Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Նախարար Ռամզի Ժրէյժի. Լուսանկարիչ Ժորժ Սեմերճեան Իր Նահատակութեամբ Եւ Րաֆֆի Պէրպէրեան Իր Ոսպնեակով Մասնակցեցան «Նահատակ Լուսանկարիչի Օր»-ուան Նշումին

February 24, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Photographers_022316

Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի եւ կազմակերպութեամբ Լուսանկարիչներու սենտիքային, երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապակեայ սրահին մէջ նշուեցաւ «Նահատակ լուսանկարիչի օր»-ը` «Մեր կեանքը աւելի զօրաւոր է, քան ձեր մահը» կարգախօսով: Լիբանանեան ուսումնասիրութեանց եւ հրատարակութեանց տնօրէնութեան հետ գործակցաբար իրագործուած այս ձեռնարկին ներկայ էին պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ լուսանկարիչներու խուռներամ բազմութիւն մը: Լուսանկարիչներու զանազան միութիւններու եւ սենտիքաներու անդամ 66 արհեստավարժ լուսանկարիչներ ցուցադրեցին իրենց «գլուխ գործոցները»` լիբանանեան առօրեայի զանազան մարզերուն եւ երեւոյթներուն շուրջ:

Այս առիթով լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք յաջորդաբար խօսք առին տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Հասսան Ֆալհա, լիբանանեան ուսումնասիրութեանց եւ հրատարակութեանց բաժանմունքի տնօրէն Խտըր Մաժետ եւ լուսանկարիչներու սենտիքայի նախագահ Ազիզ Թահեր:

«Կը խոնարհինք նահատակ լուսանկարիչներու յիշատակին առջեւ», ըսաւ նախարար Ռամզի Ժրէյժ` բարձր գնահատելով նահատակ լուսանկարիչներուն նուիրուած այս ձեռնարկը եւ նշեց, որ երբեմն իւրաքանչիւր նկար շատ սուղ եւ դառն պայմաններու մէջ, նոյնիսկ մահուան գնով կը ստացուի: Ան ողջունեց նահատակ լուսանկարիչները, որոնք իրենց կեանքին գնով ուզած էին իրականութիւնը փոխանցել, եւ թուեց նահատակ լուսանկարիչներու անունները, որոնց կարգին` Ժորժ Սեմերճեանը: Նախարար Ժրէյժ այս առիթով վերյիշեցուց լուսանկարիչի բարոյական պարտաւորութիւնները, ուր ան պարտի խուսափիլ կեանքի դառն ու քստմնելի պատկերները հանրութեան փոխանցելէ: Ան «անծանօթ զինուորներ» կոչեց լուսանկարիչները, որոնց  ներկայացուցած այս լուսանկարներուն առջեւ «կարելի չէ չզարմանալ ու չզմայլիլ»:

Դոկտ. Հասսան Ֆալհա նոյնպէս ողջունեց նահատակ լուսանկարիչներու յիշատակը` շեշտելով, որ հակառակ «մեր լուսանկարիչ գործընկերներու նահատակութեան, մենք պիտի շարունակենք անոնց առաքելութիւնը, որովհետեւ «մեր կեանքը աւելի զօրաւոր է, քան ձեր մահը»: Այս առիթով Ֆալհա յիշեցուց լուսանկարիչներու արդար իրաւունքներու ամբողջական հատուցման անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Խտըր Մաժետ ողջունեց նահատակ լուսանկարիչները` շնորհակալութիւն յայտնելով այս ձեռնարկի իրագործման նպաստած բոլոր լուսանկարիչներուն, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի եւ բոլոր պաշտօնակիցներուն ու գործակիցներուն` խոստանալով  շարունակել տեղեկատուական մարզի բոլոր միաւորներուն հետ գործունէութիւնը` հովանաւորութեամբ նախարար Ժրէյժի եւ զօրակցութեամբ ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհայի: Մաժետ ողջունեց ձեռնարկին մասնակից թէ նահատակ լուսանկարիչները, որոնք այս երկրին «հսկող արթուն աչքերն են»:

Լուսանկարիչներու սենտիքայի նախագահ Ազիզ Թահեր եւս իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց լուսանկարիչներու նահատակութիւնը վասն ճշմարտութեան եւ իրողութեան փոխանցման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Սոյն ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լուսանկարիչներու սենտիքայի անդամ Րաֆֆի Պէրպէրեան` լիբանանեան բանակին յատուկ զոյգ նկարներով: Այս առիթով ան «Ազդակ»-ի հարցումին պատասխանելով անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց ձեռնարկի կազմակերպման ու անոր ընդգրկած լուսանկարչական խմբաւորումներու խորագիրներուն շուրջ, իր կարգին ընդգծելով իր վճռակամութիւնը` շարունակելու նահատակ լուսանկարիչներու առաքելութիւնը շեշտելով, որ «մեր կեանքը աւելի զօրաւոր է, քան ձեր մահը» :

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Երուանդ Գույումճեանի Տարիներու Ծառայութիւնը

Յաջորդը

«Այբ Թու Զետ» Արուեստի Վարժարան. Սերոբ Մեսրոպ Խաչատուրեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.