Գաղութային

Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան  Ցուցասրահ.  Փարաւոն Միրզոյեանի  Ցուցահանդէսի Բացումը` Այսօր

Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահ. Փարաւոն Միրզոյեանի Ցուցահանդէսի Բացումը` Այսօր

Այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Տըքուենիի քաղաքապետ Անթուան Շախթուրայի, տեղի պիտի ունենայ հայրենի վաստակաւոր գեղանկարիչ Փարաւոն Միրզոյեանի ցուցահանդէսի բացումը: Միրզոյեան 2002-2014 վարած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէնի պաշտօնը, իսկ ներկայիս կը ղեկավարէ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի կերպարուեստի ամպիոնը: Արժանացած է հայկական եւ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչի կոչումին (2014-ին): Ունեցած է մեծ...

Վարագոյրը Փակուեցաւ Թատրոնի Տիտանին Բեմահարթակին Վրայ

Վարագոյրը Փակուեցաւ Թատրոնի Տիտանին Բեմահարթակին Վրայ

«Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ երէկ վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի մահէն ետք իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Աշխատանքները ընթացքի մէջ էին մեծատաղանդ Պերճ Ֆազլեանին նուիրուած «Վանայ Ձայն»-ի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրի ներկայացման համար ուրբաթ, 19 փետրուար 2016-ին, եւ այս առիթով «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան ու արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ երկու շաբաթ...

Ոչ Եւս Է Բազմավաստակ Բեմադրիչ  Եւ Դերասան Պերճ Ֆազլեան

Ոչ Եւս Է Բազմավաստակ Բեմադրիչ Եւ Դերասան Պերճ Ֆազլեան

Երկուշաբթի, 15 փետրուարին իր մահկանացուն  կնքեց վաստակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան` լիբանանեան ֆիլմարուեստի եւ թատերական աշխարհին կտակելով մեծ ու լուսաշող աւանդ, զոր ան կերտած է աւելի քան 6 տասնեակ տարիներու ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքով, տաղանդով ու մասնագիտական հմտութեամբ: Թատերական եւ ֆիլմարուեստի աշխարհին մէջ համագործակցած է տարբեր անձնաւորութիւններու հետ, սակայն յատկանշական է անոր կապը Ռահպանի եղբայրներուն հետ, որոնց հետ աշխատանքի...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Շարժանկարի  Բեմադրիչ Արման Մանարեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Շարժանկարի Բեմադրիչ Արման Մանարեան

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 16 փետրուարին 86 տարեկանին մահացած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, շարժանկարի բեմադրիչ Արման Մանարեան: Մանարեան ծնած է 1929 թուականին Թեհրանի մէջ, 1946-ին   հայրենադարձած է Հայաստան: Ուսանած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին, ապա` Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է «Համամիութենական կինեմատոգրաֆիայի պետական հիմնարկ»-ին մէջ: Արման Մանարեան նկարահանած է «Տժվժիկ», «Կարինէ»,...

Ողջոյնի Կոչ Սուրիահայութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելից Միջինարեւելեան Երկիրներու Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովին Կողմէ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջինարեւելեան երկիրներու յանձնախումբերու խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Անթիլիաս) 13 փետրուար 2016 թուականին, տարբեր երկիրներէ եկած զեկուցումներուն կարգին, խորհրդաժողովի ներկաներս ուշադրութեամբ ունկնդրեցինք հալէպահայութեան մասնակցութիւնը համազգային այն մեծ իրադարձութեան, որ կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշում: Այս առիթով ներկաները բարձր կը գնահատեն սուրիահայ մեր...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի  Այցելութիւնները` Համայնքային Կեդրոններ

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները` Համայնքային Կեդրոններ

Այցելութիւն` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երկուշաբթի, 15 փետրուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ: Նախարար Յակոբեանին կ’ուղեկցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, Զմմառու վանքի մեծաւոր  եւ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ 29-ի թիւ 894-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացիութիւն: 14272, 14354, 14383, 14506, 14299, 14215, 14573, 14572, 14568, 14667, 14560, 14305, 14672, 14344, 14380, 14312, 14445, 14512, 14356, 14491, 14479, 12860, 14566, 14564, 14687, 14393, 14457, 14427, 14404, 14250, 14518, 14157, 14501, 14218,...

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանին Մէջ

Ուրբաթ, 5 փետրուար 2016-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտները համախմբուած էին վարժարանի «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեանի, ուսուցիչներուն եւ օրուան բանախօս Րաֆֆի Տեմիրճեանի: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց հինգերորդ դասարանի աշակերտուհի Տալիտա Էյմեշ, որ ըսաւ, թէ` «այսօրուան հաւաքին առիթը յատուկ է: Մենք այսօր պիտի ոգեկոչենք Վարդանանց տօնը: 451 թուականին հայ ժողովուրդի...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի  Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողով

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողով

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սիսի Հարցը Կտոր Մը Հողամասի Հարց Չէ, Այլ` Քաղաքական Հարց Է» Նախարար Յակոբեան. «100-Ամեակի Գործունէութիւնը Մեկնակէտ Է Մանաւանդ Յառաջիկայ Մեր Ընելիքներուն» Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին, անցնող շաբաթավերջին Հայոց ցեղասպանութեան միջինարեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչներու երկօրեայ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, ուր կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին...

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Մեր Հոգեւոր,  Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւրն Է  Եւ Պէտք Է Հաւատարիմ Մնայ Իր Կոչումին»

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Մեր Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւրն Է Եւ Պէտք Է Հաւատարիմ Մնայ Իր Կոչումին»

Իւրաքանչիւր տարուան 14 փետրուարին Հայ եկեղեցին կը նշէ Քրիստոսի Տաճար ընծայման տօնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, հանդիսապետութեամբ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերու: «Երեկոյեան» ժամերգութեան աւարտին, տաճարի ատեանին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակի արարողութիւնը: Արարողութեան աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատելով ներկաները յորդորեց երիտասարդ ծնողները, որ աչալուրջ ըլլան իրենց զաւակներուն հայեցի...

«Վանայ Ձայն».  7-րդ Դասարանի Աշակերտներուն Յատուկ Հայոց Պատմութեան Մրցանքի Աւարտական  Հանգրուան Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

«Վանայ Ձայն». 7-րդ Դասարանի Աշակերտներուն Յատուկ Հայոց Պատմութեան Մրցանքի Աւարտական Հանգրուան Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի, 2-րդ տարին ըլլալով շաբաթ, 13 փետրուար 2016-ին, «Վանայ ձայն»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ 7-րդ դասարանի աշակերտներուն յատուկ հայոց պատմութեան մրցանքի աւարտական հանգրուանը, որուն ընթացքին առաջին հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, իսկ երկրորդ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը: 21 նոյեմբերին ընթացք առած յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը վարժարաններ` Վահան Թէքէեան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան...

Հալէպի Մէջ Զոհուած Է  Հայ Երիտասարդ Մը

Հալէպի Մէջ Զոհուած Է Հայ Երիտասարդ Մը

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագրութիւնը հաղորդած է, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ 13 փետրուարի ուշ երեկոյեան Հալէպի թաղամասերու հրթիռակոծման պատճառով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Զոհերուն շարքին է 1983-ի ծնունդ Վիգէն Ոսկերիչեան:

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Ընդունեց Կիպրոսի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Դեսպանը

Ուրբաթ, 12 փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթին: Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր մայրավանք, վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ կաթողիկոսարանին առաքելութեան եւ սփիւռքի մէջ տարած անոր գործունէութեան մասին: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Բարսեղ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Արեան Քննութիւններու  Անհրաժեշտութիւնը» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Արեան Քննութիւններու Անհրաժեշտութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Արեան քննութիւններու անհրաժեշտութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, թէ բոլորս ալ պարբերաբար կը կատարենք արեան մասնայատուկ տարրալուծարանային քննութիւններ, որոնց...

Մեր Կորուստները  Մահացած Է «Գարուն» Ամսագիրի  Խմբագիր Վարուժան Այվազեան

Մեր Կորուստները Մահացած Է «Գարուն» Ամսագիրի Խմբագիր Վարուժան Այվազեան

58 տարեկանին մահացաւ «Գարուն» գրական-գեղարուեստական ամսագիրի եւ «Ապոլոն»  հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, արձակագիր Վարուժան Այվազեան: 1996 թուականէն Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ է. ծնած է 1958-ին Վրաստանի Ծալկայի շրջանի Այազմա գիւղը: 1985-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: 1985-1987 տարիներուն աշխատած է «Պիոներ» (այժմ` «Աղբիւր») ամսագիրի խմբագրութեան մէջ: 1987 թուականէն «Գարուն» ամսագիրի խմբագրական կազմի անդամ է` իբրեւ գրական աշխատող, պատասխանատու քարտուղար...

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Չորեքշաբթի, 10 փետրուարի երեկոյեան Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական պաշտօնավարութիւնը աւարտած Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն: Հրաժեշտի այս հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Աւետիս Կիտանեան, Յակոբ Հաւաթեան եւ Վիգէն Աւագեան: Դեսպանը անդրադարձաւ անցնող 6 տարիներու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցին...

Զոհ Մը` Նոր Գիւղի Մէջ

Երեքշաբթի, 9 փետրուարին, Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասի հրթիռակոծման պատճառով զոհուած է 1991 թուականի ծնունդ Գօգօ Քեպապճեան: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի Վիլլաներ եւ Ազիզիէ շրջանի լուրերու (Avnn) ֆէյսպուքեան էջը:

Ազգային Աքսոր Գասարճեան  Վարժարանի Աշակերտները  Այցելեցին «Ազդակ»

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

«Ազդակ» օրաթերթին եւ անոր աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով` Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն` ընկերակցութեամբ իրենց դասատուներէն Նազելի Աւագեանի, Մարիա Նաճարեանի, Նաթալի Տալուզեանի եւ Լենա Կարապետեանի: Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան աշակերտներուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները. ան անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերուն դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքին, բջիջայինի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին, երկրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռուսուցման խտացեալ եռամսեայ ծրագիրը, որուն կրնան մասնակցիլ հայոց պատմութեան եւ լեզուի ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ նիւթով հետաքրքրուած անհատներ: Այս շրջագիծին մէջ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը հրաւիրէ լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչները, մամլոյ աշխատակիցները, միութիւններու գրասենեակներու գործավարներն ու նիւթով հետաքրքրուած անհատները` մասնակցելու սոյն դասընթացքին:...

Բարեկենդանի Առիթով Վեհափառ Հայրապետը  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընդունեց  Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Խումբ Մը Փոքրիկներ

Բարեկենդանի Առիթով Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Խումբ Մը Փոքրիկներ

Կիրակի, 7 Փետրուար 2016-ին, Հայ եկեղեցին նշեց Բարեկենդանի տօնը: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս Կիրակնօրեայ վարժարաններ յաճախող խումբ մը փոքրիկներ ընդունեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը քաջալերեց զանոնք, որ կանոնաւոր կերպով յաճախեն Կիրակնօրեայ վարժարան: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն իրենց զաւակները առաջնորդելու հայ դպրոց եւ Կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի անոնք հոգեւոր ու կրթական այս երկու կարեւոր կեդրոններուն...

Page 316 of 364 1 … 315 316 317 … 364

Արխիւներ