
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը, որ կը կրէր «Եւ պայքարը կը շարունակուի» բնաբանը, տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 29 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Արագածի քաղաքապետարանի խաղավայրին մէջ: Ձեռնարկը սկսաւ քայլարշաւով: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ` երիտասարդներ եւ պատանիներ ջահերով եւ եռագոյններով «Բաբգէն Սիւնի» ակումբէն քալեցին դէպի Արագածի քաղաքապետարանի խաղավայր:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նժդեհ Լափաճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Հայ դատը կը մարմնացնէ բուռ մը ժողովուրդի ազնուական պայքարը, որ ցնցած է համայն աշխարհը, եւ որուն ճամբուն վրայ ինկած են հազարաւոր ուխտաւորներ` բարձրաձայն գոռալով. «Պահանջատէր ենք»: Ան նշեց, որ ապրիլ ամսուն արծուեբոյն Արցախի մէջ պատահած դէպքերը լաւագոյն ապացոյցն են, թէ թուրքը միշտ եղած է ու կը մնայ արիւնարբու եւ մարդասպան, ապա աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Իբրեւ «Արաբօ» մասնաճիւղի ընկերներ, Հայ դատի նոր ջահակիրներ, զինուած Դաշնակցութեան վեհ գաղափարով, կ՛ուխտենք ըլլալ պողպատեայ զրահներ, մեր հայրենիքին դէմ ցցուող որեւէ վտանգի դիմաց: Կ՛ուխտենք մնալ հաւատարիմ մեր սուրբ դատին, թէկուզ մեր մատաղ կեանքերուն գնով, մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի լուսաշող առաւօտը»:
Գեղարուեստական յայտագիրին բաժին բերաւ Յովսէփ Էմիրզեան, որ ապրումով ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք» ոտանաւորը, որուն ընթացքին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին շուրջ կանգնած տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ ջահը հերթաբար փոխանցեցին կրտսեր ներկայացուցիչին, որ վառէ կրակը: Կասիա Էճիտեան սրինգով նուագեց «Պիտի գնանք» երգին երաժշտութիւնը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը` պատրաստութեամբ «Արաբօ» մասնաճիւղի ընկերներուն:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի հաւաքական երթի ու պայքարի ամէնէն կենսական որոշիչը եղած է հաւաքական հաւատքը յաղթանակին նկատմամբ ու ճիգը ամէն ճակատի վրայ իրագործելու համար այդ յաղթանակը:
Ր. Աշգարեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս դար մը առաջ անպատսպար հայը հասած է Լիբանան եւ իր էութենէն տակաւին չթօթափած Եղեռնի արհաւիրքը, լծուած է ինքնակազմակերպման աշխատանքին, կառուցած է եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, նուաճած է կրթական, մշակութային եւ տնտեսական բարձունքներ: Ան նշեց, որ լիբանանահայը բոլոր ժամանակներուն նետուած է պայքարի առաջնագիծ եւ դարձած խրախուսող ներկայութիւն տարբեր ճակատներուն վրայ:
Բանախօսը իր խօսքին մէջ մատնանշեց լիբանանահայութեան հաւաքական գործունէութեան ժամանակակից առաջնահերթութիւնները: Ան ըսաւ, թէ լիբանանահայութեան մօտ առկայ են կենցաղային ծանրակշիռ խնդիրներ, որոնք կը սպառնան կենսունակ գաղութի գոյատեւման` զինք մղելով յուսահատութեան կամ արտագաղթի: Իսկ գործող բոլոր ուժերը պէտք է խմբուին ծրագրելու եւ գործնականացնելու գաղութի կենսական պէտքերու ապահովման ի խնդիր աշխատանքները:
Ր. Աշգարեան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը պիտի մնայ անսասան, պիտի մնայ սփիւռքահայութեան ներշնչումի աղբիւրը եւ ազգի գոյամարտի պահեստի աներկիւղ ուժը, որմէ պիտի օգտուի ազգը ամէն ճակատի վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Արցախ ճակատին վրայ լիբանանահայ գաղութի ունենալիք ներդրումին, ան ըսաւ, որ պէտք է նախ հաւատալ եւ հաստատել, որ հայութեան գոյամարտը իր տարբեր ճակատներով մէկ է, կը դիմադրէ մէկ թշնամիի երկու երեսներով` թրքական եւ ազրպէյճանական: Ան նշեց, թէ այս օրերուն արձանագրուող արցախեան դէպքերը պէտք է տեղադրել ռազմաքաղաքական իրենց ճիշդ պարունակին մէջ:
«Պահը խիստ ճակատագրական է. ազգովին հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին արթուն մնալու եւ զօրաշարժի շեփորը հնչեցնելու պահն է», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Հայրենի պետութիւնը պէտք է դիմէ աւելի լուրջ քայլերու` հայկական բանակն ու ներքին ճակատը ամրացնելու, արդար օրէնքներու եւ ընկերային տնտեսական արդար համակարգի ի խնդիր»:
Իսկ լիբանանեան միջավայրին մէջ աշխատանքը պէտք է ըլլայ քաղաքական-դիւանագիտական կամ քարոզչական մարզին մէջ, ուր պիտի բարձրացնենք մեր հայրենակիցներու ազգային ինքնորոշման իրաւունքի արդար ու անհերքելի պահանջը` նպատակ ունենալով տեղական շրջանակներուն ճիշդ ձեւով հասկցնել արցախեան հիմնահարցի խորքը:
Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Այսօր անգամ մը եւս հայը կը գտնուի ազգովին բնաջնջման վտանգին դէմ յանդիման, բայց այս անգամ աւելի ինքնավստահ կը դիմագրաւենք վտանգը, որովհետեւ ունինք իր ազգային պարտականութիւններուն հաւատացող եւ գիտակից հայրենի ժողովուրդ, բանակ եւ աշխարհատարած սփիւռք: Այս միասնականութեան երեք ժայռերուն վրայ պիտի փշրուին թուրքին եւ ազրպէյճանցիին բոլոր փորձերը հայը բնաջնջելու»:

ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւններէն խումբ մը պատանիներ պատկեր մը ներկայացուցին, որմէ ետք «Սարդարապատ» յաղթերգով փակուեցաւ ձեռնարկը:
«Արաբօ» մասնաճիւղի ընկերները բոլոր ներկաներուն իբրեւ յիշատակ բաժնեցին «Եւ պայքարը կը շարունակուի» տողը կրող ձեռնակապեր:


