Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Կառուցման 60-Ամեակին Առիթով. Խումբ Մը Արուեստագէտներու Կատարողութեամբ Հոգեւոր Համերգ

Մայիս 4, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ շաբաթ, 30 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ, կատարողութեամբ` խումբ մը արուեստագէտներու, ղեկավարութեամբ` եկեղեցւոյ դպրապետ Գէորգ Պէպէճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ` Սեպուհ Յովակիմեանի: Ձեռնարկը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ:

S-Hagop1_43016

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան: Ան նկատել տուաւ, որ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներէն մաս մը 1923-էն սկսեալ կայք հաստատած են Էշրեֆիէի մէջ: «Վաւերագրական տուեալները կը վկայեն, որ նահատակուած սերունդի մը որբերէն ոմանք այս հողատարածքին վրայ` իրենց սիրտերուն մէջ սրբազան վրէժը, հայու ազգային հաւատքի եւ ոգիի կրակը, ոչինչէն ստեղծեցին ազգային եռուն կեանք մը այստեղ` կառուցելով եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, որոնց մէջ հասակ առին, թրծուեցան հայու անխորտակելի կամքով, պահանջատիրութեան ոգիով սերունդներ», շեշտեց Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան` աւելցնելով, որ այդ որբացած սերունդը յաղթահարելով զանազան դժուարութիւններ կառուցեց այս սրբազան եկեղեցին` մեր աւերուած եւ Ս. Յակոբի անունով օծուած բազում եկեղեցիներուն փոխարէն: «Այս եկեղեցին յուշարձան մըն է` կառուցուած ի յիշատակ մեր աւերուած Ս. Յակոբ եկեղեցիներուն, մեր նահատակուած Յակոբներուն», հաստատեց քահանայ հայրը` կոչ ուղղելով զայն պահելու անաղարտ, ճոխացնելու` աղօթելով եւ խնկելով: Շարունակելով իր խօսքը` Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան ըսաւ, որ որոշած են եկեղեցւոյ կառուցման 60-ամեակի տօնակատարութիւնները, որոնք սկսած էին 2015 հոկտեմբերին` շարունակել մինչեւ 2016 հոկտեմբեր` քաջ գիտնալով, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին շատ բան պիտի յուշէ եւ յիշեցնէ կատարուած եւ կատարուելիք ձեռնարկներով: Քահանայ հայրը սոյն հոգեւոր եւ սրբազան համերգը ձօնեց` ա) այն սերունդներու յիշատակին, որոնք կառուցեցին այս եկեղեցին ի յիշատակ որբացած ու տառապած սերունդներու անմեղ հոգիներուն, բ) մեր սրբադասուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, գ) մերօրեայ հայրենի սրբազան հողերու պաշտպանութեան համար իրենց արիւնը թափած ու իրենց արիւնով մեր սրբազան հողերուն սահմաններուն վրայ կարմիր կնիք դրոշմած մեր հերոսածին ազատամարտիկներուն: «Այսօր ուխտի օր է: Ուխտը վերանորոգելու օր է` շարունակելու մեր եկեղեցւոյ ազգային, հոգեւոր առաքելութիւնն ու երթը», եզրափակեց Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան:

S-Hagop2_43016

Այնուհետեւ կամաւոր եւ անձնուէր խումբ մը արուեստագէտներ` Անի Մաջուլեան, Անայիս Կէտիկեան, Սօսի Եագուպեան, Արմիկ Քէրքէզեան, Յովիկ Քէօշկերեան, Մանուկ Մինասեան, Անդօ-Հրատ Պէպէճեան, Շուշան Սարգիսեան, Մատլեն Ինճէեան, Դալար Պէպէճեան, Կարօ Աղազարեան, Ճորճ Շահինեան, ամիսներ շարունակ Գէորգ Պէպէճեանի նախանձախնդիր եւ բծախնդիր հսկողութեան տակ փորձեր կատարելէ ետք մեկնաբանեցին հոգեւոր երգերու փունջ մը` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գայեանէ Ներսէսեան` երգ, Լոռի Եափուճեան` նուագ (քլարինեթ), իսկ «Գանձասար» երգով ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Պէպէճեան:

S-Hagop3_43016

«Հայ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ հայ երաժշտութիւնը քաղցր եւ հարազատ կը հնչէ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` իր ելոյթին մէջ կոչ ուղղելով եկեղեցւոյ ծխայիններուն առիթներ ստեղծելով հաւաքուելու եկեղեցւոյ երդիքին տակ` լիովին ապրելու իրենց համայնական կեանքը: Խօսելով խմբավար Գէորգ Պէպէճեանի մասին` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ զինք ճանչցած է 1978 թուականէն ի վեր` հաստատելով, որ ան վարպետօրէն կ՛երգէ, երաժշտութիւնը պատահականօրէն չ՛ընկալեր, այլ զայն հասցուցած է խորացումի եւ կատարելութեան: Առաջնորդ սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց անոր տարած աշխատանքը` մաղթելով, որ ան հայ եկեղեցւոյ եւ հայ երաժշտութեան ասպարէզէն մէջ իրականացնէ իր ունեցած բոլոր ապրումները: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը մաս կը կազմէ մեր ազգային երաժշտութեան, որով մենք հպարտացած ենք եւ անոր ընդմէջէն կեանք քաղած ենք, պայքարած ենք, ներշնչուած ենք եւ անոր շնորհիւ կեանքին փարած ենք այնպիսի պահերուն, երբ մեր շուրջ մահ կը տիրէր, եւ կը շարունակենք զայն բեմ բարձրացնել յուշելով մեր ժողովուրդին անցեալէն մեզի ժառանգ մնացած այս հոգեւոր աւանդը: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը գնահատեց արուեստագէտներուն կատարումները` ըսելով. «Մենք պէտք է կատարելագործենք մեր ունեցած կարողութիւնները եւ հրամցնենք յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի մեր ժողովուրդի ունեցած երաժշտական հոգեւոր եւ ազգային արժէքները չմեռնին, ապրին եւ ապրեցնեն իրենց հետ բազում սերունդներ» եւ պահպանիչով աւարտեց իր խօսքը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

 

 

Նախորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքին Արժանացած Այս Տարուան Աշակերտներուն Գրութիւնները

Յաջորդը

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ-2016

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?