Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ու Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը

April 18, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ayts1_41716

Կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններէն 190 պատանիներ այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք: Հաղորդութիւն ստանալէ ետք, անոնք Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Կարին Մինասեան ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» կտորը, որմէ ետք ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Նաթալի Մարգարեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը»:

Ayts2_41716

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական խօսքը ուղղելով պատանիներուն, ողջունեց անոնց կատարած այս այցելութիւնը եւ անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ պատմական ու ներկայ դերակատարութեան, վեր առաւ հայ պատանիին դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային արժէքներուն փարելու անոր սուրբ կոչումը: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը, որ պիտի յանգի մեր անցեալին ու ներկային միջեւ զօրաւոր կամրջումին: Անդրադառնալով Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ սփիւռքը Արցախի զինուորներուն ու ժողովուրդին յայտնեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը, որուն կենդանի օրինակն ալ նորագոյն սերունդն է: Ապա, պատանիները միասնաբար երգեցին փունջ մը յեղափոխական երգեր ու «Հայեր միացէք» երգով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի ժողովուրդին:

Կէսօրին, պատանիները մեկնեցան Ժիպէյլի ակումբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ծիրին մէջ լսեցին Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի հիմնադրութեան, կազմաւորման ու բաժանմունքներուն մասին զեկուցում մը, որ ներկայացուց թանգարանի տնօրէն Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան: Ապա, անոնք հերթաբար այցելեցին «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, աւելի մօտէն ծանօթացան անոր տարբեր բաժիններուն եւ հաղորդակից դարձան իրենց նահատակուած ու գոյատեւած նախահայրերու տքնաջան կեանքին եւ գործին:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն. Թրքական Արտադրութիւններու Դէմ Արշաւ` Արաքս Եւ Մարաշ Թաղերուն Մէջ

Յաջորդը

Օպամա Պիտի Ջնջէ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները, Եթէ…

RelatedPosts

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

January 15, 2026
Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը`  Դէպի Ազատութիւն»
Գաղութային

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը` Դէպի Ազատութիւն»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.