Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին, երէկ` երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային-հոգեւոր երգերու համերգ, ձօնուած` Հայոց ցեղասպանութեան, կատարողութեամբ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին, խմբավար` Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի:
Երգչախումբին կատարողութեամբ Տէրունական աղօթքի եւ Հայաստանի քայլերգի երգեցողութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ուրախութիւն եւ պատիւ նկատեց քոլեճին համար ներկայացնել «Արմաշ» երգչախումբը` աւելցնելով, որ շատերուն համար կրնայ անհասկնալի թուիլ, թէ ինչու քոլեճ մը կը կազմակերպէ նման ելոյթ մը, եւ բացատրեց, թէ Ազգային վարժարաններու կրթութեան եւ դաստիարակութեան հիմքը կը կազմեն հայ ազգային- հոգեւոր արժէքները, եկեղեցական ու մշակութային դարաւոր գանձերը, իսկ հայ երգը` իր հոգեւոր թէ ազգային բնոյթով, իր արժանաւոր տեղը ունի հայկական քաղաքակրթութեան հարուստ գանձարանին մէջ: Շարունակելով իր խօսքը` Վ. Աւագեան հաստատեց, որ ազգայինը եւ հոգեւորը զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ կը հարստացնեն: «Մեր եկեղեցին ազգային է իր բնոյթով եւ նկարագիրով, իսկ եկեղեցւոյ` Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող մեր վարժարանները կը կրեն անջնջելի կնիքը այդ նկարագիրին եւ դիմագիծին», եզրափակեց Վիգէն Աւագեան:
Այնուհետեւ յայտագիրի առաջին բաժինով «Արմաշ» երգչախումբը մեկնաբանեց հոգեւոր երգերու փունջ մը. «Անձինք նուիրեալք», «Բարեխօսութեամբ», «Քրիստոս պատարագեալ», «Փառք քեզի», «Խաչը», «Հայաստան իմ քաղցրանուն»: Այնուհետեւ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ «այսօր հայ ժողովուրդը մէկ ուժ եւ մէկ բռունցք դարձած իր ձայնը կը բարձրացնէ աշխարհին առջեւ: Այսօր իւրաքանչիւր հայ անհատ իր անձէն բան մը կու տայ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, իւրաքանչիւր գաղութ հաւաքաբար կը կազմակերպէ ձեռնարկներ եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը միասնաբար կը քալէ մեր նահատակներուն փառքին ու պատիւին համար»` աւելցնելով, որ ներկայիս տարբեր հոսք մը կայ մեր ներաշխարհին մէջ. հայ մտաւորականն ու գրողը մելան կը հոսեցնեն, այդ ճամբով կը պաշտպանեն հայ ժողովուրդին դատը եւ կը պանծացնեն յիշատակը հայ նահատակներուն: Հայ զինուորը արիւն կը հոսեցնէ եւ կը մնայ հաւատարիմ մեր նահատակներու սուրբ կտակին: Հայ հոգեւորականը միւռոն կը հոսեցնէ, անոր հետ կ՛անմահացնէ տաճարներ եւ կը սրբէ ու կ՛օծէ խորաններ եւ սրբապատկերներ: Այսօր մեր ժողովուրդը հոսք դարձած է եւ կը հոսի հրապարակներուն եւ ճամբաներուն մէջ` իբրեւ անլռելի զանգակատուն իր ձայնը հասցնելու համար ամբողջ աշխարհին, որ մենք կանք, պիտի մնանք ու պիտի ապրինք: Հայր սուրբը ըսաւ, որ դպրեվանքի սաները շարականի երգեցողութեան ճամբով աղօթք կը հոսեցնեն, ազգային երգերուն ճամբով ուժ կը հոսեցնեն եւ այդ հոսքը կու գայ իբրեւ ուժ եռացնելու հայու արիւնը մեր երակներուն մէջ, եւ այդ արիւնը տարբեր եռանգով եւ ուժգնութեամբ կը հոսի դէպի մեր սիրտը, որ կը բաբախէ իբրեւ մէկուկէս միլիոն նահատակ տուած հայու սիրտ եւ հայօրէն ապրելու տենչով:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով երգչախումբը ներկայացուց ազգային երգեր, ինչպէս` «Կովկասի քաջեր», «Գէորգ Չաւուշի յիշատակին», «Անդրանիկ», «Լուսին չկար», «Խուժան ասկեար», «Հիմի էլ լռենք», «Վաղուց թէեւ», «Գովք Եդեսիոյ»:
Յայտագիրի աւարտին ներկաները իրենց երկար ծափողջոյններով մեծապէս գնահատեցին երգչախումբին կատարումները:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն համերգով մենք ականատես եղանք, թէ դպրեվանքին մէջ երաժշտական մարզին մէջ ի՛նչ տեսակի աշխատանք կը տարուի, եւ դպրեվանքի սաները ինչպէ՛ս կը պատրաստուին եկեղեցւոյ եւ ազգի ծառայութեան գործին: «Դարեր շարունակ մեր ժողովուրդը իր ապրումները արտայայտած է երաժշտութեան ճամբով. իր յաղթանակները նշած, իր անկումները պատմած, իր վերապրումի յոյսը արտայայտած` երաժշտութեան ճամբով», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ սոյն ձեռնարկը կը միտի Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով իր ձայնը միացնել մեր ժողովուրդի ձայնին եւ իր պահանջատիրական զգացումները արտայայտել, որպէսզի ժողովուրդը անդրադառնայ, որ մենք` իբրեւ եկեղեցի եւ ազգ, կ՛ընթանանք միեւնոյն գիտակցութեամբ եւ պահանջներով` հաւատարիմ գտնուելով հայոց պատմութենէն մեզի փոխանցուած կտակին: Ան բարձրօրէն գնահատեց երգչախումբի ղեկավար Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանը, որուն աշխատանքին շնորհիւ երգչախումբը ձեւաւորուեցաւ եւ կայուն նկարագիր ստացաւ: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ յայտնեց, որ երգչախումբը վերջերս ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պոլսոյ մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց երգչախումբին` յոյս յայտնելով, որ Ազգային վարժարաններուն հետ դպրեվանքի գործակցութիւնը առաւել եւս ընդարձակուի:
Ձեռնարկին ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի երկրորդական բաժինի աշակերտներէն Քարոլին Կարապետեան, որ արտասանեց Գառնիկ Աթթարեանի «Ապրիմ մեռնիմ» քերթուածը, Իզապէլ Տիարպի` Սիամանթոյի «Խեղդամահ»-ը, Դրօ Միրզայեան` Շահանդուխտի «Երրորդ աշխարհ»-ը եւ Նայիրի Թերզեան` Ժագ Ս. Յակոբեանի «Զատ ու ազատ»-ը: