«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ գամիշլիահայ Սպիտակ Ազատ Ղազարեան, Դամասկոսի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին արկածի մը իբրեւ հետեւանք զոհուած է:
Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է շաբաթ, 9 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:


