Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենան Շարունակեց Գործել Նոյն Թափով` Հայորդիներուն Քուէարկութեան Հոլովոյթը Դիւրացնելու Ի Խնդիր

Մայիս 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ի ակումբները երէկ` 15 մայիսին եւս վերածուած էին մեղուի փեթակներու, ուր հասնող ոեւէ հայ քուէարկող ամբողջական տեղեկութիւն եւ ուղղութիւն ստանալով կ՛ուղղուէր համապատասխան քուէատուփ` իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու: «Ազդակ»-ի թղթակիցները այս կիրակի եւս  այցելեցին ՀՅԴ-ի ակումբները` յատկապէս լիբանանեան այն շրջաններուն մէջ, ուր ընտրութիւններ տեղի ունեցան, հետեւեցան տարուած աշխատանքներուն եւ զրուցեցին պատասխանատուներու եւ կամաւորներու հետ: Նաեւ զրոյցներ տեղի ունեցան տարբեր շրջաններու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամ եւ թաղապետական այն թեկնածուներուն հետ, որոնք առաջադրուած են ՀՅԴ-ի կողմէ, եւ որոնց կարելի եղաւ հանդիպիլ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցներուն հիմնականները:

Joseph-Bezjian_51516

«Մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, որոնք նաեւ բնակութիւն հաստատած են մայրաքաղաքէն հեռաւոր Ժիպէյլի շրջանին մէջ, ունինք շուրջ 120-130 ընտանիք, որոնք բոլորն ալ հոս չեն քուէարկեր, իսկ Ժիպէյլի ընտրողներուն մէկ կարեւոր տոկոսը կը բնակի շրջանէն դուրս: Այսօր մենք` իբրեւ հայեր, կը զօրակցինք Զիատ Հաուաթի ցանկին, որ ձայներու քիչ տոկոս չունի, սակայն մենք կը պայքարինք հայ ընտրողներուն թիւը առաւելագոյնի հասցնելու, որպէսզի փաստենք մեր միակամութիւնը, նաեւ հաստատենք, որ ձայն ունինք: Ասիկա մեծապէս պիտի ծառայէ ապագայի ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարբեր գործունէութիւններու: Մենք հետամուտ ենք Ժիպէյլի մէջ լաւ եւ տիրական պատկերով ներկայանալու:

Ընդհանրապէս քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ հայ անդամներու ներկայութիւնը կարեւոր է, նոյնն է պարագան Ժիպէյլին, ուր կան հայկական կառոյցներ, հայ ընտանիքներ, որոնց հարցերուն լուծման եւ հայութեան ձայնը հասանելի դարձնելու առումով կարեւոր է հայ ներկայացուցիչի գոյութիւնը: 12 տարիէ ի վեր մենք Ժիպէյլի մէջ հայ անդամ չունէինք քաղաքապետական խորհուրդին մէջ. յոյսով ենք, որ այս տարի կարելի կ՛ըլլայ յաջողիլ:

Կամաւոր տղոց աշխատանքը մեծապէս տպաւորիչ է: Առաւօտեան ժամը 6:00-էն ամենայն կարգապահութեամբ, ամբողջ սրտով ու հոգիով կ՛աշխատին անոնք. պէտք է շեշտել, որ վճարովի աշխատողներէն աւելի մեծ ջանք կը թափեն մեր տղաքը, որպէսզի Դաշնակցութեան զօրակցած ցանկերը յաջողին, հայ թեկնածուները ընտրուին: Բոլոր կամաւորներուն վարձքը կատար, ընտրութեան հոլովոյթին յաջողութիւնը իսկապէս անոնց կը պարտինք: Պէտք է անպայման խօսինք նաեւ մեր քուէարկողներուն մասին. այսօր լիբանանեան մակարդակի վրայ վճարովի քուէ տալը տարածուած երեւոյթ դարձաւ, սակայն որքան տպաւորիչ է տեսնել, թէ յատկապէս մեծ տարիքով անհատներ, որոնք նոյնիսկ քալելու դժուարութիւն ունին, հեռաւոր շրջաններէ, մինչեւ իսկ Այնճարէն կու գան ձրիաբար քուէարկելու, որովհետեւ իրենք հայ են, հայու արիւն ունին եւ եկած են զօրակցելու հայ թեկնածուին: Չեմ գիտեր, թէ նման անձերը ինչպէ՛ս կարելի է վարձատրել, հաւանաբար անկարելի է: Այս երէցները պէտք է ուսանելի օրինակ ըլլան բոլորին, մանաւանդ անոնց, որոնք տարբեր ակնկալութիւններ ունին իրենց քուէին փոխարէն»:

ԺՈԶԵՖ ՊԵԶՃԵԱՆ
Ժիպէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի
թեկնածու

 

«Ընտրական հոլովոյթին պէտք է մասնակցի ամէն հայ քաղաքացի, որովհետեւ ընտրութիւնները կը մարմնաւորեն մեր ձայնը, մեր իրաւունքները: Հայ զանգուածը պէտք է ընտրութեան իրաւունքին հանդէպ մնայ հաւատարիմ եւ ըլլայ արդար: Զօրակցի Դաշնակցութեան, որ հայութեան իրաւունքներու լաւագոյն պաշտպանը հանդիսացած է ու կը շարունակէ հանդիսանալ»:

ՅԱՐՈՒԹ ՏՕՆԻԿԵԱՆ
Պաուշրիէ-Մար Մարուն դպրոց

 

Baghdasar-Demirjian_51516

«Թաղապետութիւնը այն օղակն է, որ ժողովուրդը կը կապէ պետութեան: Ժողովուրդը պետական շրջանակներուն հետ իր գործերը յաջողցնելու համար նախ եւ առաջ կ՛ուղղուի թաղապետին: Այս պատճառով ալ հայ զանգուածին մասնակցութիւնը ընտրութեան շատ կենսական է: Հայկական ձայնը ամուր եւ հաստատուն պահելու համար պէտք է առանց զլանալու մասնակցինք քուէարկութեան: Քուէն ուժ է: Քաղաքական հաշիւները կ՛ըլլան քուէի հաշուարկով:

Պաուշրիէի շրջանին մէջ 17 թաղապետներ կը պայքարին 5 աթոռի համար: Այստեղի առաջին հայ թաղապետը ես եղած եմ 2004-էն ի վեր. այս տարի 3-րդ շրջանս կը յուսամ թեւակոխել: Ինչ կը վերաբերի կամաւոր աշխատանք տանող երիտասարդներուն, վստահուած անձերուն, ԼԵՄ-ականներուն եւ պատանիներուն, լիբանանեան բոլոր զանգուածները այսօր կը վկայեն ու բարձր կը գնահատեն հայութեան ընտրամեքենան, որ հիմնուած է միայն կամաւոր աշխատանքի խոր գիտակցութեան եւ զոհողութեան վրայ:

Այլ գնահատելի երեւոյթ է համակիրներու անվերապահ զօրակցութիւնը մեզի` Դաշնակցութեան, որ ինքնին զօրութիւն է: Մենք քաջ գիտենք, որ Դաշնակցութեան ուժը իր համակիրներուն մէջ եղած է միշտ: Անձամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր համակիրներուն եւ կամաւոր աշխատանք տանող երիտասարդներուն»:

ՊԱՂՏԱՍԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Պաուշրիէի թաղապետի թեկնածու

 

«Մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ շատ կարեւոր է ամրապնդել ընտրական իրաւունքի նշանակութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: Հետեւաբար ընտրութիւնները կարեւոր են լիբանանահայերուն համար` իբրեւ քաղաքացիներ: Առտուան կանուխ ժամերէն ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի ակումբը այսօր խայտաց իր պատասխանատուներով, երիտասարդներով ու պատանիներով, որոնք իրենց բաժին պարտականութիւնը կատարեցին եւ ներդրում ունեցան գործի հեզասահ ընթացքին մէջ: Այս երեւոյթը յոյժ քաջալերելի է: Կը հաւատանք, որ Դաշնակցութեան ոգին կամաւոր աշխատանքին մէջ կը կայանայ»:

ԳԷՈՐԳ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Ժունիէի ակումբ

 

«Ընտրական աշխատանքներու յաջող եւ հեզասահ ընթացքին համար մեր շրջանի երիտասարդները ամիսէ մը ի վեր գործի լծուեցան, կազմակերպեցին  եւ ծրագրեցին, որպէսզի բնականոն ընթանայ ընտրական գործը: Ընտրական իրաւունքը մարդ անհատի քաղաքական իրաւունքներէն մէկն է: Մենք` հայ ազգի զաւակներս, իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ, պարտաւոր ենք մասնակցիլ եւ մեր ձայները հասցնել պետական շրջանակներուն, որպէսզի կարենանք մեր իրաւունքները, պահանջները ներկայացնել պետութեան: Կը քաջալերենք նաեւ նոր սերունդը ծառայելու եւ աշխատելու պատրաստակամութեան համար: Անոնք լաւագոյն ձեւով արդարացուցին իրենք զիրենք` իրենց ուսերուն դրուած պարտականութիւնը կատարելով»:

ԼՈՒՍԻՆ ՊԵԶՃԵԱՆ
ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչական (Ժիպէյլ)

 

«Մեծապէս կարեւոր կը նկատեմ ընտրական այս հոլովոյթին մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը: Ամէն հայ քաղաքացի` Լիբանանի մէջ կամ այլուր, պէտք է գիտակցի ձայնի կարեւորութեան մասին: Կրնամ վկայել, որ մեր շրջանի հայութեան բոլոր խաւերը` առանց սեռի ու տարիքի խտրութեան, ինքնակամ ու բարձր տրամադրութեամբ մասնակցեցան ընտրական աշխատանքնրուն: Հայ թեկնածուին միջոցով մենք կրնանք ապահովել մեր ընտանիքներու համերաշխ ու հանգիստ կեանքը»:

ԴԱԼԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչական (Ժիպէյլ)

 

«Քաղաքապետական ընտրութիւնները առհասարակ կարեւոր են ոեւէ երկրի քաղաքացիներուն համար, որովհետեւ իրենց պետական կարիքները եւ քաղաքացիական իրաւունքները ձեռք ձգելու համար նախ եւ առաջ պիտի դիմեն քաղաքապետարան: Այս բացարձակ ճշմարտութենէն ելլելով, իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ եւ հայ ազգայիններ պարտաւոր ենք մասնակցիլ ընտրութեան, հաւաքել ու բարձրացնել մեր ձայները, իբրեւ համայնք տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն: Ժիպէյլի պարագային մեծապէս կարեւոր կը նկատենք մեր մեծամասնական ձայներու ներկայութիւնը այստեղ, մանաւանդ որ այս շրջանը, իբրեւ զբօսաշրջութեան վայր, անցնող քանի մը տարիներուն ականատես կը դառնայ զարգացման ու բարգաւաճման»:

ՅԱԿՈԲ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ժունիէ

 

«Ես ալ իմ կարգիս, հաւատարիմ եւ գիտակից ԼԵՄ-ական, առտուընէ ընտրական աշխատանքներուն կը մասնակցիմ երէց ընկերներու կողքին: Լաւապէս կ՛ըմբռնեմ ամէն լիբանանահայ քաղաքացիի ընտրութեան մասնակցելու եւ քուէ տալու կարեւորութիւնը: Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները 6 տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենան եւ մեզի` հայերուս, կ՛ընձեռեն լաւագոյն առիթ մեր ձայնը բարձրացնելու եւ իրաւունքներուն տէր դառնալու: Կը հաւատամ, որ մեր թեկնածուներուն միջոցով կրնանք բարօր կեանք մը ապահովել հայ ընտանիքներուն եւ նաեւ բոլոր քաղաքացիներուն»:

ՍԵՐԺ ՉԵՐՔԵԶԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզ

 

Արդէն երկու ամիսէ ի վեր «Է. Ակնունի» կոմիտէութիւնը կը պատրաստուի Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն: Անցեալ շաբաթ, Պէյրութի ընտրութիւններուն աւարտէն ետք, մենք մեր աշխատանքները կեդրոնացուցինք Մեթնի ընտրութիւններուն վրայ: Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբէն գրեթէ բոլոր շրջանները, ուր այսօր ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան, մենք քաղաքացիներ կ՛ուղարկենք, որպէսզի անոնք կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը: Ըսեմ նաեւ, որ աշխատանքները առտուան կանուխ ժամերէն սկսած են եւ հեզասահ ձեւով կ՛ընթանան:

Անշուշտ ընտրութիւններուն մասնակցիլը իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն է եւ պարտականութիւնը, որպէսզի հետագային ան կարենայ իր պահանջները ներկայացնել նորընտիր ներկայացուցիչներուն»:

ԱՐԾԻՒ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
«Է. Ակնունի» կոմիտէ

 

«Առտուան կանուխ ժամերէն մեր ընկերները կը գտնուին քուէարկութեան բոլոր կեդրոններուն մէջ, ուր հայորդիները պիտի երթան քուէարկելու: Ժամը 10:00-ն է, եւ արդէն շուրջ 80 հայորդիներ եկած են քուէարկութեան կեդրոնի վերածուած Ամարաթ Շալհուպի ոստիկանատունը` կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը: Ըսեմ նաեւ, որ մենք` հայերս, առայժմ ամէնէն աշխուժն ենք: Հայորդիները ընդառաջեցին կուսակցութեան կոչին»:

ՕՔՍԷՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամարաթ Շալհուպ քուէարկութեան կեդրոն

 

«Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերէն աշխատանքները սկսած են: Ամէն ինչ հեզասահ ձեւով կ՛ընթանայ, եւ մենք խնդիրներ չենք դիմագրաւեր: Մեթնի ընտրութիւններուն առաւելութիւնը այն է, որ, ի տարբերութիւն Պէյրութին, հոս քաղաքացիները կ՛ընտրեն իրենց շրջաններու մէջ: Հետեւաբար, քուէարկութեան գործընթացը աւելի արագ կ՛ըլլայ, եւ մասնակցողներու թիւը աւելի բարձր»:

ԽԱԺԱԿ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Գ. Նժդեհ կոմիտէութիւն

 

«Ժամը 7:00-էն մեր տղաքը կը գտնուին Զալքայի պետական միջնակարգ դպրոցին մէջ, ուր մենք` հայերս քուէարկութեան սնտուկ ունինք: Ամէն բան հեզասահ ձեւով կ՛ընթանայ: Նոյնիսկ օտարները հիացած են մեր կազմակերպուած աշխատանքով: Առտուան ժամերուն մասնակցութեան թիւը տակաւին շատ մեծ չէ, բայց գիտենք, որ կէսօրէ ետք ընդառաջողներուն թիւը կը բարձրանայ»:

ԱՆԴՕ ՏԻՇՈՅԵԱՆ
Զալքայի պետական դպրոցը

 

«Ինչպէս կը տեսնէք, Պսալիմի քաղաքապետարանին մօտ բաւական խճողուած է: Մեծ թիւով քաղաքացիներ կը մասնակցին ընտրութիւններուն: Դաշնակցական տղաքը գետնի վրայ են, եւ աշխատանքը հեզասահ կ՛ընթանայ: Տրուած ըլլալով, որ կիրակի է, մենք գիտենք, որ հայ քաղաքացիները օրուան երկրորդ կէսին կ՛ընդառաջեն քուէարկութեան կոչերուն»:

ՍԱԳՕ ԳՐԱՃԵԱՆ
Պսալիմի քաղաքապետարան

 

levon-Der-sarkisian_51516

«Նախ ըսեմ, որ ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան լաւագոյն օրինակն են, հետեւաբար անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը կարեւոր եւ քաջալերելի է: Թէեւ աշխատանքները հեզասահ կ՛ընթանան, բայց տրուած ըլլալով, որ մասնակցողներուն թիւը մեծ է, իսկ ընտրակեդրոնը պզտիկ, գործընթացը դանդաղ է: Բայց, հակառակ ամէն բանի, մեր ժողովուրդը համբերատար է եւ կը դիմանայ ամէն տեսակի դժուարութեան:

Ընտրական դաշինքներուն առնչութեամբ ըսեմ, որ բոլոր կուսակցութիւններն ալ ներառուած են 2 մրցակից ցանկերուն մէջ: Սակայն մեզի մրցակից ցանկին մէջ հայ թեկնածու չկայ, մինչդեռ մենք` հայերս, Պսալիմ-Մըզհերի բնակչութեան շուրջ 20 տոկոսը կը ներկայացնենք, ուստի իրաւունք ունինք ներկայացուած ըլլալու քաղաքապետական խորհուրդին մէջ եւ հաւասարապէս օգտուելու քաղաքապետարանին մատուցած ծառայութիւններէն:

Դաշնակցութեան զօրակցած ցանկը, որուն մէջ ես ալ թեկնածու եմ, բաղկացած է այնպիսի թեկնածուներէ, որոնք լաւ կապեր ունին հայութեան հետ եւ կը գործակցին մեր ակումբին հետ:

Յոյսով եմ, որ արդիւնքները ի նպաստ հայութեան կ՛ըլլան»:

ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Պսալիմ-Մըզհերի փոխ քաղաքապետի թեկնածու

 

«Առտուան կանուխ ժամերէն Նաքքաշի «Հրայր Մարուխեան» ակումբին մէջ եռուզերը սկսած է. նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին արդէն 2 ամիսէ ի վեր: Անոր համար ալ կարելի եղածին չափ դիւրացուցած ենք քուէարկութեան գործընթացը ժողովուրդին համար` յարմարելով անոնց:

Դաշնակցութիւնը երբեք բեռ չէ եղած իր ժողովուրդին, ընդհակառակը միշտ անոր տէրը կանգնած է եւ պիտի շարունակէ այդպէս: Ա՛յս է սկզբունքը դաշնակցութեան` ծառայել իր ժողովուրդին:

Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններուն, կ՛ուզեմ շեշտել, որ ժողովրդավարութեան լաւագոյն դրսեւորումն են, եւ գնահատելի է ժողովուրդին մասնակցութիւնը: Կ՛ուզեմ նաեւ ըսել, որ անցեալ շաբթուան հետ բաղդատած հայորդիներու մասնակցութեան թիւը աւելի բարձր է, որովհետեւ ժողովուրդը ըմբռնած է այս ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը:

Կը մաղթենք, որ մեր թեկնածուները յաջողին:

ՎԻԳԷՆ ՎԱՐԱԳԵԱՆ
«Հրայր Մարուխեան» ակումբ

 

«Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն կը գտնուինք ակումբին մէջ: Բոլորը կազմ ու պատրաստ ստանձնած են իրենց աշխատանքներն ու պարտականութիւնները: Նախապէս կատարուած աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է այսօրուան մեր աշխատանքը կազմակերպուած ձեւով տանիլ:

Բոլոր քաղաքացիները, որոնք ակումբին կողմէ կ՛ուղղուին քուէարկութեան, ո՛չ միայն մեր կոչին կ՛ընդառաջեն, այլ նաեւ ինքնակամ կը ներկայանան եւ իրենք քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու գիտակցութեամբ կը մասնակցին քուէարկութեան: Մեր աշխատանքին ընթացքին ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցանք:

Ամէն ինչ հեզասահ ընթացաւ»:

ՍԱԳՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
«Աղբալեան» կոմիտէ

 

Առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ կը գտնուինք «Սարհալ» հիւանդանոցին թաղին մէջ գտնուող ՀՅԴ ընտրական այս կեդրոնին մէջ: Մեր աշխատանքը բաւական հեզասահ կ՛ընթանայ, թեքնիք առումով ոչ մէկ հարց դիմագրաւած ենք:

Ամիսներու մեր աշխատանքին իբրեւ արդիւնք կրցած ենք մեր ցանկերուն վրայ գտնուող բոլոր քաղաքացիները քուէարկութեան իրենց կեդրոնները ուղարկել մինչեւ կէսօր: Պէտք է ըսել, որ անցեալ շաբթուան` Պէյրութի ընտրութիւններէն ետք քաղաքացիներուն կողմէ ընդառաջումը աւելի աշխուժացաւ եւ զարմանալիօրէն մեծ թիւով լիբանանահայեր ինքնակամ ներկայացան եւ ուղղուեցան կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը»:

ՄԱՐԱԼ ՄԽՃԵԱՆ
Ռապիէի ՀՅԴ ընտրական կեդրոն

 

 

Նախորդը

Հաւատալով, Որ ՀՅԴ-ն Տէրն Ու Պահապանն Է Լիբանանահայութեան Իրաւունքներուն, Լիբանանահայերը Շարունակեցին Քուէարկել ՀՅԴ-ի Թեկնածուներուն

Յաջորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան Կը Հաստատէ, Որ Վայքի Զօրամասի Զինուորը Մահացած Է

RelatedPosts

Կարէն ու Ժագլին Մակինեաններ Պարգեւատրուեցան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշաններով
Գաղութային

Կարէն ու Ժագլին Մակինեաններ Պարգեւատրուեցան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշաններով

Յունիս 12, 2025
Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ
Գաղութային

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Յունիս 12, 2025
«Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպութեամբ.  «Ճիշդ Հնչենք» Աշակերտական Մրցում-Յայտագիրը Ունեցաւ 2025-ի Իր Երեք Նոր Մրցանակակիրները
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպութեամբ. «Ճիշդ Հնչենք» Աշակերտական Մրցում-Յայտագիրը Ունեցաւ 2025-ի Իր Երեք Նոր Մրցանակակիրները

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?