Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղկեայ Փիլոնի Տուչութիւն` Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեանին

Ապրիլ 18, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայրենական Ճակատներուն Վրայ
Մեր Զինուորները Իրենց Արիւնով
Կը Պաշտպանեն Հայրենի Հողը»

Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

pilon_41716Երէկ` կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Պատարագի ընթացքին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոնդակը, որուն հիմամբ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան կը ստանար ծաղկեայ փիլոն: Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը կոնդակը յանձնեց քահանայ հօր:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ եկեղեցական դասու անդամները միշտ չէ, որ պատիւներու կ՛արժանանան եւ միշտ չէ որ վեհափառ հայրապետը շնորհներ կ՛ընծայէ հոգեւորականներուն, որովհետեւ հոգեւորականութիւնը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կոչուած է ծառայութեան` արժեւորելու համար ինքզինք եւ իր ծառայութեան ճամբով պատիւ բերելու համար եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: «Սիրելի տէր Մկրտիչը այս եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կեանքին մէջ կ՛ընէ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է եւ երբեմն կ՛ընէ այն, ինչ որ իրմէ չի պահանջուիր, եւ այդ վկայութիւնը մեզի փոխանցած է եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, որ խնդրամատոյց ըլլալով կ՛առաջարկէր, որ բազմամեայ ծառայութեան դիմաց տէր հայրը արժանանայ վեհափառ հայրապետի գնահատանքին եւ օրհնութեան», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ սոյն առիթով կ՛աղօթէ, որ Աստուած երկար եւ բարօր կեանք պարգեւէ տէր հօր, որպէսզի ան իր կեանքի մնացեալ օրերուն եւս եռանդով, նուիրուածութեամբ եւ գիտակցօրէն տանի իր ծառայական պաշտօնը` ի խնդիր եկեղեցւոյ առաւել ծաղկումին եւ մեր ժողովուրդի վերելքին:

Անդրադառնալով նոյն օրուան «Կարմիր կիրակի» կոչուելուն` առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, թէ «կարմիր» բառը կ՛ակնարկէ Քրիստոսի թափած կարմիր արեան, այն բիւրաւոր մարտիրոսներուն, որոնք Քրիստոսի եկեղեցին աշխարհի մէջ հաստատելու համար իրենց հաւատքի հարազատութիւնը արտայայտեցին իրենց արեան հեղումով, նաեւ կ՛ակնարկէ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքին իրենց կեանքը ընծայած բիւրաւոր հաւատացեալներուն:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ «կարմիր» բառը կ՛ակնարկէ նաեւ այն ծառայութեան, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան մէջ կամ ազգի ծառայութեան ճամբաներուն վրայ` մեր ազգի գոյութեան եւ մեր եկեղեցւոյ յարատեւութեան համար կ՛ընծայէ: «Դարեր ետք կանգուն ենք իբրեւ ազգ եւ իբրեւ եկեղեցի` շնորհիւ այն ծառայութեան, զորս մեր ժողովուրդի զաւակները կ՛ընծայեն մեր հաւաքական գոյութեան համար», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ օրինակ բերելով Պետրոս առաքեալի խօսքերը, որոնց մէջ ան կը մղէ երէցները, որ առաջնորդեն իրենց վստահուած հօտը, նկատել տուաւ, որ յիշելով այս խօսքերը հոգեւորականները պէտք է անդրադառնան, որ քրիստոնէական ըմբռնողութեան մէջ մեծութիւնը կ՛իրագործուի ծառայութեան ճամբով, նաեւ ճշմարիտ առաջնորդութիւնը կը կատարուի ծառայութեան ճամբով:

Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն վերստին ամրապնդելու իրենց հաւատքը` յայտնաբերելու համար նուիրական այն սկզբունքները, որոնք անցնող բոլոր դարերուն մեզ կանգուն պահեցին` ի խնդիր մեր գոյութեան համար մղած մեր պայքարներուն մէջ: Անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերուն` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ հայրենական ճակատներուն վրայ մեր զինուորներն ու զօրքերը իրենց արիւնով կը պաշտպանեն հայրենական հողը, կը պաշտպանեն մեր պատմութիւնը, դէպի ապագայ մեր գնացքը եւ հայուն արժանապատուութիւնը, նաեւ առիթ կ՛ընծայեն մեր ժողովուրդին, որ վերանկախացած հայրենական սահմաններուն մէջ դարձեալ ապրի իր քրիստոնէական հաւատքը` վերստին կենսունակութիւն հաղորդելով իր եկեղեցական կեանքին եւ վերստին առիթ տալով, որ մեր ժողովուրդը իր հայրերուն հաւատքով փառաբանէ զԱստուած իր առօրեային մէջ:

«Այստեղ` սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, մենք ալ պարտինք նոյն պայքարը մղել թէկուզ տարբեր պայմաններով եւ տարբեր միջոցներու օգտագործումով: Հայ ժողովուրդը, ինչպէս անցեալին, պէտք ունի իւրաքանչիւրիս ներդրումին: Աստուած կարողութիւններ եւ ձիրքեր շնորհած է բոլորիս, որոնց մէկտեղումով պիտի ապրի հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին եւ այդ կարողութիւններուն ու շնորհներուն նուիրաբերումով պիտի գոյատեւէ նաեւ հայրենիքը, պիտի ապրի մեր պատմութիւնը եւ անցնի յաւերժութեան սահմանները», եզրափակեց Շահէ եպս. Փանոսեան:

 

 

Նախորդը

Համախմբուածութիւն` Յանուն Ցեղասպանութեան Եւ Արցախի Անկախութեան Միջազգային Ճանաչման

Յաջորդը

«Ո՛չ Անարդարութեան, Ո՛չ Անտարբերութեան, Ո՛չ Ժխտումին» Պատանեկան Միութիւններու Քայլարշաւներ` Զալքայի, Անթիլիասի Եւ Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?