Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Բնակչութիւնը` Հրթիռակոծման Թիրախ

May 3, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13094352_852212568214104_2180287326806388672_f

Մինչ Ժընեւի մէջ սուրիական ճգնաժամի լուծման ուղղուած միջսուրիական բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին, Հալէպի մէջ «չափաւոր» կոչուած ընդդիմութեան զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ բնակելի թաղամասեր բուռն հրթիռակոծման կ՛ենթարկուին:

Անոնք չեն խնայեր խաղաղ բնակչութիւնը, դպրոցական աշակերտները, հիւանդանոցները, անկելանոցներն ու համալսարանները: Զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ օրական աւելի քան 50 հրթիռներ կ՛արձակուին քաղաքի զանազան շրջաններու, ներառեալ` հայաբնակ թաղամասերու վրայ` Սիւլէյմանիէ, վիլլաներ, Նոր Գիւղ, Շէյխ Թահա, Ազիզիէ, Թելեֆոն Հաուայի եւ այլուր:

Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ խաղաղ բնակչութեան վրայ արձակուած հրթիռներու եւ կազի պայթուցիկ տակառներու պայթումին իբրեւ հետեւանք զոհուած է աւելի քան 100, վիրաւորուած` 1000 քաղաքացի, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ եւ երեխաներ են: Արձանագրուած են նիւթական ահաւոր վնասներ, փուլ եկած` բնակելի շէնքեր: Շտապ օգնութեան ծառայողներ փլատակներուն տակէն դուրս կը բերեն արիւնաթաթախ դիակներու բեկորներ: Անոնք ականատեսը կը դառնան սրտաճմլիկ պատկերներու: Հալէպի պետական հիւանդանոցներուն կողքին, սեփական հիւանդանոցներ իրենց անվճար ծառայութեամբ վիրաւորներ կ՛ընդունին: Ժողովուրդը կը կազմակերպէ արեան տուչութեան արշաւներ:

Նշենք, որ արձանագրուած զոհերուն մէջ կան երեք հալէպահայեր` Աւետիս Թորոսեան, Ճորճ Թաշճեան եւ Անի Աւագեան: Այս ուղղութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնանման երկու նամակ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին` պահանջելով դատապարտել խաղաղ բնակչութեան կեանքին սպառնացող ահաբեկչական այս արարքներն ու հաշուի կանչել անոնց զօրավիգ կանգնող պետութիւնները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.