Չորեքշաբթի, 11 մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնին ընկերակցութեամբ, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, յաջողութիւն մաղթելով Լիբանանի մէջ անոր ապագայ գործունէութեան:
Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի սպասարկութիւններուն առնչուող զանազան նիւթեր:
Դեսպանը յաջողութիւն մաղթեց եւ բարձր գնահատեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական, ազգանուէր եւ բարեսիրական աշխատանքները:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ