Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպանատուներ Իր Այցելութիւններուն Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատուն

April 16, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

UK-Embassy-15-04-2016

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատուն, ուր դեսպանին երկրէն բացակայութեան պատճառով հանդիպում ունեցաւ դեսպանի տեղակալ Պենճամին Ուասթնէյճի եւ դեսպանատան երկրորդ քարտուղար, քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Նիքոլա Տի Լուցիոյի հետ:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին երկայնքով վերջերս ստեղծուած կացութեան նկատմամբ` նշելով, որ 5 ապրիլին հաստատուած կրակոցի դադրեցումը իրականութեան մէջ վերադարձ մըն է զերօ կէտին` 1994-էն ետք ստեղծուած այն կացութեան, ուր Ազրպէյճան շարունակ կը խախտէ զինադադարը, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը բաւարարուին կատարելով ընդհանրական յայտարարութիւններ, որոնց մէջ յանցագործն ու զոհը կը դնեն նոյն նժարին վրայ:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս ընդունի Մինսքի խմբակի առաջարկած զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմը, որ ոչ միայն պիտի ամրապնդէ զինադուլը, այլ նաեւ պիտի նպաստէ տագնապի խաղաղ լուծման համար բանակցութիւններու խթանման: Պատուիրակութիւնը աւելցուց, որ հայկական կողմը ընդունած է Մինսքի խմբակի այդ առաջարկը, որովհետեւ ոչինչ ունի թաքցնելիք:

Պատուիրակութիւնը այս առիթով նաեւ դեսպանին յղուած նամակ մը յանձնեց բրիտանացի դիւանագէտին: Բրիտանիոյ դեսպանին տեղակալը խոստացաւ զայն փոխանցել Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:

Նախորդը

«Ապրիլեան Դատով, Արցախի Ոգիով» Ոգեկոչման Ձեռնարկ Եւ Մոմավառութիւն

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Կ՛առաջարկեն Պետական Կառոյցները Քննադատողները Պատժող Օրէնք Որդեգրել

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.