
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները մասնակցեցան իրենց շրջաններուն մէջ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն, նաեւ կազմակերպելով անհատական ձեռնարկներ` վեր առնելով հայ պատանիին գործօն մասնակցութիւնը համայն հայութեան պայքարի աշխատանքներուն:
Պատանեկան միութիւնները նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին կեդրոնական քարոզչական ձեռնարկներուն: Այսպէս, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, պատանեկան միութիւնները միանալով երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, իրենց բողոքը յայտնեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ քաղաքականութեան դէմ` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյց կատարելով: Ապա, միութիւնները հետիոտն ուղղուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Մայր տաճար` մասնակցելու երիտասարդական-ուսանողական հսկումին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն խումբ մը պատանիներ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, այցելեցին Պիքֆայայի վերանորոգուած Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց ու վերածննդեան յուշարձանը, կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ գոյատեւող սերունդներուն: Պատանիները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն ու վերապրած նախահայրերու յիշատակին: Սոյն պատգամով Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց Մարօ Մարգարեան, որ անդրադառնալով հայ ժողովուրդի ենթարկուած բարբարոսութիւններուն, վեր առաւ անոր ցուցաբերած կամքը, հաւատքն ու պայքարի ոգին` հայ ժողովուրդին նուիրելով անոր արժանի անկախութիւնը:
«Պատմութեան սկիզբէն, Հայկ Նահապետէն մինչեւ Սասունցի Դաւիթ, Վարդանանց պատերազմէն մինչեւ Դաւիթ Բէկ եւ մինչեւ ազատագրական շարժում, մենք ունեցած ենք անձնուրացներ, որոնք բարձրացած են լեռները, զոհած են իրենց հանգիստն ու կեանքը, որովհետեւ հաւատացած են, որ առանց զէնքի չկայ հայոց փրկութիւն», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց պատանիներուն ընդլայնելու պայքարը, դաշնակցական կորովով ու կարգապահութեամբ տէր կանգնելու մեր Դատին:
Ապա, փունջ մը յեղափոխական երգերով, պատանիները վերանորոգ կամքով սկիզբը դրին աշխատանքային նոր դաշտերու եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով մեկնեցան` պայքարունակ սերունդներուն երթը շարունակելու սուրբ մարտահրաւէրով:
Երեկոյեան, պատանեկան միութիւնները մասնակցեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ կազմակերպուած Ապրիլեան ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկին` վերանորոգելով սուրբ նահատակներուն կտակը:


