Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«21-րդ Դարու Չգերազանցուող Հանճար»-ին` Զարեհ Խրախունիի Ներկայացում

Ապրիլ 27, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khrakhouni_42616

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երեքշաբթի, 26 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ Զարեհ Խրախունիի նուիրուած յուշ երեկոն, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի սրահին մէջ:

Srabionian_42616Հակիրճ ներկայացումէ մը ետք, խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ եւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան: Ան իր խօսքին սկսաւ ըսելով, թէ բազմաթիւ գրողներ իրենց տեղը չեն գտներ գրականութեան աշխարհին մէջ, սակայն Խրախունիի պարագան տարբեր էր, որովհետեւ ան իրեն ժամանակակից գրողներուն միջեւ ծանրակշիռ դէմք մըն էր:

Տրուած ըլլալով, որ Խրախունի պոլսահայ գրող եւ գրաքննադատ է, եւ անոր գործերը տեւաբար ենթակայ եղած են թրքական գրաքննադատութեան, Սրապիոնեան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս Խրախունի կրնար իր ազգին  վերաբերող հարցեր արծարծել, մինչ ուրիշներ անկարող էին նոյնպիսի քննադատական բացայայտումներ կատարելու: Ան բացատրեց, թէ Խրախունիի «քաղաքացիական ջիղը», լեզուական մասնագիտութիւնը եւ վերջապէս հանճարը թոյլ տուին, որ ինք իր գրականութեամբ ազատօրէն արտայայտուի: Այլ խօսքով, Խրախունիի արուեստը առիթ չտուաւ թրքական գրաքննադատութեան հալածանքին: Սրապիոնեան հաստատեց. «Խրախունին ընթերցողը կամ գրաքննադատը չի կրնար հակադրուիլ գրողին, որովհետեւ անոր գրութիւնները կրնան հասկցուիլ ինչպէս որ ընթերցողը կամ գրաքննադատը կ՛ուզէ»: Ան աւելցուց, որ Խրախունի այն գրողն է, որ իր միտքերը ընթերցողին չի պարտադրեր, եւ անոր մտածողութիւնը եւ երեւակայութիւնը չեն կաշկանդեր. «Եթէ Խրախունիի բանաստեղծութիւններէն մէկը թարգմանէք ֆրանսերէնի կամ գերմաներէնի, ֆրանսացի ընթերցողը կը կարծէ, թէ գրողը ֆրանսացի է, իսկ գերմանացի ընթերցողը` գերմանացի»: Սրապիոնեան այս օրինակը մանրամասնեց ըսելով, թէ Խրախունիի բանաստեղծութիւնները նախ իրենց ձեւին մէջ շատ ազատ են. տողը շատ յաճախ գլխագիրով չի սկսիր, կէտադրութիւն չկայ, տողերուն «կոտրուածք»-ը առիթ կ՛ընծայէ զանազան ընթերցումներու, հետեւաբար` զանազան մեկնաբանութիւններու: Յանգի եւ չափի բացակայութեան պատկերը չի փլիր. ըստ Սրապիոնեանի, գաղտնիքը իւրաքանչիւր բառ իր ճիշդ տեղը դնելն է եւ սովորական բառերու նոր ու տարբեր իմաստներ տալը: Այսպէս, բառը կը վերածուի խորհրդանիշի եւ առիթ կ՛ընծայէ մեկնաբանին բառին ամէնէն նուրբ երանգները տեսնելու եւ անոր ամէնէն ծածուկ անկիւնները ուսումնասիրելու: Սրապիոնեան շեշտեց, թէ խօսքը անհասկնալի եւ իրականութենէն հեռու խորհրդանիշներու մասին չէ, ինչպէս Վերլենի, Ռեմպոյի կապ Պոտլերի բանաստեղծութիւններուն մէջ…

Ինչ կը վերաբերի բովանդակութեան, Սրապիոնեան հաստատեց, որ հակառակ անոր որ Խրախունի որդեգրած է արդիական ձեւն ու ոճը եւ արծարծած է ժամանակակից նիւթեր, սակայն ան սերտօրէն կապուած կը մնայ իր նախնիներուն խորհուրդին: Սրապիոնեան նկատել տուաւ, որ եթէ գրող մը իրեն նախորդողին վերնագիրով եւ նիւթով գրութիւն մը կը վերամշակէ, ասիկա կը նշանակէ, թէ գրողը իրեն նախորդողին գրածով բաւարարուած չէ, թէ հարցը տակաւին քննելի է, նիւթը` վիճելի: Այս իմաստով, Սրապիոնեան թուեց Խրախունիէն հինգ բանաստեղծութիւններ. «Քար Հայաստանի», «Տառ Հայաստանի», «Վէրք Հայաստանի» եւ «Երգ Հայաստանի»: Ան դիտել տուաւ, թէ այս վերնագիրներէն միայն արդէն հասկնալի է, թէ գրողը Հայաստանի յաւերժութիւնը կ՛երգէ: Հոն, ուր Խաչատուր Աբովեանը տակաւին կ՛ողբայ, Սիամանթոն ընդվզում կը քարոզէ, Խրախունին նոր գտնուած ճամբան ցոյց կու տայ: Ըստ Սրապիոնեանի, փիլիսոփայութիւնը ներկայ էր Խրախունիէն առաջ, սակայն այս վերջինը ընդհատուած կը թուէր, տեսանելի չէր, չէր պատասխաներ ժամանակաշրջանի պահանջին: Հետեւաբար այս փիլիսոփայութեան զարգացման ամբողջ բեռը դրուած էր Խրախունիի ուսերուն վրայ:

Սրապիոնեան անդրադարձաւ նաեւ արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութիւններու հակադրումի խնդիրին: Ան հաստատեց, որ Զարեհ Խրախունիի գրականութիւնը համահայկական է եւ կը քանդէ այն պատնէշը, որ հաստատուած է այս երկու գրականութիւններուն միջեւ: Փաստօրէն արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութիւնները կարելի չէ իրարու հակադրել, որովհետեւ անոնք երկու տարբեր աշխարհներ են: Իսկ Խրախունին գտած է այս երկու գրականութիւններուն միջեւ գոյացող հանդիպման կէտը եւ հասկցած իր ժամանակի գրական պահանջը:

Սրապիոնեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ հանճարեղ արուեստագէտին արժեւորումը կ՛ուշանայ եւ թէ օր մը պիտի անդրադառնանք, որ «21-րդ դարու չգերազանցուող հանճար»-ը մեզի ժամանակակից եղած է: Վերջապէս, Սրապիոնեան կարդաց Խրախունիի «Երթ» գրութիւնը, որմէ ետք առիթը տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներ ուղղելու դասախօսին:

 

 

Նախորդը

«Պատկեր» Մշակութային Կեդրոն. Արուեստագէտներ Իրենց Ակնոցներով Ստեղծեցին Հայկական Վերապրումը Խորհրդանշող Կենաց Ծառերը

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարան. «Իմ Ընտանիքիս Պատմութիւնը» Գիրքի Շնորհահանդէս` Հայկազեանի «Մուկար» Պարտէզին Մէջ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?