Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատալով, Որ ՀՅԴ-ն Տէրն Ու Պահապանն Է Լիբանանահայութեան Իրաւունքներուն, Լիբանանահայերը Շարունակեցին Քուէարկել ՀՅԴ-ի Թեկնածուներուն

Մայիս 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատարիմ հայորդիները երէկ` կիրակի, 15 մայիսին եւս Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն փաստեցին, որ կողքին են Դաշնակցութեան, զօրակից ու նեցուկ անոր, պատրաստ են անսալու կուսակցութեան կոչին` այն վստահութեամբ, որ հաւաքական շահերու պաշտպանութեան լծուած է կուսակցութիւնը եւ պիտի շարունակէ այդպէս:

«Ազդակ»-ի թղթակիցները կարճ զրոյցներ ունեցան Լեռնալիբանանի տարբեր շրջաններու ընտրական կեդրոններուն մէջ քուէարկող լիբանանահայերուն հետ, որոնք ոչ միայն խօսեցան ընտրութիւններուն մասնակցութեան կարեւորութեան, քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարելու անհրաժեշտութեան, այլ նաեւ կամաւորներուն տարած անձնուէր աշխատանքին մասին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցներուն հիմնականները:

IMG_0379

«Ամէն անգամ, որ երիտասարդներու աշխուժ եւ կամաւոր աշխատանքը, անձնուէր ծառայութիւնը կը տեսնեմ, սիրտս հպարտութեամբ կը լեցուի, կը զգացուիմ, կարծէք աշխարհին տէրը կը դառնամ: Աստուած թող անփորձանք պահէ մեր ազգի երիտասարդ սերունդը: Մենք հպարտ ենք մեր ինքնութեամբ, հաւատարիմ ենք մեր մշակոյթին եւ կրօնին: Հայութիւնը իմ ու ընտանիքիս բոլոր անդամներուն երակներուն մէջ կ՛եռայ: Հակառակ ֆիզիքական ցաւերուս, յանձն առի գալ ու քուէարկել, որովհետեւ կը գիտակցիմ, որ քուէարկութիւնը մեր իրաւունքն է եւ միակ ուղին մեր ձայնի պահպանման»:

ԱՐՓԻՆԷ ՆԱԶԱՐԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
Ախթալ Սաղիր դպրոց-Պաուշրիէ

Իբրեւ լիբանանցիներ մեր քաղաքացիական պարտականութիւնն է քուէարկութեան մասնակից դառնալը, իսկ իբրեւ Լիբանանի մէջ ապրող հայեր պէտք է ունենանք մեր ըսելիքն ու ընելիքը, որպէսզի մեր թեկնածուները յաջողին եւ մեզ ներկայացնեն տեղական կառոյցներուն մէջ:

Պէտք է շեշտել, որ ինչպէս նախորդ շաբաթ, այս շաբաթ եւս մեր ակումբներուն մէջ աշխատանք կը տարուի կարելի եղածին չափ հայ քուէարկողներուն յարմար ու դիւրին պայմաններ ստեղծելու, ստուգելու ընտրական կեդրոնը, ճշդելու  նոյնիսկ սենեակին թիւը, փոխադրութիւնը ապահովելու, որպէսզի ամէն ինչ ըլլայ հեզասահ»:

ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ախթալ Սաղիր դպրոց-Պաուշրիէ

 

Arsen-Melkonian_51516

«Քուէարկութիւնը կարեւոր հոլովոյթ է. իբրեւ լիբանանահայութիւն` պէտք է մէկ ձեռք, մէկ ոգի ըլլանք եւ քուէարկենք ի շահ մեր կուսակցութեան` Դաշնակցութեան եւ հայութեան: Մենք պատրաստ ենք մեր կարելին ընելու մեր ազգի շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար: Մենք գիտակցելով կը քուէարկենք եւ կը յորդորենք, որ երիտասարդներն ալ թափով մասնակցին քաղաքացիական այս պարտականութեան»:

ԱՐՍԷՆ ՊԵՏՐՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Ախթալ Սաղիր դպրոց-Պաուշրիէ

 

Donabed_51516

«Մենք մեր անձերը ի սպաս կը դնենք հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ձեռքբերման համար: Առանց դժկամելու ամէն զոհողութիւն աչքի առաջ առնելով կը կատարենք մեզի վստահուած բոլոր պարտականութիւնները` իբրեւ հայ, եւ քաղաքացիական իրաւունքը` իբրեւ լիբանանցի»:

ՏՕՆԱՊԵՏ ՃԱՊԱՂՋՈՒՐԵԱՆ
Ախթալ Սաղիր դպրոց-Պաուշրիէ

 

«Իւրաքանչիւր ընտրութեան ես կը բերեմ իմ մասնակցութիւնս: Դաշնակցութեան որոշումին նկատմամբ վստահութիւն ունիմ, հետեւաբար պիտի քուէարկեմ Դաշնակցութեան որոշած թեկնածուներուն: Յոյսով եմ, որ արդիւքները ի նպաստ մեզի կ՛ըլլան»:

ԳՕԳՕ ԹԱՀՄԵԶԵԱՆ

 

«Ընտրութիւններուն միշտ կը մասնակցիմ, նախ որովհետեւ իմ պարտականութիւնս է մասնակցիլ, ապա որովհետեւ ընդառաջ եմ Դաշնակցութեան կոչին` հայութեան մասնակցութիւնը ապահովելու համար ընտրական այս հոլովոյթին:

Ահա մենք եկած ենք մեր պարտականութիւնը կատարելու, կը մնայ, որ ընտրուած թեկնածուներն ալ իրենց պարտականութիւնները կատարեն եւ աշխատին շրջանի բարեկարգման համար»:

ՇԱՔԷ ՔԻԼԱՂՊԵԱՆ

 

«Մենք ընտանեօք եկած ենք քուէարկելու: Չորս հոգիով: Քաղաքացիական եւ կուսակցական պարտականութիւն է ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը: Մաղթանքս է, որ յաջողին մեր թեկնածուները»:

ՍԵՊՈՒՀ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենան Շարունակեց Գործել Նոյն Թափով` Հայորդիներուն Քուէարկութեան Հոլովոյթը Դիւրացնելու Ի Խնդիր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը
Գաղութային

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?