Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դէպի Ակունք-Գ.» Խորագիրով Պատանիներու Ձիրքերու Բացայայտման Ձեռնարկ

Ապրիլ 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kharpert-(1)_40316

Կիրակի, 3 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ՔԱՀԼ-ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համախարբերդցիական միութեան «Դէպի ակունք-Գ.» ձեռնարկը, որուն նպատակն է քաջալերել պատանիներու տաղանդներու յայտնաբերման:

Այս առիթով խօսք առաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Մանկասարեան, որ ըսաւ, թէ իրենց հիմնական նպատակն է յայտնաբերել հայ պատանիներուն ձիրքերը, բանալով անոնց մտքի ու հոգիի դռները, զարգացնելու եւ գնահատելու զանոնք: Ան փոխանցեց, որ վարչութիւնը այս տարի 75 աշակերտներու դպրոցական կրթաթոշակին պիտի օժանդակէ:

Բացման խօսքին յաջորդեց Քարին Սարգիսեանի նուագը` ջութակով, Կոմիտասէն քաղուած երաժշտութեամբ, Մարգրիտ Ղազարեան դաշնամուրի վրայ նուագեց, Մարինէ Փամփուքեան մեներգեց «Բարի արագիլ», փոքրիկներ Նժդեհ եւ Մարինէ Պալեանները նուագեցին դաշնակի վրայ, ինչպէս նաեւ փոքրիկն Յովակ Պէտիրեան «Ով զինուոր» երգով մասնակցութիւն բերաւ, ասմունքով  ներկայացաւ Սթեֆանի Փափազեանը` Մուշեղ Իշխանի «Կար ու չկար» բանաստեղծութեամբ: Տպաւորիչ ներկայացումով  բեմ բարձրացաւ Սէլի Սարգիսեանը` դաշնամուրի վրայ:

kharpert-(2)_40316

Անի Պուճիքանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ` Խարբերդի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով եւ անդրադառնալով հայ մշակոյթի զարգացման եւ պահպանման մէջ խարբերդցիներուն աշխուժ մասնակցութեան: Որպէս ապացոյց խարբերդցի հայ կնոջ` Վերթայիմ Աւագեան ներկայացուց Խարբերդէն ջերմ յիշատակներ` քաջալերական խօսքերով միութեան յառաջդիմութիւն մաղթելով:

Նախքան յայտագիրի շարունակութիւնը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Արցախի վերջին դէպքերուն ընթացքին նահատակուածներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախին:

kharpert-(3)_40316

Ապա Յակոբ Փամպուքեան կիթառի վրայ նուագեց «Aranjuez», իսկ Զաւէն Ստեփանեանի առաջնորդութեամբ ներկայացուեցաւ հետաքրքրական կտոր մը, «Խարբերդի կիթառի անսամպլ»-ը` կատարողութեամբ Յակոբ Փամպուքեանի, Սէրուժ Խանճիհանեանի, Խաչիկ Մարգարեանի, Գէորգ Արբանեանի եւ Քրիս Չափարեանի ներկայացաւ քաղցր երաժշտութեամբ, իսկ դաշնակի վրայ նուագեց Սագօ Սարգիսեան:

Յայտագիրի աւարտին Ռուբէն Մանկասարեան գնահատեց ներկայ երեխաները եւ անոնց ծնողները` ըսելով. «Խարբերդը թող մեր շտեմարանը ըլլայ»: Ան անդրադարձաւ հինգ երեխաներուն տարած նկարչական հրաշալի աշխատանքին, շեշտը դրաւ  ներկայացման նպատակին` ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻ հեռանկարին վրայ` մեկնաբանելով երեխաներուն իւրայատուկ նկարչութիւնները: Խօսքը եզրափակելով` ան անդրադարձաւ հայ ըլլալու առաքելութեան գաղափարին գիտակցութեան կարեւորութեան:

Մասնակցողները արժանացան գնահատանքի:

Նախորդը

«Շուշի» Թատերախումբը Ներկայացուց «Իմ Անուշ Հայրենիք» Կատակերգութիւնը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Գայլիկ Եւ Արծուիկ Ճիւղերու Հետախուզական Արշաւ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի 90-Ամեակի Նշում Եւ Երկարամեայ Ծառայող ԼՕԽ-ականներու Պարգեւատրում
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի 90-Ամեակի Նշում Եւ Երկարամեայ Ծառայող ԼՕԽ-ականներու Պարգեւատրում

Դեկտեմբեր 5, 2025
Գերձայնային Գործիքի Եւ Ըմպելի Ջուրի Զտման Կայանի Գործարկման Նուիրուած Ձեռնարկ
Գաղութային

Գերձայնային Գործիքի Եւ Ըմպելի Ջուրի Զտման Կայանի Գործարկման Նուիրուած Ձեռնարկ

Դեկտեմբեր 5, 2025
Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարանները Նշեցին Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադիր Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներու Տօնը
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարանները Նշեցին Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադիր Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներու Տօնը

Դեկտեմբեր 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?