Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատկեր» Մշակութային Կեդրոն. Արուեստագէտներ Իրենց Ակնոցներով Ստեղծեցին Հայկական Վերապրումը Խորհրդանշող Կենաց Ծառերը

April 27, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Badguer2_42516

Կազմակերպութեամբ «Պատկեր» մշակութային կեդրոնին շաբաթ, 23 ապրիլին սկիզբ առած կենաց ծառերու վերստեղծման աշխատանքները տեւեցին մինչեւ երկուշաբթի, 25 ապրիլ: Այս աշխատանքներուն մասնակցեցան արուեստագէտներ եւ արուեստագիտական հակումներ ունեցող ութ անհատներ` Ժիւլիեթ Մազրաանի, Պօղոս Նազիկեան, Հուրի Մարգարեան, Մարալ Տէր Պօղոսեան, Ռիթա Հոպէյքա, Գրիգոր Իշխանեան, Ռուբէն Մանկասարեան եւ Արփի Մանկասարեան:

Կենաց ծառերը շինելու համար մասնակիցները գործածեցին զանազան տեսակի նիւթեր` կտաւի տեսակներ եւ բուրդէ թելեր, որոնք հիմնական նիւթերն էին, զորս «Պատկեր»-ը պիտի տրամադրէր, մետաղէ թելեր, փայտի եւ երկաթի կտորներ, խաւաքարտ, ներկ, խճաքար… ծառերը ոչ մէկ իմաստով իրարու կը նմանին. կարելի է գտնել բուրդէ հաստաբուն ծառ մը, որուն ճիւղերը մետաղեայ թելեր են, երկաթէ կազմուած ծառ մը, որուն ճիւղերէն մէկը կոտրած է եւ կ՛արիւնի, մինչ միւս ճիւղերը բեռնաւորուած են խաւաքարտեայ նուռերով, յատկապէս ուշագրաւ է եռանկիւնանման ծառ մը, որ իր տեսքով կը յիշեցնէ առագաստանաւը…

«Պատկեր»-ի հիմնադիր եւ տնօրէն Արփի Մանկասարեան բացատրեց, թէ ապրիլ ամիսը շատ յուզող եւ միաժամանակ լարող ամիս մըն է: Ան յայտնեց, որ ինք կը ներշնչուի իր շրջապատէն եւ իր նախնիներէն, որոնց գոյատեւման կարեւոր ազդակները հաստատակամութիւնը եւ երբեմն ալ պատահականութիւնն են: Ան շեշտեց, որ Ցեղասպանութիւնը անըմբռնելի եւ անբացատրելի է առանց կեանքը արժեւորելու, մշակոյթը ապրեցնելու եւ մեր նախնիներուն կիսաւարտ մնացած աշխատանքը ամբողջացնելու, անոնց երազները նոր եւ ժամանակակից ձեւերով իրականացնելու:

Այս իմաստով «Պատկեր»-ին պատրաստած ծառը կը յիշեցնէ հայ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի բնական տեսարաններու նկարները, որոնց վրայ կու գան աւելնալու մեր ետին մնացած տուներուն բանալիները, փաստաթուղթերը, պահուած դրամները եւ ոսկեղէնները, ինչպէս նաեւ լեզուն, գրականութիւնը, աղօթքները, արհեստները, երաժշտութիւնը… այս բոլոր տարրերը պարփակուած են մէկ նուռի մէջ, որուն վրայի կոճակը երբ սեղմուի, Կոմիտասի ձայնն է, որ կը լսուի…

Կենաց ծառերու կազմութեան աշխատանքին կողքին մշակուած էր նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը. շաբաթ, 23 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարիա Եագուպեան քանոնի վրայ մեկնաբանեց հայկական ժողովրդական երգեր: կիրակի, 24 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Արմինէ Չուքասըզեան կարդաց Թլկատինցիէն ֆրանսերէնի թարգմանուած հատուած մը, որ լոյս տեսած է «Լա Թեր Փարլ» («Հողը կը խօսի») ժողովածուին մէջ, որ կը բովանդակէ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած հայ մտաւորականներու գործերէն կտորներ: Իսկ երկուշաբթի, 25 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հրաչ Իսահակեան (սրինգ) եւ Պեթի Սալխանեան-Գուրդեան (դաշնակ) հանդէս եկան Արամ Խաչատուրեանէն ընտրուած երաժշտական կտորներու ցանկով մը: «Պատկեր»-ի հիւրերն ու այցելուները գոհունակութեամբ հետեւեցան ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ կեանք ներշնչող այս նախաձեռնութեան:

Այս ծիրին մէջ, «Պատկեր» մշակութային կեդրոնը կը ծրագրէ Կոմիտասի նուիրուած ձեռնարկ մը մայիս ամսուան ընթացքին:

 

 

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Հրթիռակոծումներ` Զոհուած Է Երկու Հայ

Յաջորդը

«21-րդ Դարու Չգերազանցուող Հանճար»-ին` Զարեհ Խրախունիի Ներկայացում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.