Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սրապիոնեան Ներկայացուց Պարոյր Սեւակի Կեանքն Ու Գործը

Ապրիլ 28, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sevag_42716

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան չորեքշաբթի, 27 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սեւակեան երեկոյ» խորագիրով ներկայացում` նուիրուած բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի կեանքին:

Թամար Սնապեան-Սուրճեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ եւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանը: Ան յայտնեց, որ լիբանանահայ գաղութի վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտները առիթը ունեցած են լսելու Սրապիոնեանի բանախօսութիւնները հայ գրականութեան երեւելի դէմքերուն մասին: Թամար Սնապեան-Սուրճեան նաեւ անդրադարձաւ Զարեհ Խրախունիի նուիրուած յուշ երեկոյին, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 ապրիլին:

Թամար Սնապեան-Սուրճեանի ներկայացումէն ետք երկրորդականի երկու աշակերտներ` Սէրուժ Յովսէփեան եւ Աւօ Մարգարեան հերթաբար ասմունքեցին Պարոյր Սեւակէն երկու բանաստեղծութիւններ` «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» եւ «Իմ Ժողովրդին», եւ արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութեան:

sevag1_42716

Սերժ Սրապիոնեան աշակերտներուն կատարողութիւնը արժեւորեց իբրեւ «Սեւակի լաւագոյն մեկնաբանութիւնը»: Ան յայտնեց, որ վերոյիշեալ բանաստեղծութիւններուն ընտրութիւնը եւ ասմունքողներուն մեկնաբանութիւնը հիմնաւորեցին իր կազմած տպաւորութիւնը իր այցելած դպրոցներէն: Ան եզրակացուց, որ Սեւակը շատ ներկայ է լիբանանահայ գաղութի դպրոցներուն մէջ, սակայն Հայաստանի մէջ իր գործերը կարդացողները քիչ են:

Վեր առնելու համար Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութեան յատկանշական գիծերը` Սրապիոնեան անդրադարձաւ կարգ մը կենսագրական կէտերու: Ան ըսաւ, թէ Սեւակը ծնած եւ հասակ առած է խորհրդային վարչակարգի ժամանակաշրջանին, ան արդիւնքն է խորհրդային դպրոցին եւ իր գրութիւնները կնիքը կը կրեն այդ վարչակարգին: Ան յայտնեց, որ Սեւակ գիտական մարզերուն հանդէպ հակում ունէր, բայց իր շրջանաւարտ եղած տարիքին արդէն գիտէր բառերու արժէքը: Արդարեւ, բառերու ճշգրտութիւնը եւ անոնց ձայնականութիւնը Սեւակի բանաստեղծութեան բազմաթիւ յատկանիշներէն են: Ըստ Սրապիոնեանի, Սեւակ ձերբազատած է իր գիտնականի ծանրութենէն եւ քաջութիւնը ունեցած է պատասխանելու բանաստեղծի իր կոչումին. Սրապիոնեան նաեւ յայտնեց, որ Զարեան Սեւակի արտաքին տեսքին մէջ իսկ նկատած է այս վերջինին բանաստեղծական տաղանդը: Այս իմաստով, Սրապիոնեան հարց տուաւ, թէ «ուրկէ՞ ծնունդ առաւ Սեւակի մեծութիւնը»: Ան այս հարցադրումին պատասխանը գտաւ իմացական բանաստեղծութեան մէջ. մինչ Տէրեան կը նկարագրէ զգացումները, որոնց ընդմէջէն իրերն ու երեւոյթները կը թափանցեն, Պարոյր Սեւակ իրերու եւ երեւոյթներուն տակ կը պահէ զգացումները: Սրապիոնեան նշեց, որ կարգ մը գրաքննադատներ ըսած են, թէ Պարոյր Սեւակ իր միտքերն ու զգացումները կը պարտադրէ բանաստեղծութեան: Սրապիոնեան փաստեց, թէ այդ վարկածը սխալ է` տրուած ըլլալով, որ բանաստեղծութիւնները նախ իրենց ձեւին, ապա իրենց բովանդակութեան մէջ ազատ են: Սրապիոնեան կրկնեց, թէ Պարոյր Սեւակ երեւոյթներու եւ իրականութեան վրայ հիմնուելով կը հիւսէ իր բանաստեղծութիւնը. ասիկա առիթ կ՛ընծայէ բազմատեսակ մեկնաբանութիւններու, հետեւաբար միտքերու եւ զգացումներու: Ան աւելցուց, որ Սեւակի բանաստեղծութիւնները ազատ են նաեւ իրենց ձեւին մէջ` տրուած ըլլալով, որ անոնք չափածոյ չեն: Սեւակի որդեգրած գրելու այս արդիական ոճը նորարարութիւն չի նկատուիր, ինչպէս Ուիթմընական բանաստեղծութեան պարագային Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ, որովհետեւ 20-րդ դարուն արդէն Սիամանթօ այս բանաստեղծական ոճը կը կիրարկէր:

Սրապիոնեան անցաւ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ին` ըսելով, թէ բանաստեղծը իր երկուորեակը կը փնտռէր երաժշտութեան աշխարհին մէջ: Իր այս գործին մէջ, Սեւակ յաջողած է ձուլել երգը բանաստեղծութեան, որուն մէջ կ՛արձագանգէ Կոմիտասի ամբողջ էութիւնը: Սրապիոնեան մատնանշեց, որ «Անլռելի զանգակատուն»-ին մէջ կրկնուող տողերը կարելի չէ թերութիւն նկատել, որովհետեւ եթէ զանոնք ջնջենք, բանաստեղծութեան կառոյցը կը փլի, զանգը չի ղօղանջեր եւ կը խեղդուի…

Վերջապէս, Սրապիոնեան անդրադարձաւ ինքնաշարժի արկածին, որ վերջ դրաւ Պարոյր Սեւակի կեանքին, եւ զայն ներկայացուց իբրեւ պատահական դէպք:

Սրապիոնեան իր խօսքը եզրափակեց ակնարկելով «Եղիցի լոյս»-ին, որուն մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, Պարոյր Սեւակ Խորհրդային Միութեան կեղծ լոյսին մէջ ցոյց կու տար խաւարը եւ կ՛աղօթէր, որ անիկա փարատի… Ըստ Սրապիոնեանի, Պարոյր Սեւակ ցոյց կու տար թռիչքին ուղին, սակայն երկինք բարձրանալու ժամանակ անոր թեւերը կը կոտրէին…

Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու բանախօսին` Պարոյր Սեւակի կեանքին եւ գրականութեան վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ, Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ «Շտապ» Ծածկագիրով Զգուշացում Ուղղած Են Թուրքիա Գտնուող Իրենց Քաղաքացիներուն

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?