Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Բազմամարդ Ձեռնարկ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղին

Ապրիլ 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

fa-1_41816

fa-3_41816Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ձեռնարկ: Նախքան ձեռնարկին սկսիլը, ներկաները ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ քայլարշաւ կատարեցին Ֆանարի մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի դաշտ, ուր Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Արազ Գազանճեան: Ան նկատել տուաւ, որ «ապրիլ»-ը խորհրդանիշն է կեանքի, ծաղկունքի, գարնան, սակայն մեզի համար սեւ յիշատակներու ամիս մըն է. ջարդի, տեղահանութեան, աքսորի, աւերի եւ ցեղասպանութեան` աւելցնելով, որ անցած է դար մը եւ տակաւին թշնամին նոյնն է, կը փորձէ իր արիւնաթաթախ ձեռքերով շարունակել իր ոճիրները, կը վարէ նոյն անքաղաքակիրթ քաղաքականութիւնը` փորձելով բռնի կերպով տեղահան ընել կամ սպաննել հայը: «Սակայն ինչպէս 100 տարի առաջ, այսօր եւս հայը վճռած է ապրիլ, գուցէ իր կեանքը նուիրաբերել ապրելու համար», շեշտեց Ա. Գազանճեան` հաստատելով, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր եւս իր «ոչ»-ը կ՛ըսէ Արցախի մէջ վերջերս կատարուած վայրագ դէպքերուն` զօրավիգ կանգնելով հոն գտնուող հայրենակիցներուն: «Հայաստանն ու Արցախը այսօր կը ներկայացնեն հայ ազգի ուժն ու գոյատեւումը: Ուստի բոլորս պէտք է տէր կանգնինք անոնց», եզրափակեց Արազ Գազանճեան:

fa-2_41816«Ապրիլ է նորէն, բայց 1915-ի ապրիլը չէ: Ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդին համար շատոնց դադրած է սուգի ամիս ըլլալէ: Անիկա պահանջատիրութեան եւ յարատեւութեան ամիս է: Պատմականօրէն անիմաստ է այլեւս շեշտել, թէ ի՛նչ դէպքեր եւ ինչպէ՛ս պատահած են, աշխարհը քայլ մը անդին անցած է եւ ոչ միայն հայերը, այլ շատ մը երկիրներ Թուրքիայէն վնասուց հատուցում կը պահանջեն»:

Ահա այս խօսքերով սկսաւ իր բանախօսութիւնը ՀՅԴ «Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան: Ան շեշտեց, որ ապրիլեան նահատակները ակամայ իրենց կեանքը կորսնցուցին, սակայն չմեռան` աւելցնելով, որ անոնք նոր կերպարանքով հանդէս եկան, եւ ահաւասիկ 101 տարի ետք կը տեսնենք, որ անոնք ներկայ են մեր մէջ, մենք ժառանգորդներն ենք նահատակ ցեղի, ժառանգորդներն ենք մեր արդար դատին: Շարունակելով իր խօսքը` Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ թուրքը դժբախտաբար չի կրնար իր ինքնութիւնը փոխել,  եւ 1 դար ու 1 տարի ետք տակաւին մնացած է նոյն անարդար եւ խորամանկ թուրքը: «Ո՞ւր է արդարութիւնը, երբ որճրագործը կը դառնայ զոհ, իսկ զոհը` յանցագործ», ըսաւ բանախօսը` հարց տալով, թէ ո՞ւր են այն միջազգային կազմակերպութիւնները, մշակութային կոթողներու պահպանութեան մարդկային իրաւանց մարմինները եւ իրենք զիրենք արդարադատ հռչակած այն ուժերը, որոնք լռած են եւ տակաւին կը շարունակեն լռել:

Ան նկատել տուաւ, որ արցախեան չորսօրեայ պատերազմը կու գայ փաստելու, որ ազրպէյճանցին եւ թուրքը տակաւին նոյն քաղաքականութիւնը հետապնդողներն են, եւ հակառակ ժամանակի փոփոխութեան` անոնք մնացած են նոյն խաւարամիտը եւ բարբարոսը` աւելցնելով, որ մենք ազգովին պէտք է միշտ զգաստ ու զգօն ըլլանք` դիմագրաւելու համար մեր առջեւ բացուած մարտահրաւէրները:

Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը փաստած է, որ ան իր յոյսը միայն իր ուժերուն վրայ պէտք է դնէ` աւելցնելով, որ արցախեան վերջին պատերազմը անգամ մը եւս փաստեց, որ զինադադարները, համաձայնագիրները եւ գերուժերու խոստումները վայրկենական կերպով կրնան խախտիլ, եւ եթէ մենք զինուած չենք հեռատես քաղաքականութեամբ, պիտի կորսնցնենք մեր իրաւունքը, մեր մատղաշ զինուորը եւ մեր հողը. հետեւաբար պէտք է միշտ արթուն ըլլալ, որովհետեւ պատերազմը թերեւս դադրած է, սակայն չէ աւարտած:

«Այսօր, ԼԵՄ-ի կազմակերպած այս ձեռնարկին հայ երիտասարդը կու գայ իր ուխտը վերանորոգելու, անգամ մը եւս հաստատելու, որ ինք պատրաստ է ամէն գնով պայքարելու յանուն իր հայրենիքին, ժողովուրդին եւ իր արդար դատին` գիտակցելով, որ իր ներդրումը մեծ եւ անհրաժեշտ դեր ունի մեր դատը շարունակելու աշխատանքին մէջ: ԼԵՄ-ականը կը գիտակցի, որ այսօր մեծ դեր վստահուած է իրեն, սակայն կը պահանջուի, որ ան զինուի գիտութեան զէնքով, ըլլայ պարտաճանաչ, նուիրուած ու զոհաբերող անձ մը, ծառայէ անշահախնդրօրէն` հաւաքական շահերը վեր դասելով իր անձնական շահերէն», եզրափակեց Արծիւ Տէր Խաչատուրեան:

fa-4_41816fa-7_41816Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան կրտսեր պատանիները (երգ), Սերոբ Յակոբեան (երգ), Գէորգ Գատէհճեան (ասմունք): Ցուցադրուեցաւ նաեւ «Զարթօնքէն մինչեւ այսօր» խորագիրը կրող տեսերիզ մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

fa-6_41816

 

fa-5_41816

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճ. «Հայոց Պատմութեան Յաղթական Երթը» Խորագիրով Վաւերագրական Ցուցահանդէսի Պաշտօնական Բացում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ապրիլեան Բացառիկը` Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններու Հովանաւորութեամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարուան Պայմանաժամի  Առաջարկ Ընողները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարուան Պայմանաժամի Առաջարկ Ընողները

Դեկտեմբեր 9, 2025
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Հայ Գիրքի Համահայկական  Ցուցահանդէս-Փառատօնի Բացում
Գաղութային

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէս-Փառատօնի Բացում

Դեկտեմբեր 9, 2025
Այցելութիւն «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն
Գաղութային

Այցելութիւն «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?