Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Այցելութիւններուն Ծիրին Մէջ ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Մեքսիքայի Դեսպանին

April 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ambassador-of-Mexico-Jaime--Garcia-Amaral

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան, Լիբանանի մէջ օտար դեսպանատուներ իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ այցելեց Լիբանանի մէջ Մեքսիքայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Մեքսիքայի դեսպան Խայմէ Կարսիա Ամարալի եւ անոր տեղակալ Անթոնիօ Քրուզ-Տիազի հետ:

Շուրջ երեսուն վայրկեան տեւողութեամբ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումները, ներկայիս տիրող կացութիւնը եւ անոնց վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը շեշտեց տագնապի խաղաղ լուծման նկատմամբ հայկական կողմին յանձնառութիւնը` նշելով, որ վերջինս ընդունած է սեպտեմբեր 2015-ին Մինսքի խմբակի համանախագահողներուն կողմէ առաջարկուած զինադուլի ամրապնդման մեքանիզմները, որովհետեւ ոչինչ ունի թաքցնելիք, սակայն ազրպէյճանական կողմը, որ 1994-ին եռակողմ զինադուլի հաստատումէն ի վեր կը խախտէ զայն, տակաւին կը մերժէ զանոնք: Պատուիրակութիւնը նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս ընդունի այդ առաջարկները, որոնք զինադուլի դրութիւնը կ՛ամրապնդեն եւ տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն յառաջ մղումին կը նպաստեն:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ ազրպէյճանական վերջին յարձակումին ընթացքին քաղաքայիններու դէմ գործուած վայրագութիւնները վերյիշեցուցին 1988-ի Սումկայիթի եւ 1990-ի Պաքուի ջարդերը եւ եկան ընդգծելու, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը չի կրնար մաս կազմել երկրի մը, որուն նպատակը իր բնաջնջումն է:

Պատուիրակութիւնը այս առիթով նամակ մը յանձնեց դեսպանին:

Դեսպան Ամարալ հասկացողութիւն ցուցաբերեց արտայայտուած մտահոգութիւններուն նկատմամբ եւ խոստացաւ նամակի բովանդակութիւնն ու հանդիպումին ընթացքին արծարծուած մտքերուն մասին զեկուցում մը փոխանցել իր կառավարութեան:

 

 

Նախորդը

«Զօրակցի՛նք Արցախին» Ռատիոթոնին Առիթով` «Պարտաւոր Ենք Բաժնեկից Դառնալ Նահատակներու Եւ Վիրաւորներու Մայրերուն Ապրած Վիշտին Ու Հպարտութեան» Ըսաւ Յակոբ Հաւաթեան

Յաջորդը

Պրազիլի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Աջակցեցաւ Երկրի Նախագահին Պաշտօնազրկումին

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.