Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատուկ Աղօթքով Եւ Թափօրով Բացումը Կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց Կոյսերու Աղօթքի Շաբթուան

Մայիս 12, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hrip-1_51116

Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած սովորութեան համաձայն եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, 9 մայիսէն 23 մայիս թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենան Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւններ:

Առ այդ, երկուշաբթի, 9 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու աղօթքի շաբթուան բացումը, ուր կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք:

hrip-2_51116

Երեքշաբթի, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները փոխադրուին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Յիշեալ եկեղեցւոյ ծխական շրջանի սկիզբը թափօրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նոյն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ եւ ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն: Զոյգ օրերուն քարոզեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ անդրադարձաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու սրբութեան եւ անոնց նահատակութեան` իբրեւ հաւատքի արդիւնք, հաստատելով, որ անոնք նախընտրեցին հոգեւոր կեանքը աշխարհականէն, որուն իբրեւ արդիւնք ունեցան յաւիտենական սրբութիւն: Առաջնորդ սրբազանը կարեւոր նկատեց յիշեալ տօնը` հաստատելով սուրբերուն ունեցած քրիստոնէական հաւատքին դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան կոչ ուղղեց անոնց օրինակով ապրելու եւ գործելու:

Երէկ` չորեքշաբթի, 11 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյնպէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած արարողութիւն, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որ անդրադարձաւ հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան` քրիստոնէական հաւատքի տարածման մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայ օրերուն մեր ընկերային կամ ընտանեկան կեանքին մէջ, նաեւ կազմակերպութիւններուն մէջ կինը սկսած է տիրական ներկայութիւն ըլլալ ամէնուրեք` իր գործով եւ խօսքով: Քահանայ հայրը եկեղեցւոյ պատմութենէն եւ ազգային կեանքէն օրինակներ բերելով շեշտեց իգական սեռին մատուցած անսակարկ ծառայութիւնները ընտանիքին, ազգին եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ, նաեւ քրիստոնէական հաւատքի հաստատման, տարածման եւ կրօնական աւանդութիւններուն պահպանման մէջ անոր ունեցած կենսական դերակատարութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան նկատել տուաւ, որ ներկայ օրերուն հայ կինը պէտք է ունենայ անարատ կենցաղ ու պահանջատէր ըլլայ մեր պատմական իրաւունքներուն ու անժամանցելի դատին, որովհետեւ կարիքը կայ յանձնառու, մաքառող ու պայքարող հայ կնոջ` կենսագործելու իր դերակատարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի տարածման մէջ:

Յայտնենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին դարձեալ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատունը Հիւրընկալեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Կլոր Սեղան Մը

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Իրաքեան Եւ Սուրիական Արուեստի Իւրայատուկ Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?