Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ` «Երուանդ Մոնոֆարեան» Գրադարանի Բացում

February 25, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

kra-2_022416

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 24 փետրուարին, երեկոյան ժամը 8:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Երուանդ Մոնոֆարեան» գրադարանի բացումը:

kra-1_022416

Ձեռնարկին սկիզբը Երուանդ Մոնոֆարեանի քոյրերը` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեաններ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Երուանդ Փամպուքեանի հետ միասին հատեցին ժապաւէնը եւ կատարեցին գրադարանի բացումը:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մասիս Խաչերեան: Խաչերեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր երազ մըն էր այս կեդրոնին մէջ գրադարանի մը հաստատումը: Ան աւելուց. «Ահաւասիկ այսօր, երբ համաշխարհային գետնի վրայ երիտասարդութեան սէրը յատկապէս կը ծաւալի դէպի համացանցային միջոցներով զարգացման ուղիներու փնտռտուք, մեր դիմաց կ՛իրականանայ դաշնակցական, ազգային եւ միջազգային գրականութեամբ լեցուն, այնքան սպասուած երազը»:

Խաչերեան իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց հանգուցեալ Երուանդ Մոնոֆարեանի ընտանիքին` անոր ժառանգութիւնը եւ հարստութիւնը գրադարանին նուիրելուն համար, եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով խոստացաւ այդ փոխանցուած ջահը անմառ պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի վարչութեան խօսքէն ետք, խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Բագրատունի իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Երուանդ Մոնոֆարեան հարուստ էր այս գիրքերով, եւ այդ հարստութիւնը փոխանցուեցաւ անոնց, որոնց համար իր կեանքի` ամբողջ ընթացքին աշխատած էր ան: Բագրատունի իր խօսքին մէջ աւելցուց, որ չկար աւելի լաւ ձեւ վառ պահելու Մոնոֆարեանի յիշատակը, քան իր անունով գրադարանի մը հաստատումը: Ան նաեւ ըսաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք ծանօթ չեն Երուանդ Մոնոֆարեանին, պարզապէս այս գիրքերուն խորագիրները կարդալով կրնան ծանօթանալ ընկերոջ եւ իր աշխատանքի ուղիին: Բագրատունի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Երուանդ Մոնոֆարեանի լայնածաւալ աշխատանքներուն եւ գաղափարներուն: Ան նշեց, որ Մոնոֆարեանի գաղափարն էր դաշնակցական ձայնասփիւռի կայանի մը «Վանայ ձայն»-ի հաստատման անհրաժեշտութիւնը: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Երուանդ Մոնոֆարեանի գրական կեանքի առաջին քայլերուն, երբ ան Հալէպի մջ «Արեւելք»-ի խմբագիր էր, ապա աւելցուց, որ Մոնոֆարեան դաշնակցական ղեկավարի իտէալ մըն էր` նկատի ունենալով Լիբանանի տագնապալի օրերը, երբ ան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ էր: Ան օրեր շարունակ գիշերած է իր գրասենեակին մէջ` մի՛շտ իր կողքին ունենալով գիրքն ու գրադարանը: Օրուան բանախօսը ներկաներուն յիշեցուց նաեւ, թէ Մոնոֆարեանն ու գիրքը մէկ էին, եւ անոր հետաքրքրութիւնը չէր կեդրոնանար միայն գրականութեան վրայ, այլ ան իր վերջին տարիներուն կ՛աշխատէր նաեւ նոր բառարանի մը պատրաստութեան վրայ: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին աւարտին անգամ մը եւս շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկաներուն եւ խոստացաւ, որ այս գրադարանը միջոց մը պիտի ըլլայ դաշնակցական երիտասարդութիւնը հասցնելու մտաւորական պատնէշին, ինչպէս հասած էր նոյնինքն Երուանդ Մոնոֆարեան:

 

Նախորդը

Դասախօսական Երեկոյ` Նուիրուած Տիեզերական Վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.