Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի փոխնախարար, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան երէկ երեկոյ այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Սրապիոնեան բարձր գնահատեց արեւմտահայ մամուլի դերը սփիւռքի մէջ եւ այդ շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատեց «Ազդակ»-ի տարած աշխատանքները:
Ան ծանօթացաւ խմբագրակազմին հետ եւ հարցազրոյց ունեցաւ «Ազդակ»-ի աշխատակիցներէն Սիլվի Աբէլեանին հետ: