Գաղութային

ՀՅԴ-ի Առաջադրած  Կարգ Մը Թեկնածուներ  Առանց Մրցակիցի Ընտրուած

ՀՅԴ-ի Առաջադրած Կարգ Մը Թեկնածուներ Առանց Մրցակիցի Ընտրուած

Ձախէն աջ` Նազօ Ապունայեան, Յովիկ Գարապաճաքեան, Ռեմոն Այվազեան, Գօգօ Գըլպոզեան, Գօգօ Թերզեան, Նելլի Վէքիլեան, Մարտիկ Արսլանեան, Մարտիկ Պօղոսեան, Գառնիկ Մկրտիչեան, Անի Կիտանեան, Ճորճ Գրիգորեան, Լենա Պալեան, Դաւիթ Գազանճեան եւ Տիգրան Քէնտիրճեան: ՀՅԴ-ի Առաջադրած Եւ Ընտրուած Քաղաքապետական Խորհուրդներու Հայ Անդամներ Ժաք Քէրթէշեան (Ժըտէյտէ, Սըտ Պաուշրիէ) Վահէ Երեւանեան (Ռապիէ) Վաչէ Ծատուրեան (Պրումանա) 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան  20-Ամեակը Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Եւ Քաթարի Թեմին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 20-Ամեակը Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Քաթարի Թեմին Մէջ

Երկուշաբթի, 9 մայիս 2016-ի երեկոյեան, Տուպայի «Պուսթան Ռոթանա» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ: Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին զանազան երկիրներու դեսպաններ, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, Եպիսկոպոսական ժողովի գրասենեակի տնօրէն եւ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, կաթողիկոսարանի լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, վիճակի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հովուապետական  Այցելութիւնը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հովուապետական Այցելութիւնը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ապու Տապիի Մէջ Ազգային «Արա Խանոյեան» Վարժարանին Բացումը Կատարեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, ուրբաթ, 6 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ, պաշտօնական բացումը կատարեց Ազգային «Արա Խանոյեան» վարժարանին եւ «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին: Հանդիսութեան ներկայ էին երկրին մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ գիտութեանց զարգացման...

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենայի Կամաւորները Կը Զարմացնեն Տեղացի Թէ՛ Քուէարկողները Եւ Թէ՛ Վստահուած Անձերը

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենայի Կամաւորները Կը Զարմացնեն Տեղացի Թէ՛ Քուէարկողները Եւ Թէ՛ Վստահուած Անձերը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զօրութիւնը կը խտանայ իր կամաւորներու բանակին մէջ, որ առանց ժամ կամ վայր հարցնելու, առանց տատամսելու կամ դժգոհելու, առանց հատուցման մասին իսկ մտածելու կը բոլորուի կուսակցութեան շուրջ, պատրաստ կ’ըլլայ իր կարելին ընելու, որպէսզի ծառայէ ժողովուրդէն ծնած եւ անոր համար գործող կուսակցութեան: Երէկ` կիրակի, 8 մայիսին եւս լիբանանահայութիւնը, յատկապէս երիտասարդները, եկան վերահաստատելու այս իրականութիւնը: Արդարեւ, յատկանշական էր ընտրական կեդրոններուն...

Լիբանանահայութեան Շահերուն  Եւ Իրաւունքներուն Պաշտպանութեան Ի Խնդիր  Լիբանանահայերը Քուէարկեցին  ՀՅԴ-ի Թեկնածուներուն

Լիբանանահայութեան Շահերուն Եւ Իրաւունքներուն Պաշտպանութեան Ի Խնդիր Լիբանանահայերը Քուէարկեցին ՀՅԴ-ի Թեկնածուներուն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զօրութիւնը իր ժողովուրդին, իրեն հաւատարիմ հայորդիներուն հաւատքին, պատրաստակամութեան եւ իրեն նկատմամբ անոնց տածած վստահութեան մէջ կայացած է միշտ: Ասիկա վաղեմի իրականութիւն մըն է, որ, բարեբախտաբար, կը շարունակէ առկայ մնալ նաեւ այսօր: Արդարեւ, երէկ` կիրակի, 8 մայիսին, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն առաջին օրը լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս առանց տատամսելու եկաւ իր ձայնը տալու Դաշնակցութեան, զօրակցելու ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն` այն...

Ինչպէս Միշտ` Ժողովուրդը Ընդառաջեց  Դաշնակցութեան Կոչին,  Հաստատեցին Պատասխանատուները

Ինչպէս Միշտ` Ժողովուրդը Ընդառաջեց Դաշնակցութեան Կոչին, Հաստատեցին Պատասխանատուները

ՀՅԴ-ի ակումբներու դռներուն մուտքէն արդէն իսկ պատասխանատուները տիրական ներկայութիւն էին, կը հսկէին ամբողջ գործընթացին` այբէն մինչեւ օ եւ ֆէ, ցուցմունքներ կու տային եւ կը փորձէին ընել այնպէս, որ ամէն ինչ կատարուի կանոնաւոր, կազմակերպուած եւ ճիշդ կերպով: «Ազդակ»-ի թղթակիցները այցելեցին ՀՅԴ-ի բոլոր ակումբներն ու ընտրական կեդրոնները` լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, հետեւեցան տարուած աշխատանքներուն եւ զրուցեցին պատասխանատուներուն հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի ապրիլի 18-ի թիւ 298-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն 6390, 15370, 15352, 14806, 15366, 15347, 15363, 15367, 15207, 15054, 15175, 15311, 15212, 15228, 15117, 15345, 15238, 15357, 15355, 15186, 15136, 15137, 15178, 15371, 15343, 15229, 15214, 15341, 15028, 15189, 15182, 15122, 15211, 15116,...

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Վնասուած Շրջանները Վերականգնելու Եւ Զինուորներուն Ի Նպաստ Հանգանակային Արշաւի Կը Ձեռնարկէ

ՀՅԴ Ակումբներու Հեռաձայնի Թիւերը

Ստորեւ կը հրատարակենք հեռաձայնի թիւերը ՀՅԴ-ի ակումբներուն, ուր կը գործէ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան, որպէսզի անոնց կապուին մեր հայրենակիցները, եթէ քաղաքապետական-թաղապետական  ընտրութիւններու վերաբերող պարզաբանումի կամ այս գծով որեւէ տեսակի օժանդակութեան կարիք ունենան: Պուրճ Համուտ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւն 01-262949 ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութիւն 01-240800 ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութիւն 01-261636 ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւն 01-268647 ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութիւն 01-260912 ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէութիւն 01-243231 Պէյրութ ՀՅԴ...

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Դաշնակցութեան Ընտրական Մեքենան Պատրաստ Է Ընտրութիւններուն

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Դաշնակցութեան Ընտրական Մեքենան Պատրաստ Է Ընտրութիւններուն

Միայն մէկ օր մեզ կը բաժնէ Պէյրութի եւ Պեքաայի  մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններէն: Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան, որ տիրական ներկայութիւն է ՀՅԴ-ի բոլոր ակումբներուն մէջ, արդէն իսկ մօտեցած է իր նախապատրաստական աշխատանքներու վերջին հանգրուանին, կապ հաստատուած է բոլոր հայորդիներուն հետ, փաստաթուղթերու եւ անձնական տեղեկութիւններու ամբողջացում կատարուած է եւ ժամադրութիւնները ճշդուած են, որպէսզի իւրաքանչիւր լիբանանահայ իր նախասիրած ժամուն ուղղուի...

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Վնասուած Շրջանները Վերականգնելու Եւ Զինուորներուն Ի Նպաստ Հանգանակային Արշաւի Կը Ձեռնարկէ

Արտաքսում

Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան կ՛արտաքսուի ՀՅԴ շարքերէն դաշնակցականի բարքերուն անյարիր իր կեցուածքներուն յանցանքով: ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Նախապատրաստական  Աշխատանքները Մօտեցած Են Իրենց Աւարտին

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Նախապատրաստական Աշխատանքները Մօտեցած Են Իրենց Աւարտին

Միայն քանի մը օրեր մեզ կը բաժնեն կիրակի, 8 մայիսին տեղի ունենալիք Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններէն, որոնց մասնակցելու կոչուած են բոլոր լիբանանահայերը, որոնք այդ շրջանին մէջ կը քուէարկեն: Ակումբներուն մէջ ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքները կը շարունակուին աւելի մեծ թափով: Ազդակ»-ն ու «Վանայ ձայն»-ը ներկայացնող թղթակիցը շարունակելով իր այցելութիւնները, հետեւեցաւ Զալքայի ակումբին եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքներուն...

Վարդգէս Մահտեսեան Վերընտրուած`  Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամ

Վարդգէս Մահտեսեան Վերընտրուած` Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամ

Հինգշաբթի, 5 մայիս 2016-ին, ներքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Կոնստանդինոս Նիքոլայիտիսի կողմէ, Վարդգէս Մահտեսեան պաշտօնապէս հռչակուեցաւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ 2016-2021 շրջանին համար, ընդդիմադիր թեկնածուի չգոյութեան պատճառով: Հետեւաբար, կիպրահայ գաղութի անդամները կարիքը պիտի չունենան կիրակի, 22 մայիս 2016-ին, հայ պետական ներկայացուցիչ ընտրելու:

Քուէարկել «Պէյրութցիներու Ցանկ»-ին`  Ապահովելու Համար  Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

Քուէարկել «Պէյրութցիներու Ցանկ»-ին` Ապահովելու Համար Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատու գրասենեակը երէկ քաղաքապետական ընտրութեանց գծով լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր զանազան թեկնածուներով կը մասնակցի Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն: Պէյրութի մէջ Դաշնակցութիւնը գործօն  մասնակցութիւն կ՛ունենայ քաղաքապետական ընտրութեանց` ճիշդ ներկայացուցչութիւն ապահովելու մեր սիրելի մայրաքաղաքին, որ խորհրդանշական յատուկ իմաստ ունի մեզի համար: Պէյրութի մէջ հայ համայնքը արմատներ ունեցող ու հիմնական համայնք է,...

Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի ՀՅԴ-ի Առաջադրած Թեկնածուները

Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի ՀՅԴ-ի Առաջադրած Թեկնածուները

Միսաք Պոյաճեան, Խաժակ Այնթէպեան, Պետիկ Փանոսեան, Գաբօ Ադամեան, Հրակ Սթամպուլեան, Յակոբ Այնթապլեան, Նազօ Անտէքեան (փոխքաղաքապետ), Վարդգէս Խօշեան (քաղաքապետ), Մարկոս Երէցեան, Աթանաս Գասամանեան, Ժանօ Փամպուքեան, Յարութ Զէյթլեան, Պետիկ Ֆեսլեան, Ցոլակ Գէորգեան, Յակոբ Գառնէշեան:

Էշրեֆիէի, Ռըմէյլի Եւ Մըտաուարի  Շրջաններուն Մէջ Թաղապետական  Ընտրութիւններուն  ՀՅԴ-ի Առաջադրած Թեկնածուները

Էշրեֆիէի, Ռըմէյլի Եւ Մըտաուարի Շրջաններուն Մէջ Թաղապետական Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Առաջադրած Թեկնածուները

Էշրեֆիէի` Րաֆֆի Մարգարեան եւ Հայկ Տէրտէրեան, Ռըմէյլ` Փիեռ Գուլաճեան, Սագօ Գրաճեան եւ Յովսէփ Գայայեան, Մըտաուար` Յակոբ Քէշիշեան, Րաֆֆի Մարկարոսեան, Յովսէփ Գասպարեան, Յակոբ Ազնաւուրեան, Ռոպեր Գայսերլեան եւ Յակոբ Գաւլագեան:

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Աշխատանքները  Կը Շարունակուին

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին «Տիգրան Ծամհուր» եւ «Ազատամարտ» ակումբներուն մէջ նախընտրական աշխատանքները գրեթէ իրենց լրումին հասած են, եւ ամէն բան պատրաստ է կիրակի, 8 մայիսին տեղի ունենալիք Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն համար: Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ գործի լծուած խումբէն Արփի Մինասեան ըսաւ, որ ամիս մը առաջ արդէն իսկ բոլոր դասաւորումները կատարուած են, ցանկերը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան  Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ներկայացուցիչը

Չորեքշաբթի, 4 մայիս 2016-ի առաւօտուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային իսլամական կապերու կեդրոնի պատասխանատու դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թորքամանի այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդը, դոկտ. Թորքամանիին երկու օգնականները, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Դոկտ. Թորքամանին լաւապէս ծանօթ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան...

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ.  «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի  Հանդիսաւոր Մրցանակաբաշխութիւն

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Հանդիսաւոր Մրցանակաբաշխութիւն

Լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով` 2003 թուականին, ընդառաջելով Արցախի հողը իր թանկ արեամբ ոռոգած նահատակի ընտանիքին առաջարկին, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ծնունդ տուաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքին, որ տեղի կ՛ունենայ տարեկան դրութեամբ եւ կը համախմբէ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ ու երկրորդական կարգերու աշակերտութիւնը` ստեղծելով ազնիւ մրցակցութեան խանդավառ մթնոլորտ մը: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի,...

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ-2016

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ-2016

Կիրակի, 8 մայիսին ընթացք պիտի առնեն Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, որոնք առիթ պիտի ըլլան իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար իր քուէարկութեամբ զօրակցելու այս կամ այն թեկնածուին` այն յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ Լիբանանը աւելի լաւ երկրի մը վերածելու առումով իր ներդրումը կ՛ունենայ: 8 մայիսին պիտի կատարուին ընտրութիւններ Պէյրութի, Զահլէի եւ Այնճարի մէջ, յաջորդող կիրակի, 15 մայիսին` Լեռնալիբանանի մէջ, իսկ կիրակի, 29 մայիսին`...

Page 305 of 364 1 … 304 305 306 … 364

Արխիւներ