Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպանատուներ Իր Այցելութիւններու Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Եւ Պելճիքայի Դեսպաններուն Հետ

Ապրիլ 27, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ambassador-of-Japan-Seiichi-Otsuka-25-04-2016

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը երէկ ժամը 11:00-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյիչի Օցուքայի հետ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Ճափոնի դեսպանին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազրպէյճանական քառօրեայ յարձակումին ընթացքին ազրպէյճանական բանակին կողմէ գործուած մարդկային իրաւանց խախտումները, ինչպէս նաեւ ներկայիս տիրող կացութիւնը, մասնաւորաբար Ազրպէյճանի կողմէ 1994-ի զինադադարի ամէնօրեայ դրութեամբ խախտումները: Պատուիրակութիւնը նշեց, որ 5 ապրիլի զինադադարի բերանացի համաձայնութենէն ետք արձանագրուող այդ խախտումները կը նկատէ վերադարձ մը զերօ կէտին, ուր Ազրպէյճան մնայուն կերպով կը խախտէ զինադադարը, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը եւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքը կը բաւարարուին կատարելով ընդհանուր յայտարարութիւններ, որոնց մէջ յանցագործն ու զոհը կը դրուին նոյն նժարին վրայ:

Պատուիրակութիւնը դեսպանին յայտնեց, որ այդպիսի յայտարարութիւններուն անօգուտ ըլլալը բացայայտ է, որովհետեւ ազրպէյճանական կողմը զանոնք կը նկատէ իբրեւ քարթ պլանշ ոչ միայն խախտումները շարունակելու, այլ նաեւ մագլցողական քայլերու դիմելու: Պատուիրակութիւնը համոզում յայտնեց, որ եթէ միջազգային ընտանիքը իր այդ քաղաքականութիւնը չփոխէ, նաեւ ազրպէյճանական կողմին չստիպէ Հայաստանի նման ընդունելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի զինադադարի վերահսկողութեան գործիքակազմի հաստատման վերաբերեալ առաջարկը, ապա վերջերս արձանագրուած զինադադարի կոպիտ խախտումին կրկնութիւնը կարելի չէ բացառել:

Պատուիրակութիւնը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ Հայաստան ընդունած է Մինսքի խմբակին առաջարկած գործիքակազմերը, որովհետեւ ոչինչ ունի պահելիք, սակայն Ազրպէյճան կը շարունակէ մերժել զանոնք:

Հանդիպումի ընթացքին դեսպան Օցուքա մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց հարցին նկատմամբ` յաճախակի լուսաբանական հարցումներ ուղղելով պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք դեսպանին տուին անհրաժեշտ բացատրութիւնները: Պատուիրակութիւնը դեսպանին յանձնեց նամակ մը: Ճափոնի դեսպանը խոստացաւ զայն եւ հանդիպումին մասին զեկուցում մը փոխանցել իր կառավարութեան:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը երկուշաբթի օր այցելեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Ալեքս Լենարցի հետ:

Պատուիրակութիւնը դեսպանին ներկայացուց իր մտահոգութիւնները մայիս 1994-ին կնքուած եռակողմ զինադադարի համաձայնութեան Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող խախտումներուն, ինչպէս նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ միջազգային ընտանիքին անոնց վերաբերեալ կատարած ընդհանրական յայտարարութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ անոնք կը քաջալերեն Ազրպէյճանը շարունակելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները:

Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին երկայնքին արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններէն եւ խաղաղ քաղաքացիներու դէմ կատարուած յարձակումներէն կարելի է եզրակացնել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը չի կրնար վերադառնալ եւ գոյատեւել կազմին մէջ բռնատիրական երկրի մը, որուն նպատակը իր բնաջնջումն է:

Պելճիքայի դեսպանը խոստացաւ պատուիրակութեան կողմէ իրեն յանձնուած նամակն ու հանդիպումին ընթացքին արծարծուած գաղափարները փոխանցել իր երկրի կառավարութեան:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ` Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճին. Դպրեվանքի «Արմաշ» Երգչախումբը Տուաւ Ազգային-Հոգեւոր Երգերու Համերգ

Յաջորդը

Դատապարտելով Օսմանեան Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Նասըրական Մուրապիթուն Շարժումը Թուրքիայէն Պահանջեց Հատուցում Կատարել Հայ Զոհերուն

RelatedPosts

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?