Գաղութային

Սամուէլ Մկրտչեան` Լիբանանի Մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Դեսպան

Սամուէլ Մկրտչեան` Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Դեսպան

Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 8-րդ կէտով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է երկու հրամանագիրներ, որոնցմէ մէկուն համաձայն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ազատ կը կացուցուի իր դիւանագիտական պաշտօնէն, իսկ միւս հրամանագիրով նոր դեսպան կը նշանակուի Սամուէլ Մկրտչեան:  

«Հալէպի Մէջ Սննդամթերքի  Սղութիւն Չկայ, Վիճակը Հանդարտ Է»  Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

«Հալէպի Մէջ Սննդամթերքի Սղութիւն Չկայ, Վիճակը Հանդարտ Է» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ հաստատուած զինադադարէն ետք Հալէպի մէջ երբեմն-երբեմն կրակոցներու ձայներ կը լսուին, սակայն, ընդհանուր առմամբ, քաղաքը հանդարտ է: «Հալէպը սովորական աշխատանքային վիճակի մէջ է: Առայժմ, կենցաղային դժուարութիւններ կան: Կան ելեկտրականութեան եւ ջուրի առնչուած հարցեր, որոնք տակաւին չեն լուծուած: Ինչպէս գիտէք, ամիսներէ ի վեր Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւն...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն.  Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Ներկայացուց  «Հայ Աշուղական Արուեստը» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Ներկայացուց «Հայ Աշուղական Արուեստը» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի 3 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշուղական արուեստը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց «Սայաթ-Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան: Փրոֆ. Պօղոսեան հաստատեց, որ աշուղական արուեստը, ժողովրդական երգերուն կողքին, հայ մշակոյթի ամէնէն հարուստ գանձարանն է, սակայն անիկա անուշադրութեան մատնուած է: Այս իմաստով, փրոֆ....

«Մեծ Պահքը` Աստուծոյ  Դառնալու Հրաւէր Է»   Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեծ Պահքը` Աստուծոյ Դառնալու Հրաւէր Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքի առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` հրաւէրովը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան: Միաբան հայրերու կողքին արարողութեան իրենց երգեցողութեամբ մասնակցութիւն բերին դպրեվանքի սաները: Արարողութեան ընթացքին, ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղելով վեհափառ հայրապետը նախ նշեց, թէ հայ եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան համաձայն, Արեւագալի ընթացքին կ’արտասանուի...

Շահան Արք. Սարգիսեան  Հռոմի Մէջ Կը Մասնակցի  Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Առնչուած Համագումարի

Շահան Արք. Սարգիսեան Հռոմի Մէջ Կը Մասնակցի Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Առնչուած Համագումարի

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովին կազմակերպած համագումարին, որ տեղի ունեցաւ 24-26 փետրուար 2016-ին` Հռոմի մէջ: Արդարեւ, Միջին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակէն մեկնելով` Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը համագումարի հրաւիրած էր Միջին Արեւելքի եկեղեցական պատասխանատուներ եւ ակադեմական մասնագէտներ` քննարկելու համար ներկայ իրավիճակը, ճանչնալու իրականութիւնները եւ խորհրդակցելու քրիստոնեաներու ներկայութեան խնդիրին առնչութեամբ: Շահան սրբազան իր...

Աւօ Տեմիրճեանի «Էփիսոտ»  Ալպոմի Մեկնարկ

Աւօ Տեմիրճեանի «Էփիսոտ» Ալպոմի Մեկնարկ

Երէկ` չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ երիտասարդ ջութակահար եւ երգահան Աւօ Տեմիրճեանի «Էփիսոտ» ալպոմի մեկնարկի ձեռնարկը, «Արթ Լաունճ» սրահին մէջ, Մար Մխայէլ: Ձեռնարկին սկիզբը ջութակահարը ներկայացուց ինքզինք: Աւօ Տեմիրճեան 26 տարիներէ ի վեր ջութակահար է, ան երաժշտութեան աշխարհ մուտք գործած է 5 տարեկանին եւ 15 տարեկանին սկսած է երաժշտական կտորներու յօրինումի: Տեմիրճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ,...

Կարօ Յովհաննէսեան Պարգեւատրուեցաւ  Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով

Կարօ Յովհաննէսեան Պարգեւատրուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով

«Կարօ Յովհաննէսեանի 40 Տարուան Անընդմէջ Ծառայութիւնը Մեր Մշակոյթին, Հայ Դպրոցին Ու Լիբանանի Հայութեան Մենք Այսօր Կը Տեսնենք Անոր Անձին Մէջէն Եւ Ա՛յդ Վաստակը Կը Մեծարենք» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս արժեւորեց ազգային գործիչ, մտաւորական, մանկավարժ եւ ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեանի 40-ամեայ անխոնջ ծառայութիւնը` հայ մտքի արժանաւոր մշակն ու գործիչը հանդիսաւորապէս մեծարելով եւ պարգեւատրելով: Մեծարանքի հանդիսութիւնը, որ...

«Սայաթ-Նովա» Աշուղական  Երգի Համոյթը Այնճարի Մէջ

«Սայաթ-Նովա» Աշուղական Երգի Համոյթը Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, երեքշաբթի, 1 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի համոյթին աշուղական եւ հայրենասիրական երգերու համերգը: Համոյթին գեղարուեստական ղեկավարն էր Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանը, իսկ գործիքային բաժինի ղեկավարը` Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ եւ քամանչահար Վարդան Պաղտասարեան: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի...

«Սայաթ-Նովա» Աշուղական Երգի  Վաստակաւոր Համոյթը Այցելեց «Ազդակ»

«Սայաթ-Նովա» Աշուղական Երգի Վաստակաւոր Համոյթը Այցելեց «Ազդակ»

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը, իր ղեկավարին` Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանի ընկերակցութեամբ երէկ այցելեց «Ազդակ»: Համոյթի անդամներն ու ղեկավարները ծանօթացան «Ազդակ»-ի տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն: Այցելեցին «Ազդակ»-ի գրադարանը եւ «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ ծանօթացան օրաթերթի թուայնացման աշխատանքներուն: «Ազդակ»-ի տնօրէնը բարի գալուստ մաղթեց համոյթի ղեկավարին ու անդամներուն` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը օր...

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ.  Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խաչելութեան  Ճանապարհը» Եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն»  Հատորներուն Շնորհահանդէսը

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խաչելութեան Ճանապարհը» Եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն» Հատորներուն Շնորհահանդէսը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 29 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ, տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խաչելութեան ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն յարութիւն» զոյգ հատորներուն շնորհահանդէսը: Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նորայր Նաճարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, թէ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան տարիներով եղած է գաղութի պատկան մարմիններու ժրաջան անդամ: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց...

Հոգեհանգիստ Սումկայիթի Ջարդերու  Զոհերու Յիշատակին` Ս. Գրիգոր  Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Հոգեհանգիստ Սումկայիթի Ջարդերու Զոհերու Յիշատակին` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

28 փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան` ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերու զոհերու հոգիներուն: Այս տարի 28-ամեակն էր Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց բնոյթով ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունէին 100 տարի առաջ գործադրուած թուրք...

«Սայաթ-Նովա» Համոյթը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

«Սայաթ-Նովա» Համոյթը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին, հայրենի «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի համոյթը այցելեց Անթիլիասի մայրավանք եւ ներկայ գտնուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագին: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց համոյթը վեհարանի դահլիճին մէջ: Ներկայ էին միաբան հայրեր եւ դպրեվանքի ուսանողները: «Սայաթ-Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան վեհափառ հայրապետին ներկայացուց համոյթին պատմականն ու նպատակը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ հայ աշուղական երգերու իւրայատուկ տեղին...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի  փետրուարի 10-ի թիւ 166-Ա  հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողների Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները մերժուել են. 13558, 14525, 14563, 14596, 14335, 14361, 14468, 14528, 13832, 14455, 13816, 14547, 14322, 14352, 14328, 14585, 14586, 14306, 14558, 14077, 14544, 14540, 14541, 14539, 14466, 14239, 14219, 14612, 14492, 14571, 14642, 14478,...

«Սայաթ-Նովա» Համոյթի  Աննախընթաց Համերգ.  «Ձեզի Բերեր Ենք Հայրենիքի Շունչը,  Մեր Նախնեաց Օրհնութիւնը  Եւ Հայ Անապական Զուլալ Երգը»  Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

«Սայաթ-Նովա» Համոյթի Աննախընթաց Համերգ. «Ձեզի Բերեր Ենք Հայրենիքի Շունչը, Մեր Նախնեաց Օրհնութիւնը Եւ Հայ Անապական Զուլալ Երգը» Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ ահա բեմին վրայ առաջին անգամ ըլլալով կանգնած էր «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը իր շքեղութեամբ, վեհութեամբ ու արտասովոր հմայքով: «Սայաթ-Նովա» համոյթը իր յաղթական խրոխտ կեցուածքով տակաւին կատարումները չսկսած կարծես կ՛ապացուցէր, որ իր  ստեղծագործական կորովը կը ծառայէր հայ ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթի զարգացման ու պահպանման: Եւ ահա հնչեց Սայաթ Նովայի «Քամանչա» երգը եւ իսկոյն թրթռաց լիբանանահայ հանդիսատեսին սիրտը:...

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաքին Շեշտուեցաւ  Մարտահրաւէրները Միասնական Ուժով  Դիմագրաւելու Անհրաժեշտութիւնը

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաքին Շեշտուեցաւ Մարտահրաւէրները Միասնական Ուժով Դիմագրաւելու Անհրաժեշտութիւնը

Կիրակի, 28 փետրուարին Լիբանանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու արարողութիւն` Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին: Նոյն օրը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած խաչքարին առջեւ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած յիշատակի հաւաքին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան,...

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին  Գ. Խօսքը» Եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը»  Գիրքերու Շնորհահանդէս

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. Խօսքը» Եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ եւ «Ազդակ»-ի գործակցութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը» գիրքերուն շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր եպս. Աշըգեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բժիշկներ...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան  Գիրքի Ընթերցանութեան Մրցանք

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գիրքի Ընթերցանութեան Մրցանք

Երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուարին երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած ընթերցանութեան մրցանքը: Հայկական տարբեր վարժարաններէ 27 աշակերտներ մասնակցեցան մրցանքին: Յայտնենք, որ օրին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը Յարութիւն Քիւրքճեանի խմբագրութեամբ հրատարակած էր Լեւոն Մեսրոպի «Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» վէպը: Գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Հայրենիք»...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէի  Դաստիարակչական Յանձնախումբ.  «Ընտանիքը Եւ Դժուարութիւնները» Նիթով Հանդիպում-Զրոյց

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէի Դաստիարակչական Յանձնախումբ. «Ընտանիքը Եւ Դժուարութիւնները» Նիթով Հանդիպում-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ամսական դրութեամբ տեղի ունենալիք հանդիպում- զրոյցներու շարքին առաջինը` «Ընտանիքը եւ դժուարութիւնները» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Վարուժ Պետիրեան: ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով Րաֆֆի Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ սոյն շարքը, որ կազմակերպուած է,...

Սփիւռքահայ Անուանի Երգիչ  Ատիս Հարմանտեան Այցելեց «Ազդակ»

Սփիւռքահայ Անուանի Երգիչ Ատիս Հարմանտեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ սփիւռքահայ անուանի երգիչ Ատիս Հարմանտեան: Հանդիպումը առիթ դարձաւ խօսելու սփիւռքահայ ժամանակակից երգարուեստին մասին: Այս առիթով Ատիս Հարմանտեան «Ազդակ»-ի գրադարանին նուիրեց նոր լոյս տեսած «Ատիս երգի ճամբով» հատորը:

«Ատիս Երգի Ճամբով» Գիրքի  Շնորհահանդէսին Ընթացքին  «Կը Խոնարհիմ Արուեստասէր Ժողովուրդիս  Դիմաց Եւ Անոր Կ՛ըսեմ Շնորհակալութիւն»  Ըսաւ Ատիս Հարմանտեան

«Ատիս Երգի Ճամբով» Գիրքի Շնորհահանդէսին Ընթացքին «Կը Խոնարհիմ Արուեստասէր Ժողովուրդիս Դիմաց Եւ Անոր Կ՛ըսեմ Շնորհակալութիւն» Ըսաւ Ատիս Հարմանտեան

Երէկ` հինգշաբթի, 25 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատիս Հարմանտեանի «Ատիս երգի ճամբով» գիրքի շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Փափազեան-Էմիեան: Ան նախ անդրադարձաւ հայ երգին ու երաժշտութեան ներգործող դերին, ապա ըսաւ, թէ հայ երգը հայ ժողովուրդին տուած է ապրելու...

Page 314 of 364 1 … 313 314 315 … 364

Արխիւներ