Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 113-րդ Լսարան. Կիրօ Մանոյեան Խօսեցաւ Հայ-Թրքական Սառած Յարաբերութիւններուն Եւ Շրջանային Առնչակից Քաղաքական Գործընթացներուն Մասին

Փետրուար 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Giro__022216

«Ազդակ»ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի

«Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ մամլոյ 113-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ-թուրք սառած յարաբերութիւնները եւ առնչուած քաղաքական գործընթացները տարածաշրջանին մէջ», իսկ զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Vahram_022216Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ան յայտնեց, թէ 2009 թուականին Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ ստորագրուեցան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման արձանագրութիւնները, ապա այդ հոլովոյթը ականահարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ազրպէյճանամէտ լուծման նախապայմանին պատճառով: Առ այդ, թրքական կողմը սառեցուց Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Էմմիեան նկատել տուաւ, որ ներկայիս վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին տիրող պայմանները արմատական կերպով փոխուած են եւ տիրող կացութեան ու միջազգային քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ տարբեր պատկեր եւ հեռանկար կը պարզեն հայ-թրքական յարաբերութիւնները, որոնց մասին պիտի զեկուցէ Կիրօ Մանոյեան: Կիրօ Մանոյեան իր խօսքին սկիզբը նկատել տուաւ, որ 2009-ին, երբ ստորագրուեցան արձանագրութիւնները, միջազգային իրավիճակը շատ տարբեր էր, քան այսօր, աւելցնելով, որ անոնք միջազգային իրավիճակի նախաձեռնութիւն չէին, սակայն եթէ նման կացութեան մէջ չըլլար միջազգային իրավիճակը` այդ արձանագրութիւնները  չէին ստորագրուեր: Մանոյեան անդրադարձաւ 2008-ին տեղի ունեցած Ռուսիա-Վրաստան հնգօրեայ պատերազմին, երբ Ռուսիա սկսաւ առիթ օգտագործել Թուրքիան հեռացնելու համար Արեւմուտքէն: Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Կիւլը Հայաստան հրաւիրելու քայլին` Մանոյեան ըսաւ, որ ատիկա Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ սկսած հոլովոյթ մըն էր եւ Սերժ Սարգսեան Մոսկուա այցելած էր տեղեկացնելու իր նախաձեռնութեան մասին: Ան ըսաւ, որ իր կարծիքով, երբ 8 սեպտեմբեր 2008-ին Կիւլ Հայաստան այցելեց, պատճառը այն էր, որ առանց Հայաստանի հետ յարաբերութիւն հաստատելու կարելի չէր հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ համագործակցութեան ֆորումի կազմաւորումը պատկերացնել: Վրաստան իր կարգին մերժած էր Ռուսիոյ հետ այս մասին խօսիլ, այնքան ատեն որ ռուսերը կը գտնուին վրացական տարածքներուն մէջ: Մանոյեան հաստատեց, որ առիթը օգտագործելով Թուրքիոյ կողմէ ֆորումի նախաձեռնութեան, Ռուսիա փորձեց ցոյց տալ, որ ինք եւս կողմնակից է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ ստեղծուին` աւելցնելով, որ ամերիկացիները այդ շրջանին Թուրքիոյ խոստացած էին, որ այս ձեւով նաեւ Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւն կ՛ըլլայ: Սակայն Հայաստանի կողմէ այս կեցուածքին մերժումը պատճառ եղաւ, որ ի վերջոյ այս երկուքը անջատուին: Այլապէս, երբ մարտ 2009-ին արձանագրութիւնները նախաստորագրուած էին, արդէն բանակցութիւնները վերջացած էին, եւ այն ատեն Թուրքիա նախապայման դրաւ Ղարաբաղի հարցը` ստորագրելու համար: Մանոյեան յայտնեց, որ միշտ Թուրքիոյ հասկացողութեան մէջ եղած է, որ Ղարաբաղի հարցը այս բանակցութիւններուն մաս կը կազմէ:

Անդրադառնալով շրջանի ներկայ կացութեան` Մանոյեան ըսաւ, որ անոր վիճակը լրիւ տարբեր է, եւ եթէ նոյնիսկ Հայաստանը խանդավառ ըլլայ, որ քայլի մը ձեռնարկուի, շրջանի քաղաքական իրավիճակը այնպէս է, որ շատ անհաւանական է, որ նման տեղաշարժ մը արձանագրուի: Այսօր անկարելի է պատկերացնել, որ Թուրքիան յանկարծ նախաձեռնութեամբ հանդէս գայ Հայաստանի նկատմամբ լուրջ յարաբերութիւն ստեղծելու: Ան ըսաւ, որ իրապէս յարաբերութիւններ ստեղծելու ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն չկայ, եւ ասիկա իրենց համար վերջացած հարց է 12 յունուար 2010-էն ի վեր, երբ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը իր որոշումը տուաւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու Հայաստանի սահմանադրութեան համապատասխանելուն կամ չհամապատասխանելուն մասին: Մեկնելով Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին եզրակացութենէն` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը կը հակասէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ոգիին եւ անիմաստ է շարունակել գործընթացը: Մանոյեան ըսաւ, որ մինչ այդ Հայաստան կը շարունակէր յայտարարել, որ ինք պատրաստ է վաւերացնելու խորհրդարանին մէջ այդ արձանագրութիւնները, եթէ նախ Թուրքիան վաւերացնէ, սակայն ի վերջոյ Հայաստանի նախագահը 22 ապրիլ 2010-ին յայտարարեց, որ գործընթացը սառեցուած է եւ անմիջական օրակարգին մաս չի կազմեր, իսկ անցեալ տարի յայտարարեց, որ արձանագրութիւնները ընդհանրապէս մաս չեն կազմեր խորհրդարանի օրակարգին, սակայն տակաւին ստորագրութիւնները վերցուած չեն: Անդրադառնալով ստեղծուած միջազգային իրավիճակին` Մանոյեան հաստատեց, որ Թուրքիա յայտնուած է բաւական բարդ իրավիճակի մէջ եւ ներկայիս ունի ներքին ու արտաքին հարցեր իր դրացիներուն հետ, նաեւ բաւական լարուած յարաբերութեան մէջ է Միացեալ Նահանգներու հետ:  Եզրափակելով իր խօսքը` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար արձանագրութիւններուն տակ ստորագրութիւն պահելը Արեւմուտքի  հետ երկխօսութեան տեղ պահելու նպատակ կը հետապնդէ, եւ հաւանաբար իրենք վստահ են, որ Թուրքիան պիտի չվաւերացնէ զանոնք, սակայն «աւելի հանգիստ կ՛ըլլանք, եթէ ստորագրութիւնները վերցուին», եզրափակեց Մանոյեան:

Աւարտին Մանոյեան պատասխանեց ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին Գործակցութեամբ «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-Ու Հեռուսուցման Ծրագիրի Ծանօթացման Հանդիպում

Յաջորդը

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինը (ՍԱՐՖ) 1 Միլիոն 200.000 Տոլար Հանգանակեց` Ի Նպաստ Սուրիոյ Հայութեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?