Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այբ Թու Զետ» Արուեստի Վարժարան. Սերոբ Մեսրոպ Խաչատուրեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Փետրուար 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ayp-1_022316

Կազմակերպութեամբ «Այբ թու զետ» արուեստի վարժարանին, երեքշաբթի, 23 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի «Այբ թու զետ» արուեստի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սերոբ Մեսրոպ Խաչատուրեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը:

«Այբ թու զետ» արուեստի վարժարանի տնօրէն Մարալ Փանոսեան բացատրեց, թէ այս անհատական ցուցահանդէսը արդիւնքն է չորս ամսուան ճնշուած աշխատանքի: Փանոսեան շարունակեց ըսելով, թէ Խաչատուրեանի փորթֆոլիոն պատրաստելու համար «Այբ թու զետ» վարժարանի վերջին դասընթացքի ծրագիրը խտացուցին եւ շնորհիւ արուեստագէտին խանդավառութեան ու հետեւողական աշխատանքին յաջողեցան ամբողջացնել փորթֆոլիոն եւ զայն ներկայացնել այս ցուցահանդէսին: Ան նաեւ յայտնեց, որ Խաչատուրեանի եւ իր առաջին հանդիպումը 2004-ին էր, որմէ մնացած է կիսաւարտ նկար մը, զոր արուեստագէտը անուանած է «2004, Մարալին հետ»: Սակայն Սերոբ Խաչատուրեան գեղանկարչութիւնը սիրած է մանկութենէն: Արդարեւ, ան հետեւած է գեղանկարչութեան դասերու Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին մէջ եւ հետագային մասնագիտացած է տեսողական հաղորդակցութեան մարզին մէջ: 2004-էն 2016 ստեղծագործական բացակայութենէ մը ետք, Խաչատուրեան կրկին դիմած է «Այբ թու զետ»-ին` անդրադառնալով, որ իր կոչումը արուեստի աշխարհին մէջ է: Այժմ, այս փորթֆոլիոյով եւ «Այբ թու զետ»-ի աջակցութեամբ, Խաչատուրեան կը պատրաստուի մեկնիլ Գերմանիա` մասնագիտանալու համար իր էութիւնը արտայայտող ասպարէզին մէջ:

Սերոբ Մեսրոպ Խաչատուրեան այս ցուցահանդէսը անուանած է «Փոթորիկը», իրավիճակներու եւ ապրումներու փոթորիկը: Խաչատուրեան վարպետութեամբ կը գործածէ իւղաներկը, մատիտը, ջրաներկը` միասնաբար գործածելով նաեւ տարբեր նիւթեր: Ցուցադրուած գեղանկարներուն միջեւ աչքի կը զարնէր Այվազովսքի մը. արուեստագէտը բացատրեց, թէ այդ գեղանկարը ուսումնասիրական աշխատանք մըն է, զոր կատարած է 2005-ին: Ան աւելցուց, թէ ուսումնասիրութիւնները անհրաժեշտ են արուեստագէտի մը կազմաւորման համար, սակայն պէտք է նաեւ ստեղծագործական ուղի մը գտնել իւրայատուկ գիծ մը զարգացնելու համար իբրեւ արուեստագէտ: Խաչատուրեանի մատիտով պատրաստուած գեղանկարներուն միջեւ յատկանշական են պարային կեցուածքներ արտայայտող գործերը` «Պարողներ» եւ «Ակադեմական հաւասարակշռութիւն»: Ան մեկնաբանեց ըսելով, թէ շարժումը զինք շատ կը հետաքրքրէ, իսկ պարը արուեստի լեզուով թարգմանուած շարժումն է, որուն տարբեր անկիւնները կը փափաքի հետագային յայտնաբերել իր գործերուն ընդմէջէն:

Սերոբ Մեսրոպ Խաչատուրեանի «Փոթորիկը» անհատական ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ շաբաթ, 27 փետրուար, երեկոյեան ժամը 5:00-էն 7:00:

 

 

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Նախարար Ռամզի Ժրէյժի. Լուսանկարիչ Ժորժ Սեմերճեան Իր Նահատակութեամբ Եւ Րաֆֆի Պէրպէրեան Իր Ոսպնեակով Մասնակցեցան «Նահատակ Լուսանկարիչի Օր»-ուան Նշումին

Յաջորդը

Տաւութօղլու Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Համար Կը Մեղադրէ Ռուսիան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ  Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ  «Պէզիքեան» Կեդրոնին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ «Պէզիքեան» Կեդրոնին

Յունիս 14, 2025
Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Գաղութային

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Յունիս 13, 2025
Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում
Գաղութային

Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?