Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթին Առիթով. Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Թրիփոլիի Միւֆթիին` Մաղթելով, Որ Խաղաղութիւնը Տիրէ Թրիփոլիի Եւ Համայն Լիբանանի Մէջ

Ապրիլ 11, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mufti-11_41016

«Կ՛աղօթենք Լիբանանի հայ եւ արաբ երիտասարդներուն համար, որպէսզի անոնք միասնաբար գործակցին ի խնդիր Լիբանանի զարգացման ու յառաջդիմութեան», յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, երէկ Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթին առիթով Թրիփոլիի եւ հիւսիսի Լիբանանի միւֆթի դոկտ. շէյխ Մալեք Շաարի տուած իր այցելութեան առիթով: Առաջնորդ սրբազանը, որուն կ՛ընկերակցէր պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Թրիփոլիի թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչ Խաչիկ Հարունեանի եւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանի, դիտել տուաւ, որ դպրոցը յարմարագոյն վայրն է տարբեր կրօններու եւ զանազան համայնքներու երիտասարդներու զարգացման: Սրբազան հայրը լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով յայտնեց, որ թէեւ միւֆթիին հետ խորհրդակցութիւնները քաղաքական հարցեր չընդգրկեցին, սակայն  «վստահ ենք, որ միւֆթի Շաար կը հետաքրքրուի ու նախանձախնդիր է երկրի քաղաքական կայունութեան եւ լիայոյս ենք, որ մենք մաս կը կազմենք անոր ազգային շինիչ առաջադրանքներուն»:

Ապա Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտարեան ներկաները հրաւիրեց ճաշկերոյթի մը` Թրիփոլիի «Հասան Շաթեր» ճաշարանին մէջ: Հացկերոյթին  մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, երեսփոխաններ Խտըր Հապիպ, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ըսթֆան Տուէյհի եւ Պատըր Ուաննուս, Թրիփոլիի եւ Մինայի քաղաքապետները, հիւսիսային Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի ներկայացուցիչ Նատեր Ատրա, հիւսիսային Լիբանանի մէջ Ազգային ազատ հոսանքի ներկայացուցիչ Ժորժ Աթալլա, Մարատա հոսանքի ներկայացուցիչ Ռաֆլէ Տիապ եւ նախարարներու ու երեսփոխաններու ներկայացուցիչներ:

Միւֆթի Շաար իր բնակարանին մէջ ընդունելութեան առիթով թէ ճաշկերոյթին ընթացքին արտասանած իր խօսքերով ողջունեց Շահէ սրբազանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` նշելով, որ առաջնորդ սրբազանը կը գտնուի մէկ հայրենիքի զաւակներու միջեւ համակեցութեան քաղաք Թրիփոլիի իր տան եւ ընտանիքին մէջ եւ թէ ան զինք կը հիւրընկալէ ոչ միայն իբրեւ Թրիփոլիի, այլեւ իբրեւ համայն Լիբանանի սիւներէն մէկը: «Քրիստոնէութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ համայնքային ու դաւանական եզրերը շրջանցող այս սէրը, կը փոխադարձենք նոյն ոգիով ու փոխադարձ ողջմտութեամբ, համակերպութեամբ եւ հանդուրժողականութեամբ կը գործակցինք ի խնդիր մէկ ու միացեալ հայրենիքի կերտումին», շեշտեց միւֆթի Շաար:

Այս առիթով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Հարմանտարեան յայտնեց, թէ «ի նպաստ հայկական վարժարանին կազմակերպուած այս ճաշկերոյթը առիթ մըն է, որ կը միացնէ խաչն ու մահիկը, ինչ որ խորապէս կ՛ուրախացնէ մեզ»: Հարմանտարեան նաեւ յայտնեց, որ Թրիփոլիի հայութիւնը մօտերս իր ներկայացուցիչը պիտի ունենայ Մինայի քաղաքապետական խորհուրդի կազմին մէջ: «Թրիփոլին մեր գոյութեան ու կառոյցին անբաժան մասնիկն է, այս ներկայացուցչութիւնը ի զօրու է 1928-էն ի վեր եւ մենք Թրիփոլիի ու Մինայի մեր ընտանիքներուն եւ ազգակիցներուն զօրակցութեամբ պիտի պահպանենք անգիր օրէնքի այս աւանդութիւնն ու ամրապնդենք մեր եղբայրական կապերը», ընդգծեց Վաչէ Հարմանտարեան:

Նախորդը

«Դաշնակցութեան Ուժը Իր Առաջադրած Գաղափարներու Վեհութեան Մէջ Է» Ըսաւ Կարօ Յարութիւնեան

Յաջորդը

Ռոկոզին. «Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Զէնք Մատակարարել Ազրպէյճանին»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը
Գաղութային

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?