Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Քարոզչական Մարմին. Արցախ Գործուղուած Լիբանանցի Լրագրողներու Հետ Հանդիպում Եւ Լրահաղորդումներու Ներկայացում

Ապրիլ 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

TV-reporters_41416

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին երէկ` հինգշաբթի, 14 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արցախ գործուղուած եւ իրենց դիտանկիւնով Լեռնային Ղարաբաղի սահմանային գօտիներուն վրայ տիրող իրավիճակը ներկայացուցած լիբանանցի լրագրողներուն հետ: Անոնք էին` «Էմ. Թի. Վի.», «Էլ. Պի. Սի.» եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներ` Ժոել Քոզէյլի, Էտմոն Սեսին եւ Նաուալ Պըրրի:

nerganer_41416

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետի ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, տնօրէններ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:

Շաղիկ Յովսէփեան
Շաղիկ Յովսէփեան

Լիբանանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին անունով Շաղիկ Յովսէփեան յայտնեց, որ ի տես ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ստեղծած ալիքին եւ արաբական ու յատկապէս լիբանանեան մամուլին մէջ այդ իմաստով նկատուած արձագանգումներուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անմիջապէս որոշեց Լեռնային Ղարաբաղի սահմանային գօտի գործուղել լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանները, ինչպէս նաեւ մնայուն կապի մէջ մնալով եւ յատուկ լրատուութիւններու յղումով լիբանանեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը իրազեկ պահել գետնին վրայ տիրող իրական կացութեան:

«Ներդրուած ճիգերը արդիւնաւորուեցան եւ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կարելի եղաւ լիբանանեան հանրային կարծիքին մօտ այս հարցին ճիշդ պարզաբանումը ապահովել լիբանանեան հանրային կարծիքին մօտ», ըսաւ ան:

Շ. Յովսէփեան անդրադարձաւ նաեւ ՀՅԴ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան շարքերուն կողմէ անցնող օրերուն կատարուած զօրակցական հաւաքներուն, Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն տրուած այցելութիւններուն եւ անոնց յանձնուած յուշագիրներուն, եւ յատկապէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ պետական-քաղաքական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ հայկական տեսակէտի ու գործօնի փոխանցման իրականութիւններուն:

«Լիբանանահայ գաղութը, ինչպէս միշտ, այս հանգրուանին եւս իր բոլոր շերտերով եւ հատուածներով կը գտնուի զգաստ ու պատրաստ` իր բարոյական, ֆիզիքական եւ նիւթական զօրակցութեան ու աջակցութեան գործնական փաստն ու ապացոյցը տալու: Այս համոզումով, վստահ ենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի չորեքշաբթի, 20 ապրիլին կազմակերպած ռատիոթոնը պիտի դառնայ լիբանանահայութեան հաւաքական կամքը դրսեւորող օրինակելի նախաձեռնութիւն եւ բոլորը անխտիր անմասն պիտի չմնան այս սրբազան պարտականութենէն», ըսաւ ան:

Շաղիկ Յովսէփեան ողջունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը` յաջողութիւն մաղթելով անոր դիւանագիտական առաքելութեան ու գործունէութեան:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան
Տոքթ. Էլի Թաշճեան

Ապա խօսք առաւ տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ Յակոբ Գառնէշեանի ու Կիրակոս Գարակէօզեանի կողքին ընկերակցած էր լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներուն Արցախ գործուղման:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան անդրադարձաւ այդ օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան, զինուորական իրավիճակին եւ հակառակ զինադադարին` Ազրպէյճանի կողմէ տակաւին շարունակուող հայկական դիրքերու հրետակոծումին:

Տոքթ. Թաշճեան մանրամասնօրէն ներկայացուց քառօրեայ պատերազմական գործողութիւնները` Թալիշ-Մատաղիս-Մարտակերտ եւ Ճեպրայիլ-Մարտունի ճակատներուն ուղղութեամբ:

Ան անդրադարձաւ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ օգտագործուած արդիական սպառազինութեան, հրթիռային համակարգերուն եւ անօդաչու թռչող սարքերուն` ընդգծելով, որ հայկական կողմը այս բոլորին կրցաւ դիմակայել մարտական ոգիով եւ հմտութեամբ` առանց որեւէ դիրքի վրայ նահանջ արձանագրելու:

Տոքթ. Թաշճեան ակնարկեց նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած տեղեկատուական եւ քարոզչական պատերազմին` ընդգծելով, որ այս բոլորին դիմաց հայկական կողմը որդեգրած է բաց քաղաքականութիւն: «Արցախ հասած հայ թէ օտար լրագրողներուն համար հասանելի էր ամէն ինչ եւ տրամադրուած էր ազատ լրատուութիւն կատարելու ամէն միջոց», ըսաւ ան:

Է. Թաշճեան շեշտեց, որ ճակատամարտը աւարտած է, սակայն պատերազմը` ոչ, աւելցնելով, որ հայկական ազգային միասնականութիւնը պէտք է ամէն գնով պահպանել եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը բոլոր ժամանակներէն աւելի գործնական կերպով դրսեւորել:

Ապա Շ. Յովսէփեան արաբերէնով անդրադարձաւ 1-2 ապրիլ լուսցող գիշերուան ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն եւ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ 1994-ին հաստատուած զինադուլը կոպիտ կերպով խախտելու իրականութեան` միաժամանակ հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ կերպով լուծելու հայկական կողմին կառչածութիւնը:

Անոր խօսքէն ետք ցուցադրուեցան իւրաքանչիւր լրագրողի կողմէ պատրաստուած եւ իր կայանէն սփռուած լրահաղորդումները, որոնց աւարտին իւրաքանչիւրը ներկաներուն հետ բաժնեց իր գործուղումին տպաւորութիւնները:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Նաուալ Պըրրի ներկայ բազմութեան ըսաւ. «Դուք ամբողջ հայութիւնն էք, ամէնուրեք: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նկատմամբ ձեր զօրակցութիւնը հիանալի է եւ նախանձելի: Հայոց հայրենասիրութիւնը հզօր է եւ հազուագիւտ, եւ վստահ եմ, որ Արցախը ձեզմով ամուր պիտի մնայ»:

Պըրրի շեշտեց նաեւ Լիբանանի նկատմամբ լիբանանահայութեան հպարտութիւնը: Ան մաղթեց, որ Արցախի մէջ դարձեալ զինուորական գործողութիւններ չբռնկին` «նկատի ունենալով Ազրպէյճանի նկատմամբ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը եւ անոր քանդիչ բնութիւնը, ինչպէս ծանօթ է բոլորին: Կը մաղթենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը մնայ խաղաղ, հայութիւնը մնայ հզօր, եւ մեզի համար ըլլաք ուսանելի պատգամ», յայտնեց ան:

«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Էտմոն Սեսին յայտնեց, որ ինք քանի մը առիթով այցելած է Հայաստան եւ իւրաքանչիւր այցելութեան նոր դասեր կը քաղէ հայութենէն:

Ան անդրադարձաւ իր նախորդ այցելութեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով էր` ընդգծելով, որ հաւաքական հզօր յիշողութիւն ունեցող այս ազգը անկարելի է պարտութեան ենթարկել:

«Ինծի համար շատ տպաւորիչ էր տեսնել, թէ հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը յարգելու համար  Ծիծեռնակաբերդ հասած հայեր, հոն կառուցուած պատին վրայ իրենց նախահայրերուն ծննդավայրը խորհրդանշող շրջաններուն անունները կը շօշափէին», նշեց ան` յուզելով ներկաները:

Ան բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին հայրենասիրութիւնը եւ հողին նկատմամբ կառչածութիւնը:

«Երբ Արցախի մէջ կը տեսնես մեծ թիւով կամաւորներ, որոնք աշխարհի չորս կողմերէն եկած են պաշտպանելու իրենց հայրենի հողը, ուղղակի կը զմայլիս: Հողին նկատմամբ սէրն ու յիշողութիւնը հայութեան իւրայատկութիւնն է, եւ երանի մենք Լիբանանի մէջ այդ մէկը ձեզմէ սորվէինք», ըսաւ ան:

Իր կարգին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ժոել Քոզէյլի հայերէնով ողջունեց ներկաները` նշելով, որ իր մայրը հայ է: «Ես հպարտ եմ, որ մայրս հայ է եւ ան ու հայրս միշտ ուզած են, որ մենք` իրենց զաւակները հայերէն լեզուն սորվինք: Կը յիշեմ նաեւ մեծ մայրս, որ Ատանայէն է, ու մեծ հայրս, որ երեք տարեկան հասակին Եոզկաթէն հասած է Լիբանան, ուր որբանոցի մը մէջ հասակ նետած է` նկատի ունենալով, որ իր ընտանիքէն ոչ ոք փրկուած է Ցեղասպանութենէն: Գիտեմ որքան չարչարուած է հայ ժողովուրդը», ըսաւ ան:

Ժ. Քոզէյլի հաստատեց, որ Հայաստան այցելելէ ետք իր մէջ աւելի եւս ամրապնդուած է հայկականութիւնը: «Առաջին այցելութիւնը բաւարար էր սիրահարուելու Հայաստանին ու Արարատին եւ տեսնելու, որ հայերը որքա՛ն ազնիւ են եւ միաժամանակ զօրաւոր», նշեց ան:

Արաբերէնով շարունակելով իր խօսքը` Ժ. Քոզէյլի անդրադարձաւ, որ ինք տպաւորուած է հայուն բարձր արժանապատուութեամբ եւ խիզախութեամբ, որուն պատճառով ան բնաւ ծնկաչոք չի դառնար: «Այնքա՛ն ազդուեցայ այդ ինքնութեամբ, որ որոշեցի դիմել հայկական անցագիրի եւ ստանալ զայն», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղ իր կատարած գործուղումին եւ պատրաստած լրահաղորդումներուն` Քոզէյլի ըսաւ. «Եթէ մայրս ողջ ըլլար, վստահ եմ` ան պիտի հպարտանար այս աշխատանքովս», յուզուեցաւ ան` ընդգծելով, որ ինչ ալ ըլլայ, հայը կառչած պիտի մնայ իր պատմութեան, մայրենի լեզուին, աւանդութիւններուն: «Մեր ուժը կը կայանայ մեր պատմութեան եւ հողին կառչածութեան մէջ, նորանոր սերունդներուն դաստիարակութեան եւ մեր իրաւունքները պահանջելու վճռակամութեան մէջ: Ճի՛շդ է, որ Արցախի մէջ քանդումը մեծ էր, սակայն բանակին ոգին բարձր է, իսկ զգլխիչ է այն, որ բոլորը պատրաստ են պաշտպանելու իրենց հողը», շեշտեց ան` եզրափակելով, որ ինք կը հաւատայ, որ ի վերջոյ իրաւունքը պիտի յաղթէ:

joelle_enger_hagop_41416edmond_enger_hagop_41416nawal_berri_41416

 

 

 

 

Հանդիպումին աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի եւ տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան լրագրողներուն յանձնեցին յուշանուէրներ` ուղղուած անոնց ներկայացուցած կայաններու տնօրէններուն:

Նշենք, որ ձեռնարկը ամբողջութեամբ ուղղակի կերպով սփռուեցաւ համացանցի ճամբով:

 

Նախորդը

Աշխարհը` Քառօրեայ Պատերազմի Մասին

Յաջորդը

Քերրի Յայտարարած Է Սուրիոյ Մէջ Յառաջիկայ Օրերուն Իշխանափոխութեան Շուրջ Հաւանական Համաձայնութեան Մասին

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?