ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 10 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀՅԴ-ն երէկ, այսօր եւ վաղը (անցեալի հետքերով, ապագայի տեսլականով)» նիւթով ձեռնարկը, որ սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, ինչպէս մաեւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պատանի պարմանուհիները ներկայացումներով, կենդանի պատկերներով, տեսերիզներու ցուցադրութեամբ, երգով, պարով ու նուագով պատմեցին ու փառքը հիւսեցին 126-ամեայ Դաշնակցութեան` սկսելով անոր ծնունդէն, ապա գործունէութիւններէն, ազատագրական պայքարէն մինչեւ Նեմեսիս, Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան կերտում, մինչեւ Փետրուարեան ապստամբութիւն, գաղութներու կազմակերպական կեանք, ապա` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան տարիներուն Դաշնակցութեան ստանձնած դերը եւ վերջապէս` Արցախի ազատագրական պայքարը: Գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին Իզապէլ Տիարպի արտասանեց Պ. Սեւանի «Ղօղանջ Եղեռական» կտորը: «Հեռացած ընկերներ» երգը մեկնաբանեց Խաչիկ Գրիգորեան` նուագակցութեամբ Ճորճ Կպրոյեանի, Սագօ Եագուպեան մարմնաւորեց Դաշնակցութեան հին սերունդի ներկայացուցիչը, իսկ Սեւակ Զարմէնեան` նոր սերունդի, վերջինս սրինգով նուագեց «Կոտորած անգութ» երգը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ հակառակ տարբեր ուղղութիւններով փչող փոթորիկներուն, Դաշնակցութիւնը եղած է ու կը մնայ առողջ եւ հաստատ` իր ժողովուրդի ծառայութեան պատուանդանին վրայ:
Ապա Յարութիւնեան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան կազմակերպուածութեան եւ տասնամեակներու ընթացքին բիւրեղացած կանոնագիրի տրամադրութիւններուն անշեղ գործադրման եւ համաժողովրդային կուսակցութիւն ըլլալուն եւ մնայուն կերպով ժողովուրդին կամքին արտայայտիչը հանդիսանալուն մէջ պէտք է տեսնել Դաշնակցութեան ունեցած ուժը եւ հմայքին գաղտնիքը: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը կանգնած են կողք-կողքի տասնամեակներ շարունակ եւ չեն լքած զիրար` լաւ թէ վատ օրերուն: Դաշնակցութիւնը միշտ գիտցած է լաւ դիտել դէպքերը, ճիշդ կշռել կացութիւնները եւ ունենալ համապատասխան դիրքորոշում ըստ պայմաններուն, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը երբեք չէ վարանած զոհելու իր լաւագոյն տղաքը հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր, դիտել տուաւ Կարօ Յարութիւնեան:
Հայ ժողովուրդի հայեցի դիմագիծի պահպանման առաջնահերթ անհրաժեշտութեան գծով Դաշնակցութեան տեսակէտը աւելի պարզաբանելու իմաստով բանախօսը ըսաւ, թէ սփիւռքի հայ իրականութեան մէջ Դաշնակցութիւնը իր ուղեկից միութիւններուն հետ գործակցաբար ամէն բանէ առաջ ունի հայը հայ պահելու խնդիր: Հայ աշակերտը դէպի հայկական դպրոց ուղղելու եւ անոր հայեցի առողջ դաստիարակութիւն ապահովելու հարց:
Կարօ Յարութիւնեան կարեւորութեամբ նշեց, որ սփիւռքի կառոյցները եւ Լիբանանի գաղութը մասնաւորաբար առաւել ամրացնելու նպատակով անհրաժեշտ է զարկ տալ մարդուժի պատրաստութեան գործին: Անհրաժեշտ է, որ հայ երիտասարդը ունենայ քաղաքական հասուն միտք եւ առողջ ըմբռնում:
Ինչ կը վերաբերի այս օրերուն թուրք մտաւորականութեան մէկ մասին զգուշաւոր զարթնումին եւ պոլսահայութեան հետզհետէ աւելի բարձր հնչող պահանջատիրական ելոյթներուն, բանախօսը յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ գործունէութեան նոր կարելիութիւններ կ՛ուրուագծուին Դաշնակցութեան համար: Սակայն պոլսահայութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն հետ որեւէ աշխատանքի պարագային անհրաժեշտ է խորապէս քննել ընձեռուած կարելիութիւնները եւ հաւանական անպատեհութիւնները, ըսաւ Կարօ Յարութիւնեան, ապա անդրադառնալով Արցախի մէջ վերջերս բռնկած պատերազմին նշեց, թէ Դաշնակցութեան համար ուժը ո՛չ Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւորներու թիւին մէջ է, ո՛չ ալ կառավարութեան մէջ դաշնակցական նախարարներու թիւին մէջ, այլ` Դաշնակցութեան ուժը իր առաջադրած գաղափարներու վեհութեան մէջ, իր հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ տածած սիրոյ ու անոնց պաշտպանութեան ի խնդիր իր գերագոյնը զոհաբերելու պատրաստակամութեան մէջ է:
Դաշնակցութիւնը պատրաստ է անվարան կանգնելու Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ բանակին կողքին` անոնց տրամադրելով այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ կը զգացուի:
Կարօ Յարութիւնեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Կը հաւատանք, որ լիբանանահայութիւնը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ պէտք է պահէ ինքզինք յաջորդ օրերուն Արցախ հասցնելու նիւթական եւ բարոյական ամէն տեսակի նուիրաբերում: Կոտրուած է թշնամիին կամքը, բայց վերաշինութեան հսկայ աշխատանքի առիթ կայ: Յառաջիկայ օրերը մեր առջեւ ի՛նչ մարտահրաւէրներ պիտի դնեն` չենք գիտեր. սակայն գիտենք, որ ինչքա՛ն ալ ծանր ըլլայ մեր բեռը, նորէն պատուով դուրս պիտի գանք պայքարէն` մեր պաշտելի ժողովուրդին հետ միասնաբար»:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: