամադրելով
4.- Օրագրութիւն պահելով

Բալիկ  Խտըրլարեան շարունակելով դասախօսութիւնը բացատրեց, թէ անհաժեշտ է հետեւիլ եւ գտնել այն միջոցները, երեւոյթները, որոնք մեր անձը ուրախ կը պահեն: Օրինակ` մարզանք ընելը, կամաւոր աշխատիլը, զանազան աշխատանքներու եւ դասընթացքներու հետեւիլը, հարազատներով ու բարեկամներով յաճախ շրջապատուած ըլլալը:

Ուրախ տրամադրութեան, զգացական աշխարհի եւ անհատի առողջութեան միջեւ զօրաւոր կապ կայ:

Երբ ուրախ ենք` աւելի աշխուժ ենք` աւելի խանդավառ, եռանդուն եւ աւելի կեդրոնացած: Հետեւաբար` Ֆիզիքապէս աւելի առողջ ու կայտառ:

Մեր առողջութիւնը կրնանք բարելաւել` կանոնաւորաբար սնունդ ստանալով, մարզանքի հետեւելով, լաւ, բաւարար քնանալով ու հանգստանալով:

Դասախօսը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զարգացնել դրական մտածումները: Անրաժեշտ է կեդրոնանալ դրական երեւոյթներու վրայ եւ աւելի ուշադրութիւն դարձնել անոնց: Հետեւաբար մեր  ուղեղը պիտի վարժուի յաճախ ուրախ բաներ յիշելու, եւ ասիկա կը վերածուի սովորութեան:

Շարունակական բաղդատականը ուրիշներու հետ կը դառնայ հիւանդագին` վնասելով անհատին հոգեկան եւ Ֆիզիքական աշխարհին:

Անհատի մը համար կենսական է գիտնալ իմաստը, եւ գտնելով այդ իմաստը կ՛ըլլանք ուրախ եւ գոհունակ: Անձը աւելի լաւ զգալով կ՛ըլլայ հաւասարակշռուած իր ընտրութիւններուն մէջ: Աշխատանքի մէջ աւելի արդիւնաւէտ, լաւատես եւ ինքնավստահ:

Վերջին բաժինով Բալիկ Խտըրլարեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան Դիմանկարը Եւ Նրա Ուժը Հայկական Ազգային Ոգին. Մտորումներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125-րդ Տարեդարձի Կապակցութեամբ

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?